Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ի նպաստ այս կազմակերպութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։
Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի ձեռամբ քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան շարք մը սարկաւագներ։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան հունձքին, որ կը բաղկանայ 61 ընթացաւարտէ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնականի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու յայտագիրը ամբողջութեամբ կը ցոլացնէր պատմական այս կրթօճախին հարուստ աւանդութիւնները։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելութիւն մը տուին Պաղեստինի ինքնավարութեան արտաքին գործոց եւ արտագաղթի գծով նախարար Վարսէն Աղաբէկեանին։ Այս վերջինը քանի մը ամիսէ ի վեր պաշտօնի գլուխ կը գտնուի՝ Պաղեստինի ինքնավարութեան այժմու կառավարութեան կազմին մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պրինտիզիի մէջ մասնակցեցաւ Մեծն եօթնեակի (G7) բարձր մակարդակի նիստին, որ կազմակերպուած էր Իտալիոյ հիւրընկալմամբ։ Միջազգային գրեթէ բոլոր յառաջատար դերակատարներու ղեկավարները նոյն հարթակին վրայ համախմբեց այս հաւաքը, որու մասնակիցներու շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Եւրոմիութեան յառաջատար երկիրներու ղեկավարները, Ասիայէն կարեւոր խաղացողներու վարիչներ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, միջազգային այլ կառոյցներու ղեկավարներ եւ այլն։
Մարդ միշտ անհանգիստ է ապագայի վերաբերեալ հարցականներուն բերումով՝ մանաւանդ, որ տարիները զինք կը տկարացնեն ու հասկնալիօրէն սեփական ուժերուն հանդէպ թերահաւատ կը դառնայ՝ հերթական փորձութեան դէմ պայքարելու, մաքառելու առումով։ Միթէ ապահո՞վ էք անցեալը։ Հոգեբանութի՞ւն…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի նոր համայնապատկեր. Ուաշինկթըն-Ռիատ իրադարձութիւնները ճակատագրական:
Կազզէի պատերազմին զուգահեռ՝ հակամարտութիւնը քաղաքական դաշտ տեղափոխելու առումով կան բազմաթիւ խոչընդոտներ:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ինչո՞ւ էր այդքան խիստ իր դէմքը, որ մենք կը վախնայինք նոյնիսկ իր տան դրան առջեւէն անցնելու։ Ամենէն «քաջը մեր մէջ, ինչպէս վարժ էինք ըսելու, գաղտնի մը պիտի նայէր կամարին տակէն, որ վստահ ըլլայինք, որ «Ծուռ երես Լուսաբեր»ը իր սենեակն էր վերջնականապէս, որովհետեւ վերջին անգամ ժամը հինգին կ՚երթար սենեակէն քսան քայլ անդին իր փայտեայ խոհանոցը, ընթրիքը կը բերէր ու կը փակուէր իր քանի մը մեթրանոց սենեակին մէջ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
(ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ - ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ)
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի երկրորդ հատորը՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում. Ղարադաղ. Հայկական յուշարձանների հետքերով», որ լոյս տեսած է 2021-ին, Թաւրիզ: Գիրքը լաթակազմ է, բաղկացած՝ 618 էջերէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապաշարումները յառաջդիմութեան ամենամեծ արգելքներն են։ Արդարեւ, նախապաշարուած՝ կանխակալ եւ առանց ստոյգ գիտութեան կազմուած սխալ կարծիքներէ, անհիմն հաւատալիքներէ ազատուիլ շատ դժուար է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին միշտ ալ յաջողած է իր ձախողութեանց համար գտնել մեղապարտ մը եւ անոր վրայ բարդել անյաջողութեան հիմքերը, վստահ ըլլալով, որ այդ «հարց»ին լուծումը պիտի փրկէ ամբողջ ազգը. ժամանակ մը ետք երբ լուծում ստացած է այդ «հարց»ը, որպէս ձախողութեան նոր պատճառ մը յաջողած է ստեղծել հայը:
Իսլամական աշխարհի Քուրպանի տօնին առթիւ Թուրքիա արդէն մտած է արձակուրդի։ Իննօրեայ պաշտօնական արձակուրդի պայմաններուն ներքեւ թրքահայ համայնքային կեանքն ալ կանգ առած է գրեթէ ամբողջութեամբ:
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ հանդէս մը կազմակերպեց թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար։ Տղաքը թէեւ յառաջիկայ տարի, ըստ էութեան, պիտի շարունակեն յաճախել իրենց վարժարանը, սակայն Սամաթիոյ ընտանիքը զանոնք խրախուսեց՝ նոր փուլի մը ընդառաջ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտներուն։ Կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին դպրոցէն ներս կազմակերպուած հանդէսը յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի անդամները՝ մանաւանդ, որ այս դպրոցը բաց կը պահուի մեծ զոհողութիւններով ու գերմարդկային ջանքերով։
Գալֆաեան տան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդէս մը, որ ստեղծեց ոգեւոր մթնոլորտ։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունա եւ գործակից ընկերները, նախկին խնամակալներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի միջնակարգի աշակերտները նախընթաց օր ուղեւորութիւն մը կատարեցին դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափը։ Այս ծիրէն ներս անոնք այցելեցին Ռումելիհիմարի Ս. Սանդուխտ եւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցիները։
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի այս տարուան հունձքին։ Լիսէի 55-րդ շրջանի ընթացաւարտները փայլուն հանդէսով մը հրաժեշտ առին վարժարանէն՝ մինչ բոլորը Սամաթիոյ ընտանիքի ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Արամ Գամպուրեանի ազգային յուղարկաւորութեան կարգը, որ համախմբեց հանգուցեալի վաստակին նկատմամբ յարգանքով տոգորուած բազմաթիւ յուղարկաւորներ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովները եզրափակուեցան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ամփոփ հաղորդագրութիւնով մը։