Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այ­լոց հա­մար գոր­ծել» մարդ­կա­յին ա­մե­նա­մեծ ար­ժէք­նե­րէն մի՛ն է։ Ու­րի­շի հա­մար զո­հել ու զո­հուիլ, ու­րի­շի պա­հանջ­քը գո­հաց­նել այ­լա­սի­րու­թիւն եւ անձ­նա­զո­հու­թիւն, նուի­րում կ՚են­թադ­րէ։ Այ­լոց հա­մար գոր­ծե­լու ան­շա­հախն­դիր ո­գին՝ նկա­րագ­րի խո­րու­թիւն, հաս­տա­տու­թիւն եւ Քրիս­տո­սան­ման քաղց­րա­բա­րո­յու­թիւն կը պա­հան­ջէ, եւ խա­ղա­ղու­թիւն ու եր­ջան­կու­թիւն կը պար­գե­ւէ զայն ստա­ցո­ղին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Մեր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւ­նը սի­րած եմ, բայց նաեւ ժա­մա­նակ տրա­մադ­րած՝ փոր­ձե­լով կա­ռու­ցել այս­պէս ը­սած «ըն­տա­նե­կան ծա­ռը»­։ Եւ այս ոչ միայն ա­նուն­նե­րով, բայց նաեւ նկար­նե­րով­։ Եւ այս նկար­նե­րը ին­ծի հա­մար դար­ձած են հարս­տու­թիւն, ա­պա նաեւ ա­ւանդ եւ ժա­ռանգ­՝ ապ­րե­լու իմ (ու ըն­տա­նի­քիս) կեան­քը նոյն տես­լա­կա­նով…։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 27-ին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան վար­չու­թեան եւ «Ա­րե­նի փա­ռա­տօն» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ա­մա­րաս վան­քի յա­րա­կից տա­րած­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի Թու­թի փա­ռա­տօն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան հրէա­կան մշա­կոյ­թի օ­րեր։ Այս առ­թիւ կեան­քի կո­չուե­ցան բազ­մա­թիւ ծրագ­րեր, ո­րոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խորհր­դան­շե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­րա­յէ­լի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015»ի առաջին կիսաեզրափակիչը:
«Genealogy» խումբը սկզբնական պատնէշը յաղթահարեց «Առերեսուէ ստուերին» երգով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով Թո­քիո­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շա­բաթ մը, ո­րու բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Տայ­քա­նեա­մա Հիլ­սայթ Թե­րաս» սրա­հին մէջ։ Թո­քիո­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպո­ւած է այս ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը, ո­րու բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ դես­պան Հրանդ Պօ­ղո­սեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Սուրիահայոց մարտահրաւէրները Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ:
Մհեր Շահկելտեան խորհրդարանի ամպիոնէն բարձրաձայնեց Հալէպի ողբերգական վիճակը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ դես­պան Քրիս­տիան Ալ­պեր­թուս Պաս­սո­նը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Սերժ Սարգ­սեան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ Ափ­րի­կէի եր­կիր­նե­րու հետ, նե­րա­ռեալ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, զար­գաց­նել բա­րե­կա­մա­կան ու փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

«Ատրպէյճանի շարունակական սադրանքները կը զուգորդուին ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ եւ հայատեացութեան քարոզով»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի Նախարարաց կոմիտէի 125-րդ նստաշրջանին գծով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Խրի­մի թուր­քե­րու տե­ղա­հան­ման 71-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Խրի­մի թա­թար­նե­րու ղե­կա­վար Մուս­թա­ֆա Ապ­տիւլ­մե­ճիտ Քը­րը­մօղ­լուի հետ, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ուք­րայ­նոյ խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րէն է։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ սու­գի այս օ­րուան առ­թիւ Թուր­քիա զօ­րակ­ցու­թեան մէջ է իր թա­թար ցե­ղա­կից­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման ա­ռա­ջադ­րան­քով Թուր­քիոյ դէմ բա­ցուած դա­տին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին մօտ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ վեր­ջին օ­րե­րուն ա­մե­րի­կեան հե­ղի­նա­կա­ւոր «The New York Times» թեր­թին մէջ այս կա­պակ­ցու­թեամբ հար­ցազ­րոյց մըն ալ լոյս տե­սած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Պէ­յօղ­լուի Լու­սա­ւո­րիչ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նո­րըն­տիր տնօ­րէն խոր­հուր­դը։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ իր օրհ­նու­թիւ­նը նո­րա­կազմ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն եւ հայ­րա­կան վե­րա­բեր­մուն­քով յղեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր կը նշուի Մա­յիս 19-ի տօ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քի ո­գե­կոչ­ման եւ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան տօ­նը այս տա­րի եւս կը տօ­նուի քա­ղա­քա­ցիա­կան խոր գի­տակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Ամերիկացի պատմաբանը Իսթանպուլ այցելեց իր թրքերէնի թարգմանուած գիրքերու շնորհանդէսին առթիւ:
Փրոֆ. Ճասթին ՄաքՔարթի հրահրիչ պնդումներ օրակարգի վրայ բերաւ հայկական հարցին առընչութեամբ:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը երկ­սեռ ա­շա­կերտ­ներ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի ու պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի Իք­պալ Փո­լա­տի, «SALT-Galata» մշակոյթի կեդրոնին մէջ դի­տե­ցին Նե­ֆին Տին­չի ու Հեր­քիւլ Միլ­լա­սի կող­մէ պատ­րաս­տուած ու նկա­րա­հա­նուած «Միւս գիւ­ղա­քա­ղա­քը» խո­րագ­րով վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Ե­րէկ, Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւն։ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով Իս­թան­պուլ հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րը իր եր­դի­քին տակ կը հիւ­րըն­կա­լէ այս վար­ժա­րա­նը, ուր ե­րէկ ապրուե­ցաւ տօ­նա­կան օր մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ո­խա­կա­լու­թիւն» եւ «վրէժխնդ­րու­թիւն». ա­հա­ւա­սիկ եր­կու մո­լու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ մարդ պէտք է հե­ռու մնայ։ Բայց բո­լոր միւս մո­լու­թիւն­նե­րուն նման, որ­քան որ մարդ պէտք է հե­ռու մնայ ա­նոնց­մէ, ա՛լ ա­ւե­լի կը մօ­տե­նայ եւ կար­ծես իր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին ան­բա­ժա­նե­լի տար­րը՝ մտքին ու սրտին մէջ միշտ պա­տուոյ տե­ղը կու տայ ա­նոնց։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վիեննայի մէջ այսօր կը սկսի Եւրոպայի ամենանշանաւոր մրցոյթներէն մին՝ «Եւրոտեսիլ»ը, որուն կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Վեց հայ երգիչ, վեց ճակատագիր, մէ՛կ պատմութիւն կամ հինգ ցամաքամասերու սփռուած ժողովուրդի մը նոր սերունդը:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Գա­լի­ֆոր­նիոյ Մես­րո­պեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նէն ա­շա­կերտ­նե­րու խումբ մը այ­սօ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Դա­ւիթ Ղու­կա­սեան եւ ու­սուց­չու­հի Զե­փիւռ Յով­հան­նէ­սեան կը գլխա­ւո­րեն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բը, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­ցե­լեց Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սե­նեա­կի ե­րա­խա­նե­րու վա­ճառ­քի, ե­րա­խա­նե­րու մարմ­նա­վա­ճա­ռու­թեան եւ ման­կա­կան պոռն­կագ­րու­թեան հար­ցե­րով յա­տուկ զե­կու­ցող Մոտտ Տը Պու­յէ-Պու­քի­քօ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս շրջագ­ծով ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեա­նի կող­մէ։

Էջեր