Արխիւ
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի նոր սաները օրեր առաջ հասան Սուրբ Երկիր։ Այս տարի Ժառանգաւորաց վարժարան արձանագրուած են ինն նոր սաներ, որոնց բոլորն ալ Հայաստանէն են։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քսանչորրորդ օրն է: Ժողովրդային անուանումով՝ Միջինք:
Շատեր, Միջինքը որպէս հանգստութեան եւ ուրախութեան առիթ կ՚ընկալեն, ոմանք նոյնիսկ իրենց պահեցողութիւնը կը խախտեն՝ մտածելով, թէ այդ օրը հանգիստի օր է:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հաղորդեց, որ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնը փոխուած է։ Այսպէս, դպրոցի նոր տնօրէնուհին է Մարալ Էօզտաղ, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին, որ ունեցաւ կարճ պաշտօնավարութեան շրջան մը։
ԶԱՐՄԻՆԷ Գ․ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի կիրակիներէն Անառակ որդիին նուիրուած կիրակիին նախորդ օրերը՝ փետրուարի 23 եւ 24-ը երկար պիտի յիշուի մեր համայնքէն ներս, մատուցուած հարուստ ու իւրօրինակ յայտագիրներով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի այսօր Նիւ Եորքի մէջ հանդէս կու գայ յատկանշական ելոյթով մը։ Ձեռնարկը նախատեսուած է Նիւ Եորքի՝ «National Arts Club»ի երդիքին տակ։
Փաշինեան Տենտիասը ընդունելու ժամանակ կարեւորեց բոլոր մարտահրաւէրներու կառավարումը:
Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան հաւանական քառակողմանի համագործակցութիւն պաշտպանութեան ոլորտէն ներս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վաղը Միջինք է. շատ մը հայկական միջավայրերու մէջ Միջինքը կը նշեն սպասումով եւ ճոխութեամբ, ուստի սիրելի տօն դարձած է հայերուս համար:
Տնտեսի կիրակիին յաջորդող չորեքշաբթի օր կը նշուի Միջինքը. զայն, ինչպէս ծանօթ է՝ եկեղեցական տօն չէ, ամրագրուած չէ եկեղեցական տօնացոյցին մէջ, սակայն հայոց աւանդական կենցաղին մէջ շատ տարածուած ըլլալուն համար ունեցած է գեղեցիկ ծիսաշար:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդը իբրեւ անհատականութիւն ներկայիս ամէն ժամանակներէ աւելի զարգացած է, բայց, միեւնոյն ժամանակ (մանաւանդ երկրորդ եւ երրորդ աշխարհի երկիրներու մէջ), աւելի քաղաքականացած է եւ ենթակայ՝ քաղաքական ղեկավարներու ու խմորումներու: Նախկին դարերուն մարդը իբրեւ անհատ ինքնին մեծ ու ազդեցիկ արժէք չէր ներկայացներ՝ նոյնիսկ յարաբերական զարգացած համարուած ընկերութիւններու մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Բարերարութեան մասին որեւէ մէկ բան ըսա՞ծ է Իմաստունը:
Պատասխան. Առակաց 20.6-ին մէջ կը կարդանք. «Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պուտտայական կրօնքին պատկանող չինացի մը իր խանութին մէջ դրած էր Պուտտային մէկ արձանը՝ բաց ձեռքերով՝ բազկատարած եւ մէջը պտուղներ եւ դրամ դրած էր ձեռքերուն։ Երբ իրեն կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ այդ ուտելիքները եւ դրամը դրած էր Պուտտայի ձեռքերուն մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երեք տարիէ ի վեր՝ տուեալ տարեմուտին կ՚այցելէ Թուրքիա։ Սա Անգարա-Երեւան առանցքի վերջին տարիներու նոր աշխուժութեան յարիր երեւոյթ մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 125 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 6 նոյեմբեր 1899 թուականին, Մշոյ առաջնորդարանը մամուլի ճամբով տարօրինակ կոչ մը կը բարձրացնէր, ուր կը յորդորէր պանդխտութեան մէջ գտնուող այրերուն վերադառնալ իրենց տուները. անոնց կիները իյնալով առաջնորդարանի դուռը այդ մէկը կը պահանջեն, ըսելով «Հերիք է այսչափ սպասեցինք:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ վերջերս շրջայց մը կատարեցին դէպի Վոսփորի արեւելեան ափը։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Գանտիլլիի աստղադիտարանը, որ կը գործէ Պողազիչի համալսարանի հովանաւորութեան ներքեւ։
«Արաս» հրատարակչութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ ստեղծուած է «Եսայեան» մշակոյթի եւ գրականութեան միութիւնը։ Նորաստեղծ միութիւնը հիմնուած է «Արաս»ի հովանոցին ներքեւ եւ պիտի գործէ հրատարակչութեան համալիրէն ներս։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քսաներրորդ օրն է:
Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Հայր Մաթթա ալ-Մըսքին, պահքի մասին հետեւեալը կը գրէ. «Պահքը պատրաստութիւն է ընդունելու համար Աստուծոյ կենդանի Խօսքը՝ որպէս Նոր Օրէնք:
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ։
Երեւանի մէջ, սեպտեմբերի 17-20-ին տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը, որու առաջինը տեղի ունեցած էր 2022 թուականին։ Սա կը կազմակերպուի Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գրասենեակին կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Գահիրէ, ուր կը հիւրընկալուի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ-Սիսիի կողմէ։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Չանաքքալէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր քաղաքի Ենիճէ գաւառակին մէջ։ Ժամը 21.38-ին պատահեցաւ շարժը, որու սաստկութիւնը կազմեց՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.9։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Անգլիոյ բանուորական կուսակցութիւններէն Տէյվիտ Լեմին։ Այս վերջինը կը համարուի Անգլիոյ կառավարութեան «ստուերային արտաքին գործոց նախարարը»։