ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԲՆԱԿԱՐԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առողջական վիճակը աստիճանաբար կը վերականգնուի՝ մինչ դարմանումը կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Նորին Սրբազնութիւնը վերջին օրերուն մասնագիտական խնամքի տակ կը գտնուէր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ուրախառիթ է, որ ան ներկայիս արդէն վերադարձած է իր բնակարանը, ուր կը բոլորէ ապաքինման շրջանը։ Բժիշկները յարմար դատած են, որ սրբազանը արձակուի հիւանդանոցէն։ Ուստի, նախընթաց օր երեկոյեան ան հիւանդանոցէն վերադարձած է իր բնակարանը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին, արտասահմանէ վերադարձին, վատ ինքնազգացողութեամբ պարտաւորուած էր դիմել Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Մասնագիտական մանրամասն քննութիւններու լոյսին տակ լուրջ պարագայ մը չէր ախտորոշուած, սակայն, անհրաժեշտ համարուած էր դարմանման շրջան մը։ Նորին Սրբազնութեան ապաքինումը կ՚ընթանայ երկու ուղղութիւններով։ Առաջինը՝ քիթ-կոկորդ-ականջի ճիւղին կը վերաբերի՝ քանի իր պարագային վերթիկօ մը ծայր տուած է։ Բաց աստի, ան ենթարկուած է վիրահատութեան մը, որու ընթացքին լազերային միջոցներով մարմնէն հեռացուած են քարեր։ Մասնագէտները նպատակայարմար դատած են նաեւ ստենթաւորման մը կատարուիլը, որպէսզի միզահեռացման հաւասարակշռութիւնները երաշխաւորուին։
Երէկ կարճ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ փառք կու տայ Աստուծոյ՝ հիւանդանոցէն դուրս գալով բնակարան վերադարձած ըլլալուն համար։
«Մենք մեր առողջական հարցերու պարագային նախ կը վստահինք ամենակալ Աստուծոյ, յետոյ ալ մեր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին, որ թրքահայութեան պարծանքն է։ Շնորհակալ եմ բոլոր մասնագէտներուն, որոնք իրենց պաշարը ի սպաս դրին իմ դարմանման կազմակերպման համար։ Շնորհակալ եմ նաեւ հիւանդանոցի բոլոր վարչական պատասխանատուներուն, որոնք եւս իրենց ուշադրութիւնը չզլացան։ Երախտապարտ եմ մեր բոլորին սիրելի հոգաբարձութեան ատենապետ պրն. Պետրոս Շիրինօղլուին, որ թէեւ քաղաքէն բացակայ էր, սակայն, ես գիտեմ, հեռակայ դրութեամբ հետեւեցաւ ամէն ինչին։ Իմ ընտանեկան անդամներուն առընթեր, շնորհակալ եմ նաեւ իմ հոգեւոր եղբայրներուն եւ մեր համայնքի այն հաւատացեալներուն, որոնք զիս իրենց աղօթքին ու բարեմաղթանքին առարկայ դարձուցին։ Աստուծոյ կամքով տրամաբանական ժամկէտի մէջ կ՚աւարտի մեր ապաքինման շրջանը ու մենք կը վերադառնանք մեր բնականոն գործունէութեան, մեր ընթացիկ աշխատանքին՝ ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին», մեզի յայտնեց Նորին Սրբազնութիւնը։
Այս առթիւ արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ միանալով իրեն համար առ Աստուած բարձրացուած աղօթքներուն։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024