Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան միջեւ մաքսատուրքերու հարցին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացաւ։ Առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումով Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ առ այժմ կանխուեցաւ մաքսի տագնապը։
Մենհեթթընի մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն սարսափելի դէպք մը պատահեցաւ, ինչ որ ամբողջ աշխարհէ ներս արձագանգ գտաւ:
Լաս Վեկասէն Նիւ Եորք մեկնած 27-ամեայ չարագործը, որ հոգեկան հիւանդ էր, պատճառ դարձաւ չորս հոգիի մահուան, կայ նաեւ ծանր վիրաւոր մը:
Այսօր, Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովը։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացի երկարաձգումը կրնայ պատճառ դառնալ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան աճի։
Երեւանէն շաբաթավերջին հասած դրուագները խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ։ Վարդավառի աւանդական տօնակատարութիւնները, ջրամարտերը վերակենդանացուցին աւանդութիւնները։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած է ֆրանսահայ անմահ նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմէրճեան) ցուցահանդէսը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Յիմարին հետ պէ՞տք է վիճաբանիլ:
Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ, թէ՛ սրդողի եւ թէ ծիծաղի՝ հանգիստ չ՚ըլլար» (Առ 29.11):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւոր կեանքը շիտակ դիմաւորելու եւ անոր մէջ յառաջանալու, հաստատուելու, աճելու եւ պտղաբերելու համար մարդ պարտի իր ներքին հոգեւոր մարդուն համար եւս կիրարկել նոյն օրէնքները՝ զորս նկատելի են եւ անհրաժեշտ ֆիզիքական-մարմնական կեանքին համար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Բայց նաեւ առիթ տուր մտածելու թռչուններու խորհրդաւորութեան, արեւի տակ գտնուող մեղուներու եւ կանաչ բլուրին վրայ գտնուող ծաղիկներուն մասին». այս խնդրանքը հաւասարակշռութեան մը խնդրանք է՝ իրապաշտին եւ վերացականին միջեւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ. Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այսօրուան աշխարհը, նոյնիսկ անհամար զարգացումներու եւ քաղաքակրթական յառաջընթացներու պայմաններուն մէջ, տակաւին բազում խոր ու ցաւոտ անհաւասարութիւններով ողողուած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սակայն դո՛ւն, ո՜վ մարդ Աստուծոյ, այդպիսի բաներէ հեռո՛ւ փախիր, եւ հետամուտ եղիր՝ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան եւ հեզութեան». (Ա ՏԻՄ. Զ 11)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Եթէ կրնաս սորվեցուր անոր գիրքերու հրաշքները». կը հաւատանք, որ իրապէս յաջողած է այն ուսուցիչը, որ ո՛չ թէ շատ գիտելիքներ կը փոխանցէ աշակերտին, այլ կը յաջողի անոր մէջ վառել գիրքի հանդէպ սէրը, որովհետեւ ընթերցանութիւնը կ՚ընդլայնէ յիշողութիւնը, կ՚ամրապնդէ ուշադրութիւնը եւ կը զարգացնէ երեւակայութիւնը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Պայծառակերպութեան տօնի արարողութիւններուն։
Պայծառակերպութեան տօնին օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ բնորոշուեցաւ բացառիկ հանդիսապետութեամբ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը օծեց Մայր Տաճարի հանդիպակաց կառուցուած մոմավառութեան սրահն ու կաթողիկոսական դամբարաններու համալիրը: Ազգային բարերար Եագուպեան երախտաշատ գերդաստանը արժանացաւ Նորին Սրբութեան բարձր գնահատանքին: Տաղաւարի Ս. Պատարագի հոգեւոր հրճուանքը գագաթնակէտին հասաւ՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակը երէկ հոծ թիւով հաւատացեալներու ժամադրավայրը հանդիսացաւ՝ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ։
ARA KOÇUNYAN
Bu köşede 7-11 Temmuz tarihlerinde yayımlanan makale dizisi hakkında Agos Gazetesi Genel Yayın Yönetmeni Yetvart Danzikyan 25 Temmuz tarihinde bir yazı kaleme aldı. ‘Paşinyan’ın İstanbul ziyareti ve ‘tutarlılık’ başlıklı bu makale bağlamında bazı yeni değerlendirmelerde bulunmak ya da gözlemler paylaşmak zorunluluğu karşısındayız.
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ նշեց, որ իր երկիրը կը փափաքի, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերջ դնէ Ատրպէյճանի դէմ բոլոր տարածքային պահանջներուն՝ Սահմանադրութեան համապատասխան փոփոխութիւններու միջոցաւ։
Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ կը ծաւալուին Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան՝ մանաւանդ Կազզէի ողբերութեան շուրջ։ Անգարայի եւ Փարիզի դիրքորոշումները հետզհետէ կը դառնան իրերանման եւ այս մթնոլորտին մէջ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Քանի մը շաբաթ առաջ լաւ ու վատ կոչած իմ համերգներուս մէջ՝ լաւ համերգներէն մէկն էր ասիկա. թերեւս ալ՝ լաւագոյններէն, անմոռացներէն մէկը։