Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024

Հայկական շարժանկարի աշխարհը արդէն հերթական անգամ կ՚ապրի «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի խանդավառութիւնը։ Այս տարի 21-րդ անգամ տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան»ը, որու բացումը նախատեսուած է գանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի նոր ժապաւէնով, որ կը կոչուի «Եօթ գողը»։

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024

Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդները երէկ հանդիպում մը ունեցան Մարոնիտ եկեղեցւոյ Պըքերքէյի կեդրոնին մէջ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ՝ Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հրաւէրով։

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխի հաւատացեալները այս օրերուն ուխտագնացութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Հայաստան՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Պետրոսեանի։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

Եւրոպահայութեան տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Հոլանտայի Տելտեն գիւղաքաղաքին մէջ, ուր առաջին անգամ տեղի ունեցաւ «Հայ ճամբար» նախաձեռնութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

Իսրայէլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան՝ Պաղեստինի գործերու գծով բաժանմունքի ղեկավար Ճորճ Նոլ երէկ այցելեց Երկուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պատասխանի ու պատասխանատուի հարցերը, Արեւելք-Արեւմուտք մեծ խզումի ու թշնամութեան փուլը:
Անոնք, որոնք սփիւռքի լուսաւոր բեմերուն վրայ կ՚երգեն հայրենասիրութիւն, անկեղծ չեն իրենց պայքարին մէջ:

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

Ընդհանրացած բանաձեւում մըն է, որ մարդ հակուած է յիշել լաւը։ Իր յիշողութիւնը այնպէս մըն է, որ կը ճնշէ վատը։
Յամենայնդէպս, ըստ էութեան, յիշողութիւնը ամբողջ մը չէ՞։ Յիշողութիւնը որքան որ ալ ճնշէ, մարդուս ենթագիտակցութեան մէջ կարծես վատ դրուագները շատ աւելի գերակշիռ են՝ քան լաւերը։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ երեկոն, տարիներու հեռաւորութենէն ե՛ւ կարօտով, ե՛ւ լուսաւոր զգացումով կը յիշեմ: Որոշած էի ծննդավայրիս փողոցներով անցնիլ: Քալել: Միայն քալել:

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Զրոյցներ» շարքի հերթական թողարկումը սփռուեցաւ: Նիւթը երաժշտական էր, բայց նաեւ՝ պատմական: Խորագիրը՝ «Արա Տինքճեանը՝ հայ-ամերիկեան նուագախմբային երաժշտութեան ոսկեդարի մասին»:

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Զարգացած երկիրներու մէջ նոյնիսկ, հասարակական ու ժողովրդային ընդհանրացող միտում կայ քաղաքականութեան դաշտ չմտնելու ու քաղաքացիներուն համար ալ այն շատ ցանկալի ասպարէզներէն չի համարուիր: Քաղաքական կեանքը շատ բարդ է եւ ան ունի տեսանելի եւ անտեսանելի շատ մը երեսակներ:

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ արդարութեան եւ ողորմածութեան հետեւողին:
Պատասխան.
Իմաստունը կը գրէ. «Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ» (Առ 21.21):

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ամէն ինչ որ դուրսէն մարդուն ներսիդին կը մտնէ, չի կրնար զանիկա պղծել, որովհետեւ ոչ թէ անոր սրտին մէջ կը մտնէ, հապա փորը եւ արտաքնոցը կ՚ելլէ (ուստի բոլոր ուտելիքները մաքուր են)։ Եւ շարունակեց.- Ի՛նչ որ կ՚ելլէ մարդուն ներսէն, անիկա կը պղծէ մարդը…». (ՄԱՐԿ. Է 18-20)։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային բնութեան մէջ գերիշխանութիւնը կը պատկանի հզօրներուն, իսկ տկարները ենթակայ են ստրկութեան. գերակայութեան օրէնք՝ որ անփոփոխ է: Անհասկնալի պայքար մը ուժի եւ հնազանդութեան միջեւ:

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2023-2024 կրթական տարեշրջանը եզրափակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտով։ Ուսումնական տարեշրջանի աւարտին դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արդէն 2024 թուականի ամրան խանդավառութիւնը սկսած է։ Անցեալ կիրակի, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կրթական շրջանի վերջին օրերը բնորոշուեցան աւանդական փառատօնով։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան օրհնութեան գիր մը ուղարկեց նախկին պոլսահայ Արտաշէս Սրկ. Նշանեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրին առջեւ ծառացած են երկու արտաքին կարեւոր մարտահրաւէրներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ՝ իր գլխաւորած «Քաղացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2024

Բնութիւնը լաւատեսութեան հիմնական աղբիւրն է։ Մարդ ներքին անդորրը կը վերականգնէ բնութեան հետ շփումներով՝ տեսարան դիտելէ սկսեալ, մինչեւ մարմնամարզը… Մարդ թէեւ ինքզինք կը վերագտնէ բնութեան մէջ, սակայն, զայն երբեք չի խնայեր։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2024

Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան «Oxford University Press»ի կողմէ կազմակերպուած՝ ծրագիրներու միջազգային մրցակցութեան մը, որու արդիւնքով արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն։

Էջեր