Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ան­կեղ­ծու­թիւն»ը ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, որ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ՚ամ­րաց­նէ եւ հաս­տատ հի­մե­րու վրայ կը պա­հէ։ Ար­դա­րեւ յա­ճախ խօ­սե­ցանք եւ խորհր­դա­ծե­ցինք ան­կեղ­ծու­թեան մա­սին այս սիւ­նակ­նե­րու մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լուսա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Հայց. Ա­ռա­քելա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Զուի­ցե­րիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գու­սան Վարդապետ Ալ­ճա­նեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատ­գա­մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ո­րո­շած է պար­գե­ւատ­րել Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի սիւ­նե­րէն Ղա­զա­րոս Ու­նա­նը, որ եր­կար տա­րի­ներ բե­ղուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է նաեւ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­ցեալ Կի­րա­կի նա­խա­գա­հեց Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015

​Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան յատկանշական հանգրուանը:
Վարչութիւնը աշխատանքի ձեռնարկած է՝ գրքոյկ մը հրատարակելու համար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

​VADİP-ի ելմտական յանձնախումբը ընդլայնուած կազմով ժողով մը գումարեց Պատրիարքարանի մէջ:
Համայնքային վարիչները նոր դրութիւն մը կը հաստատեն՝ նիւթական կարգապահութիւնը ամրապնդելու համար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սե­ռա­կա­նու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րուած է այր-մար­դուն եւ կին-մար­դուն ա­մուս­նա­կան սի­րոյն մէջ։
Ուս­տի ա­մուս­նու­թեան մէջ ա­մու­սին­նե­րուն մարմ­նա­յին մտեր­մու­թիւ­նը ա­նոնց հո­գե­ւոր հա­ղոր­դու­թեան նշան ու գրա­ւա­կան կը դառ­նայ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նիսի հայութիւնը ցասումով հետեւեցաւ կարգալոյծ Կիւրեղեանի կողմէ Սուրբ Աստուածածնի տօնին օրը կատարուած իբր թէ արարողութիւններուն:
Սրբապղծութեան թատրոն…:
Ֆրանսահայոց Նոր Թեմակալ Առաջնորդ Տէր Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեանի տուած այցելութենէն վերջ ստեղծուած յարաբերական լաւատեսութիւնը դժբախտաբար չարդարացաւ: Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օգսայեանի եւ իր ընկերներուն յամառ պայքարը կը շարունակուի բոլոր ուղղութիւններով:
Ֆրանսական դատական իշխանութիւնները նախկին վարչայինները ամիսներ առաջ զրկած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով գործելու իրաւունքէն, իսկ ներկայիս հետաքրքրութեամբ կը սպասուի յառաջիկայ Հոկտեմբերի 6-ին նախատեսուած վճռաբեկի նիստի արդիւնքին, որ կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

Եւ­րո­խոր­հուր­դի «Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն՝ ի­րա­ւուն­քի մի­ջո­ցաւ» յանձ­նա­ժո­ղո­վի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նան Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

Թուր­քիոյ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րուե­ցաւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ պայ­քա­րի հար­ցին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու դար­ձանք, թէ Ե­րե­ւա­նի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է աշ­խար­հահռ­չակ տու­տու­կա­հար Ճի­վան Գաս­պա­րեա­նի կո­ղա­կի­ցը՝ պա­րու­հի Աստ­ղիկ Զար­գա­րեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու կազ­մին մէջ պէտք չէ ըլ­լան փո­փո­խու­թիւններ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

​Հանրապետութեան նախագահը ժամանակաւոր կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը պաշտօնապէս յանձնեց Տավուտօղլուին:
ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարը Թուրքիոյ պատմութեան ճակատագրական խաչմերուկին վրայ որոնումներու ձեռնարկած:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015

​Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մեծ ժամադրութիւն:
Շաբաթավերջի ծրագիրը առիթ պիտի հանդիսանայ նաեւ համայնքին կողմէ զօրակցութեան:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015

​Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելով ի զօրու դարձաւ Հանրապետութեան նախագահին որոշումը՝ ընտրութիւններու կրկնութեան մասին:
Էրտողանի եւ Տավուտօղլուի միջեւ այս առաւօտ տեղի ունեցած տեսակցութիւնով սկսաւ ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորման աշխատանքը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը այս տա­րի եւս Գնա­լը կղզիի մէջ ճատ­րա­կի մրցա­շարք մը կազ­մա­կեր­պեց ի յի­շա­տակ վա­ղա­մե­ռիկ Ա­լեքս Տաղ­լըեա­նի, որ ա­կում­բի մար­զիկ­նե­րէն էր։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ մեր մտա­ւո­րա­կան աշ­խար­հի ե­րէց սե­րուն­դի տի­տան­նե­րէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շի­կա­հեր կը շա­րու­նա­կէ իր ար­տադ­րա­կան աշ­խա­տան­քը եւ այս շրջագ­ծով հրա­տա­րա­կած է նոր գիրք մը, որ կը կո­չուի «Պար­տի­զակ»։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Վա­նայ լի­ճի Աղ­թա­մար կղզիի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ այս տա­րուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ջնջուած են անվ­տան­գու­թեան պատ­ճառ­նե­րով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Շի­րին Քը­յը­ճը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է իր տոք­թո­րա­յի շրջա­նը՝ ա­տամ­նա­բու­ժա­կան կալուա­ծէն ներս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մայն­քա­յին կա­րե­ւոր ժո­ղով մը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Կը հա­ղորդուի, որ Հա­մայն­քա­յին վա­գըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը եւ վար­ժա­րան մը հո­վա­նա­ւո­րող ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մաս­նակ­ցած են այս խորհր­դակ­ցու­թեան։

Էջեր