Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարեր առաջ Երուսաղէմի մէկ խուլ անկիւնը, պարզ ու պաղ քարայր մը յանկարծ ջերմացաւ: Այդ ջերմութիւնը տարբեր էր ուրիշ ջերմութիւններէ, որովհետեւ տակաւին մինչեւ այսօր այդ ջերմութիւնը կը զգան բոլոր անոնք, որոնք հաւատացին այդ ջերմութիւնը բերող Փրկիչին՝ Յիսուս Մանուկին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ամէն տարուայ աւարտին աշխարհ իր բոլոր շերտերով ու մակարդակներով վերաքաղ կ՚ընէ կատարուածը եւ նոր յոյսերով կը լիցքաւորուի: Մշտապէս ժամանակային հասկացողութիւնը իր անմիջական ու պարզագոյն գալստեամբ ու ապրումով տարիներու թիւերով կը գալարուի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան կապակցութեամբ Նոր կտակարանի մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Եւ ի ծնանելն Յիսուսի ի Բեթղեհէմ Հրէաստանի յաւուրս Հերովդի արքայի, ահա մոգք յարեւելից եկին յԵրուսաղէմ».
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին կը մէկտեղուի Ս. Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ՝ փոխանակելով շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ:
Նորին Ամենապատուութիւնը Նոր տարւոյ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ օրհնութիւններ յղեց յոյն համայնքին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչներէն Միսաք Հերկելեանը։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ճամբորդութիւնը մեծ իրադարձութիւն մըն էր մեր մանկութեան օրերուն։
Ամերիկա ճամբորդելը՝ այսինքն ովկիանոսը կտրելը… Օհօ՜հօ՜հօ՜, ամէն մարդու վիճակուած բախտ չէր։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ ձեւաւորուած անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանիքը ժողովուրդի մը աւանդական պարծանքն է։ Ժողովուրդի մը արժէքը կը չափուի շատ մը ազդակներով, որոնց գլխաւորն է ընտանիքը։ Այս առումով հաստատ եւ ընտիր ժողովուրդի մը հիմերը՝ կարգին, օրինաւոր ընտանիքներն են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր մեծ ձեռքբերում սկիզբ կ՚առնէ երազով մը, որ մարդու հոգիին մէջ ոգեշնչումի աղբիւր դառնալով անձը կը մղէ դէպի աւելի պայծառ ապագայ: Այդ երազները հետապնդելն է, որ երազը կը փոխէ նպատակի եւ ապա նպատակը իրականութեան:
Սուրիոյ ղեկավար Ահմէտ էլ Շարա նախընթաց օր տեսակցեցաւ երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան շրջանին զուգադիպած հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան (լուսանկարին մէջ ձախ ծայրամասին)։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ներկայ տարեմուտին պատահեցաւ ծանրակշիռ դէպք մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Նիւ Օրլիընզի մէջ տարեմուտի գիշերը, Պուրպոնի պողոտային վրայ Ամանորը տօնախմբող բազմութեան վրայ փոքր բեռնատար մը յարձակեցաւ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ինչ լաւ է դպրոցական ըլլալը, մտահոգութիւնդ դաս սորվիլն է, Ծնունդ-Զատիկ արձակուրդ եւ տակաւի՜ն… Երեք ամիս ալ ամրան արձակուրդ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տարի մը եւս թաւալեցաւ մարդկութեան կեանքին մէջ:
2024-ը դարձաւ 2025:
Մարդիկ վերջնականապէս ճանապարհեցին 2024-ը, ոմանք ուրախութեամբ, ոմանք տրտմութեամբ, ոմանք խինդով, ոմանք թախիծով, ոմանք խնդալով եւ ոմանք ալ լալով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վարը նշուած բոլոր անունները, իրենց յոբելենական թուարկումներով, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մտած են եւ հո՛ն, իրենց մտքով եւ հոգիով, պատմական որոշ ու հարազատ կնիք ձգած: Այս բոլոր անունները կ՚ապրին այսօր ու պէտք է, որ ապրին՝ իբրեւ մէկական ընտրեալներ մեր ազգին, որոնց խօսքն ու գործը կը փայլին ժամանակին հետ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տրամասութիւնը պոլսահայ փիլիսոփայ, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող Շահան Պէրպէրեան գրած է 1937 թուականին՝ մանկավարժական, կրթական, իմաստասիրական կարգ մը խոհեր ներդնելով ստեղծագործութեան մէջ: Ժամանակին զայն տպագրուած է մամուլի մէջ, սակայն յստակ չէ, թէ աշակերտներուն համար գրուած այս բեմագրութիւնը բեմադրուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Թէեւ բաժակս փոքր է, բայց ես կը նախընտրեմ ի՛մ բաժակէս խմել», կ՚ըսէ Alfred de Musset (1810-1857)։
Ամէն անգամ որ կարդամ այս տողերը, ես ինծի կը հարցնեմ, որ արդեօք այս իմաստալից խօսքը Musset հայ ժողովուրդին համար ըսած կրնա՞յ ըլլալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որ տարիքի մէջ ալ գտնուինք, որպէս մարդ արարածներ միշտ կարիքը ունինք խրախուսանքի, ոգեշնչման ու քաջալերանքի. սակայն այս պէտքը դեռահասներու պարագային աւելիով կը շեշտուի, որովհետեւ անոնք այդ տարիքին կ՚ապրին զգացական եւ հոգեկան փոփոխութիւններ եւ անոնց լոյսին տակ կը ձեւաւորուի անոնց ինքնութիւնը եւ խրախուսումը դրական մեծ դեր կ՚ունենայ անոնց զարգացումին եւ մարտահրաւէրները յաղթելուն կարեւոր մարտահրաւէրին մէջ:
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ կազմակերպուած Ամանորի խանդավառ հանդէսը բնորոշեց Գումգաբուի ընտանիքի տարեմուտի տրամադրութիւնը։ Մինչ աշակերտները յաջող ելոյթներով ծափահարութիւններու արժանացան, հանդէսի յայտագիրը այնպէս մը պատրաստուած էր, որ Սուրբ Ծնունդի իմաստին ու խորհուրդին հաղորդ դարձան բոլորը։
