Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ Դ. դարուն քրիստոնէութիւնը «քաղաքական կրօնք» դարձաւ, այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ սկսան եկեղեցիներ կառուցուիլ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռքով, եւ կամ հին մեհենական շինութիւններ եկեղեցիներու վերածուեցան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարձեալ կը կրկտեմ մամուլի հին էջերը. ձեռքիս մէջ ունիմ մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 10 դեկտեմբեր 1904 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած «Կոչնակ»ը (Դ. տարի, թիւ 209):
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայազգի նկարիչ Էտկար Շահին ծնած է 31 հոկտեմբեր 1974 թուականին Վիեննա: Փորագրանկարչութեան աշխարհառչակ վարպետ մը եղած է: Անոր ստեղծագործութիւնները հայ մշակոյթի եւ 20-րդ դարու սկիզբին եւրոպական կերպարուեստին նշանակի երեւոյթներէն են:
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» համերգաշարի հերթական փուլը, որու ընթացքին պոլսահայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները ապրեցան ոգեւորութեան նոր ալիք մը։
Երեւան-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ ռազմական համագործակցութիւնը տակաւ կ՚ամրապնդուի:
Հայաստան տարեվերջին կը դառնայ Հնդկաստանի արտադրած «Akash-1S» համակարգերու առաջին օտարերկրեայ գնորդը:
Միջազգային օրակարգի վրայ միշտ արդիական հարցում մը. «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան»:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու զեկոյցներուն մէջ խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին Պաքուի սիստեմաթիք քայլերը:
Իսրայէլ արդէն երրորդ անգամ կը քալէ Խան Եունիս քաղաքին վրայ - Կարմիր ծովու մէջ ալ նոր դէպքեր:
Պայտըն, Սիսի եւ Ալ Սանի համատեղ յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղեցին բանակցութիւններու վերսկսման համար:
Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճօղլուն, Գնալը կղզիի ջրային մարզակումբի վարչութեան նախագահ փրոֆ. Էմրէ Պուրչքինը եւ Գոց շուկայի յայտնի վարպետներէն Սիմոն Մանճըլըքը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ դարձեալ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ մանաւանդ՝ վերջին շրջանին այս կապակցութեամբ Արեւմուտքէն հնչած յայտարարութիւններուն։
Ֆրանսական զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ համաձայնագիր:
Հայկական կողմին համար նախատեսուած միջոցները կը հետապնդեն զանազան բարեփոխումներ խրախուսելու նպատակը:
Մերձաւոր Արեւելքը պատած կրակի մթնոլորտին մէջ ազդու դերակատարներուն միջեւ շփումներ:
Թուրքիա եւ Քաթար միշտ համակարգուած քայլերով կը դիրքաւորուին տարածաշրջանային բարդ հարցերուն դիմաց:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան դուրս եկաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն:
Նորին Սրբազնութեան ապաքինման շրջանը կ՚ընթանայ տնային հանգիստի պայմաններով՝ ըստ բժիշկներու ցուցմունքներուն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ: Բայց ըսեմ...: Խօսքս հաստատապէս հայ գրողի եւ հայ ընթերցողի մասին է: Գրող, որուն շրջագիծէն ներս կ՚իյնան յօդուածագիրն ու բանաստեղծը, արձակագիրն ու սիւնակագիրը, հրապարակագիրն ու խմբագիրը եւ միւս բոլոր գրիչները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւնները այնպիսի ընթացք մը ունին, որ բոլորը կը ջանան հասկնալ, թէ ո՞ւր թաղուած է «շան գլուխ»ը։ Կազզէի եւ յարակից իրադարձութիւններով հանդերձ, Անգարա-Դամասկոս առանցքը կը շարունակէ կարեւոր օրակարգ հանդիսանալ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բազում անգամներ հարցուցած ենք, թէ ի՞նչ է կամ ո՞րն է դժուարը, ի՞նչ է կեանքը։
Կեանքը յաճախ կ՚ընթանայ մեր կամքին համաձայն։ Յամենայնդէպս, կեանքի սահմանումը համաձայնեցուած չէ եւ չունի յստակ բացատրութիւն։ Կեանքը նկարագրելը կը նմանի առարկայի մը անուանման, որու գործառոյթը չենք գիտեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քննեցէ՛ք Գիրքերը, քանի որ կը կարծէք թէ անոնցմէ յաւիտենական կեանք պիտի ունենաք։ Բայց ասոնք իսկ են որ կը վկայեն ինծի համար, որովհետեւ դուք կը կարծէք կեանք ունենալ…». (ՅՈՎՀ. Ե 39)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջին ժամանակներուն ինքզինքս շրջապատուած կը գտնեմ «Յաջողութեան գաղտնիքը» խորագրեալ յօդուածներով, որոնք երիտասարդութեան ուշադրութիւնը կը յաջողին գրաւել. այսօր համաշխարհային մամուլը, լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը այդ «յաջողութեան» գովքը հիւսելով կ՚ուզեն «գաղտնիք»ը յայտնել բոլորին, որովհետեւ անոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ ժողովուրդին մօտ կայ «յաջողութեան» անյագ ծարաւ մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ հաւատքը կը բացատրէ սա խօսքերով. «Արդ հաւատքը յուսացած բաներուն հաստատութիւնը եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցն է». (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։
Իսկ Յովհաննէս աւետարանիչ կը վկայէ. «Այն ատեն ներս մտաւ միւս աշակերտն ալ՝ որ առաջ գերեզմանը եկեր էր. տեսաւ եւ հաւատաց։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ օտարներ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ համար մերթ ընդ մերթ հայ ժողովուրդը «կ՚ատէ» թուրք ժողովուրդը, իսկ թուրքը՝ հայը. ամէ՛ն սփիւռքահայ նուազագոյնը անգամ մը ընդունած է այս հարցումը եւ այսպէս կամ այնպէս փորձած է խօսիլ արդէն իսկ դարաւոր անցեալ մը ունեցող դժբախտ պատահարներու մասին. սակայն ատելութիւնը միշտ ալ եղած է յարաբերական, որովհետեւ ատելութեան կողքին եղած է նաեւ սէրը եւ այդ երկուքը իրենք իրենց միջեւ բաժնուած է մի քանի տասնեակ խմբաւորումներու:
Անցեալ տարուան օգոստոսի սկիզբին բաղդատմամբ՝ այս տարի 17 սմ. աւելի բարձր է ջուրի մակարդակը:
Սեւանայ լիճի արագընթաց մակոյկները օգնութիւն կը փութացնեն լողորդներուն, որոնց թիւը բարձր է ամրան շրջանին: