Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

Երախտաշատ եւ անմոռանալի բարերարին վերջին հրաժեշտը համախմբեց համայնքային շրջանակները, պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, որոնք բարեյիշատակ գործիչի դերակատարութեան նշանակութիւնը բարձր գնահատեցին՝ իր յաւիտենական հանգիստի տխուր մեկնարկին:
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հոգւոյ խաղաղութեան համար հոծ բազմութիւն մը աղօթեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ընթերցուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցականը եւ դամբանախօսեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նախագահեց յուզումնախառն արարողութեան:
Գարակէօզեան տան համալիրի սգահանդէսին խօսեցաւ խնամակալութեան սիւներէն Գարուն Գովան:
Նախկին նախարար Սոյլու, երեսփոխան Սվաճըօղլու եւ Կալաթասարայ մարզակումբի նախագահ Էօզպէք դագաղին գլուխը բիւր յարգանքով արժեւորեցին մեծանուն ազգայինին գործունէութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

Երէկ, իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ մաշեցուցիչ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս հերթական անգամ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

Եկեղեցւոյ դէմ իշխանութեան արշաւի սաստկացման պայմաններով հերթական տեսակցութիւն:
Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կալանաւորման օրը:

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

Պատրիարքական Աթոռս անհրաժեշտ նկատած է հանդէս գալ սոյն յայտարարութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծայարգ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Իսթանպուլ վերջին այցելութեան զուգահեռ ստեղծուած արձագանգներու պայմաններուն ներքեւ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի վարչապետը պատուիրակութեան մը հետ ժամանեց Պոլիս, ուր հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ: 
Մինչ հանդիպումը ան իր պատուիրակութեան հետ այցելած էր Կապոյտ մզկիթը, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցած էր տեղի հայ համայնքին հետ: 

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025

Իսրայէլ-Իրան պատերազմով պայմանաւորուած ծանր ու մտահոգիչ իրավիճակին մէջ, երէկ, Հոլանտայի տանտիրութեամբ, Լախէյի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որու շրջանակներէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025

Երախտաշատ ազգային բարերար, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ եւ անմոռանալի համայնքային գործիչ Տիգրան Կիւլմէզկիլ այսօր կէսօրուան ժամերուն կը յուղարկաւորուի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025

Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս:
Այսօր՝ ժամադրութիւն ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ:
Նորին Ամենապատուութիւնը Նիւ Եորքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս տեսակցեցաւ տիկնանց յանձնախումբերու հետ՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հետ: Պոլսոյ գահակալը ողջունելու փութացած էր նաեւ Անթիլիասական թեմի առաջնորդ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան:

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025

Եշիլգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին նշեց թաղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դասու հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձը։ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այն երեխան, որ իր մօր արգանդը յանձնեց զինք երկրին, իսկ ոստիկանները՝ աքսորի եւ կարօտը զինք վերադարձուց բռնաբարուած հողին: Չէր գիտակցեր, թէ իրմէ կ՚ուզուէր, որ փիլիոսփայէր, ինչպէս նաեւ չէր գիտակցեր, թէ մտային մարզանքը տարբեր է արժանապէս պատկանելիութենէն, կամ անարժան պատկանելիութենէն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի». (ԵՐԵՄ. Ա 5)։

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ հաւատաց, որ մեր ինքնութիւնն ու ազգութիւնը բարձր պահելու համար անհրաժեշտ են «մարդուժ»եր. hաւատաց՝ սակայն այդ մարդուժը ստեղծելու, գնահատելու եւ իր արժանի տեղը հասկցնելու համար ո՛չ մէկ բան ըրաւ:

Երեքշաբթի, Յունիս 24, 2025

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 16-21 յունիսին, Արարատեան շաբթուայ տօներու օրերուն, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական համագումար, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 24, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագրի երկրորդ փուլը արդէն սկսաւ։

Երեքշաբթի, Յունիս 24, 2025

ARA KOÇUNYAN

Sevgili Dikran Ağparik;
Arkanda yeri doldurulamaz bir boşluk bırakarak bizlerden ayrıldın. Karşımda boşekran, parmaklarım klavyeye varmıyor; kaderde sana veda yazmak da varmış. Bu yazıyıseninle konuşuyormuşçasına, aynı dille yazmak istedim; sadece bağışlayacağını umarak tekil hitap etmeyi tercih edeceğim.

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Իսթանպուլի համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Պիւլենտ Զիւլֆիքեարը, որուն կ՚ընկերանային համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէի ենթակայ հիւանդանոցի բժշկապետը՝ փրոֆ. Մուսթաֆա Էօզչեթին եւ փոխ-բժշկապետը՝ տոց. Քեամուրան Իպիշ։

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025

Գումգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան ընթացաւարտներուն։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի պատուոյ հիւրերն էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն կ՚անցնի Արեւելեան թեմ:
Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ պատարագեց եւ քարոզեց Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, ուր Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան իրեն լանջախաչ մը նուիրեց:

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը համակուած է տխրութեամբ։ Սա, բառին բուն իմաստով, համատարած տխրութիւն մըն է, քանի կարելի չէ անմիջապէս թօթափել ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի անժամանակ կորուստին պատճառած ցնցումը։

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վաղը պիտի մեկնի Փեքին։

Էջեր