Արխիւ
«Քինօ քոնկ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու արտադրակազմը վերջերս ներկայացուց այն գործերը, որոնք նկարահանուած էին ներկայ տարուան ընթացքին։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ցուցադրութիւնը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն մը։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գայթակղութիւն» կը նշանակէ՝ չար օրինակ ըլլալ, մեղքի առիթ տալ։ Ան կը նշանակէ նաեւ՝ խայտառակութիւն։
«Գայթակղութիւն» բառը Սուրբ Գիրքի մէջ գործածուած է ընդհանրապէս «չար օրինակ հանդիսանալ» եւ «ուրիշի մը մեղք գործելուն առիթ ընծայել» իմաստներով։
Միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքը այս տարի պիտի սկսի յառաջիկայ Երկուշաբթի։ 19-րդ անգամ կը կազմակերպուի հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը, որուն այս տարի մասնակցութիւն կը բերէ տասներկու միութիւն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շրջանին շփումներ պիտի ունենան Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան առաջին անգամ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Մոսկուայի մէջ՝ հիւրընկալուելով «Ռեկնում» գործակալութեան կեդրոնէն ներս:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբեր Դաւիթ Պապայեան նախընթաց օր անդրադարձաւ զուիցերահպատակ սփիւռքահայ յայտնի գործարար ու բարերար Վարդան Սըրմաքէշի դէմ «Էնթերփոլ»ի միջոցաւ միջազգային հետախուզում յայտարարուելուն։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ճաբոնի Վարչապետ Շինզօ Ապէն։ Եըլտըզի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։
Անգլիոյ Պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆալոն երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Անթալիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը սկսի G-20-ի գագաթաժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ աշխարհի բոլոր յառաջատար երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ եկած են Թուրքիա։ Փարիզի երէկուան ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով Ֆրանսայի Նախագահ Օլանտ վերջին պահուն ջնջած է մասնակցութիւնը։
«Պիլկի» համալսարանի Տոլափտէրէի մասնաճիւղէն ներս շահեկան խորհրդաժողով:
Վինկասի առաջնորդած ծրագրով շօշափուեցան ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները՝ արտայայտութեան ազատութեան եւ ատելութեան ատենաբանութեան հակասութիւններուն մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական պատերազմին մասնակից բոլոր կողմերը մեծ ուշադրութեամբ պիտի հետեւին Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ կայանալիք միջազգային ժողովին: Քաղաքական լուծումներու բեմահարթակի գլխաւոր դերակատար դարձած Մոսկուա մինչ կը շարունակէ հրթիռարձակումներ կատարել յատկապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS) կարեւորագոյն կեդրոնները եւ ատոր համընթաց կը նախապատրաստէ քաղաքական լուծումներուն թղթածրարը:
Փարիզի մէջ երէկ երեկոյեան եօթ տարբեր կէտերու վրայ ապրուեցան համաժամանակեայ ահաբեկչական յարձակումներ, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի հարիւրյիսունի սահմանին։
Ֆրանսան «Շարլի Էպտօ»ի տարեմուտի դէպքէն վերջ ցնցուեցաւ անբաղդատելիօրէն աւելի ծանրակշիռ եւ աննախընթաց վայրագութիւնով մը: Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ յայտարարութիւններ ըրաւ անվտանգութեան լայնածաւալ միջոցներու մասին։
Երկրէն ներս հռչակուեցաւ արտակարգ դրութիւն։ Փակուեցան նաեւ սահմանները։ Կառավարութեան արտահերթ ժողովը գումարուեցաւ՝ միջազգային մեծ զօրակցութեան մը մթնոլորտին մէջ։
Անգարայի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ արտասահմանէն շարք մը բարձրաստիճան այցելուներ։ Ճաբոնի Վարչապետ Շինզօ Ապէ շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ՝ ընդունուելով Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը մեկնաբանեց Հայաստանի տնտեսութեան ընդհանուր վիճակը։
Ռիչըլտ Միլս խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանի փակ մնալու հանգամանքի հետեւանքներուն մասին։
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ մեզի.-
Երէկ յետմիջօրէին երկու ահաբեկչական պայթումներ գրանցուեցան Պէյրութի մէջ: Անձնասպանական պայթումներու միջոցաւ եղած ահաբեկչութեան զոհ գացին 43 քաղաքացիներ, մինչ վիրաւորեալներուն թիւը անցաւ 230-ը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Երուանդ Զօրեան կ՚անդրադառնայ Համացանցային համալսարանի գործունէութեան։
«Այսօր ունինք անկախ Հայաստան մը, որ կը հանդիսանայ սփիւռքի երիտասարդները մօտեցնող կեդրոն մը, ուր կ՚իրականացնենք նոր սերունդին ուղղեալ ծրագրեր»։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին տարիներուն համացանցի վրայ ստեղծած է հայկական համալսարան մը՝ www.avc-agbu.org։ Երբ հայոց ամբողջ Սփիւռքը ձուլման լուրջ վտանգի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, այս համացանցային համալսարանը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այդ հոսանքին դէմ պայքարելու եւ հայոց նոր սերունդին համար իր արմատներուն, ազգային ժառանգութեան հետ շփման հնարաւորութիւններ ընձեռելու տեսանկիւնէն։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւն մը։ Մշակոյթի շաբթուան շարժառիթով կազմակերպուած հանդէսը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը ունի երեք երեսակներ՝ անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Բայց մարդ կ՚ապրի միշտ ներկան, քանի որ անցեալը այլեւս իրը չէ՛, անցեալի վրայ որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար գործել, չի կրնար ապրիլ զայն, քանի որ անցած է ան։ Իսկ ապագան՝ ան ալ իրը չէ՜, քանի որ ապագան անորոշ է՝ անծանօթ եւ անստո՛յգ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ճառագայթող տեղն ու արժէքը ունի բժշկագիտական մտքի հայ հսկան՝ Մխիթար Հերացին, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշուի Նոյեմբեր 11-ին։



