Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ կան շատ մը ազնիւ հոգիներ՝ որոնք փորձութենէ ծանրապէս ճնշուած, գրեթէ ընկճուելու մօտ են իրենց «Ես»ին եւ «չար»ին զօրութիւններուն դէմ պայքարելու համար։
Իտալական Giornale dell’Umbria թերթը Հայաստանի մասին զբօսաշրջային յօդուած մը հրապարակած է։ Հայաստանի բացառիկ գեղեցկութեան կ՚անդրադառնայ այս յօդուածը, ուր մասնաւորապէս գրուած է.
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ երէկ շփումներ ունեցաւ Դամասկոսի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Սուրիոյ ներքին պատերազմի լուծման յարմարագոյն տարբերակներուն շուրջ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս տարի 28-րդ անգամ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպեց ամրան երիտասարդական ծրագիր մը։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն քսանչորս երիտասարդներ մասնակցեցան այս ծրագրին։
Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը (UWC Dilijan College) արժանացած է միջազգային հեղինակաւոր «International Property Awards»ի մրցանակին «Հանրային ծառայութիւններու զարգացում» ոլորտին մէջ (Public Services Development):
Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան քաղաքներուն մէջ զբօսաշրջութիւնը լրջօրէն կը տուժէ ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով։ «Վաթան» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Վան քաղաքին ալ այս ծիրին մէջ կը վիճակի էական բաժին։
Նախկին դատախազներ՝ Զէքէրիա Էօզ եւ Ճելալ Քարա այս օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն երկրին օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, անոնք խոյս տուած են Թուրքիայէն, ճիշդ այն հանգրուանին, երբ իրենց դէմ ձերբակալման որոշում տրուեցաւ պատկան մարմիններուն կողմէ։
Համահայկական վեցերորդ խաղերու ծրագրին մէջ ներգրաւուած մրցաշարքները երէկ հասան իրենց աւարտին։ Շուրջ տասն օրուան հանդիպումներու արդիւնքին արդէն յայտնի են դափնեկիրները։
Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերջին օրերուն խտացեալ ձեւով կը շարունակեն հրադադարը խախտել Արցախի ճակատին վրայ։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի պաշտօնական աղբիւրները երէկ օրուան սկիզբին արձագանգ հանդիսացան համապատասխան լուրերու, որոնց անմիջապէս յաջորդեց նոր նահատակի մը գոյժը։
Ռուսաստանի Հիւսիսային Կովկասի 5-րդ կայազօրային զինուորական ատեանի արտագնայ նիստը:
Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած զինուոր Վալերի Փերմեաքովի դէմ ծանր վճիռ:
Հայաստանի եւ Իրանի միեւ ելեկտրահաղորդման երրորդ գծին կառուցումը պիտի սկսի արդէն յաջորդ շաբաթ:
Երկու երկիրներու ընկերութիւնները վերաստորագրեցին համապատասխան պայմանագիրը, որ նոր հարթութեան վրայ պիտի դնէ անոնց համագործակցութիւնը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ծպտեալ հայերու խնդիրը վերստին ծառացած է հայաշխարհին առջեւ՝ իր բազում բարդ երեսակներով - Ա:
Հայաստանէն, Պոլիսէն կամ այլ տեղէ մը դիտարկելու ժամանակ միշտ նոյն պատկերը չի պարզուիր մարդոց աչքին առջեւ, ինչ որ պայմանաւորուած է յաճախ շատ զգացական տարբեր առաջնահերթութիւններով եւ զգայնութիւններով: Մասնակի պատկերացումներով անկարելի է տիրապետել հարցի ամբողջութեան՝ բոլոր ծալքերով:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարդկային յատկանիշ մը, որով կ՚որոշուի մարմնի աջ ու ձախ ձեռքերուն միջեւ անհաւասարաչափ բաշխուած շարժունակութիւնը:
Ձախլիկները՝ աջլիկներու աշխարհին մէջ կամ տօն մը բոլոր անոնց համար, որոնք առօրեայ գործողութիւնները կը կատարեն ահեակ ձեռքով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսուի, թէ բժիշկը՝ Աստուծոյ ձեռքն է աշխարհի վրայ։ Արդարեւ, եթէ նկատի ունենանք բժիշկներու օգտակարութիւնը եւ ծառայութիւնը մարդկային կեանքին պահպանման եւ գոյատեւման նկատմամբ, կը տեսնենք, թէ ո՛րքան իրաւացի է այս խօսքը, իրականութիւն մըն է այն մեծ մասամբ, քանի որ բժիշկները, կերպով մը գործակիցները կ՚ըլլան Աստուծոյ՝ Իր նախախնամութեան ու հոգատարութեան գործին մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Մոնիքա Շըմուց Քըրկէօզը։ Կը հաղորդուի, որ Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեսակցած է զուիցերացի դիւանագէտին հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի նախագահ Տքթ. Աքքան Սուվէրը։ Այս վերջնոյն կ՚ընկերանային Լալէ Այթանչ Նալպանտ եւ Ճաֆէր Օքրա։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէ՛ս հրաշագործ է սէրը, յաճախ անկարելին կարելի եւ երեւակայականը իրականութեան կը վերածէ ան։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ուիքիփետիան բազմալեզու համացանցային ազատ հանրագիտարան է, որ կը ստեղծուի կամաւորներու համագործակցութեամբ: Ան կ՚օգնէ տեղեկանալու մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած գիտելիքներու ամբողջ պաշարին: Ան հիմնուած է ամերիկացիներ՝ Ճիմի Ուելսի եւ Լարի Սանճէրի կողմէ, 15 Յունուար 2001-ին:
Համահայկական վեցերորդ խաղերը աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր առարկայ դարձան համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Հետաքրքրութիւնը սահմանափակ չմնաց տեղւոյն վրայ ստեղծուած խանդավառութիւնով, որովհետեւ աշխարհի չորս ծագերէն Հայաստան մեկնած պատուիրակութիւններու անդամներու հարազատներն ալ իրենց ապրած միջավայրին մէջ ուշի ուշով հետեւեցան իրադարձութիւններուն։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի Թուրքիա կատարելիք այցելութիւնը յետաձգուեցաւ։ «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, թէ յայտնի չէ այս այցելութեան յետաձգման պատճառը ու կը պակսին տեղեկութիւնները նաեւ այն մասին, թէ ի՛նչ ժամկէտով յետաձգուած է այդ մէկը։




