Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք համացանցի եւ արդի արհեստագիտութեան վնասներուն մասին, սակայն անցեալը ուսումնասիրելով մարդ մասամբ կրնայ համոզուիլ, որ իր ժխտական երեւոյթներուն կողքին, ունի նաեւ իր դրական կողմերը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ քաղաքական հռետորաբանութեան հնարքները մէկ կողմ թողենք եւ անդրադառնանք Իլհամ Ալիեւի ելոյթի վերջին իմաստին, ապա այդ մէկը կարելի է ձեւակերպել երեք կերպով.
1- Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ բաց սահման ունենալու ցանկութիւն չունին, իսկ «Զանգեզուրի միջանցքը» պէտք է ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութենէն դուրս։
Արմէն Գրիգորեան Արեւմուտքի հիմնական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներ ծաւալեց:
ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներուն հետ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացներու արժեւորում:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւնները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ որակուեցան լրջագոյն հարուած խաղաղութեան գործընթացին։
Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի պատմական հսկայ շէնքի վերանորոգման նախաձեռնութիւնը:
Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը ելոյթ մը ունեցաւ շաբաթավերջին կազմակերպուած արժեւորման հաւաքոյթի ընթացքին:
Թուրքիա ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ՝ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նահատակուած զինուորներուն:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը վճռակամութեամբ յառաջ պիտի տարուի՝ ամբողջական ռազմավարութեան մը ձեւով:
Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի ութօրէքին՝ Տէր Յիսուսի Անուանակոչութեան տօնին առթիւ շաբաթավերջին Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայիս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը մեկնած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ՝ Ամանորի առթիւ վիճակահանութիւն մը, որու հասոյթը այս տարի կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը։
Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բոլոր տեղահանեալներուն պէտք է տրուի արժանապատիւ ու ապահով վերադարձի հնարաւորութիւն։
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար երկուշաբթի պիտի այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ, նաեւ պիտի հիւրընկալուի երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ։
Հիւսիսային Իրաքէն հասած լուրերը երէկ խոր ցաւ ու մեծ ցասում յառաջացուցին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք զինեալ ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան՝ ՓՔՔ-ի միջեւ ծագած բախումներուն հետեւանքով 9 զինուոր նահատակուեցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանան թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ Իրանի խոցելի կողմերը, որոնք դեմոկլեան սուրի նման կը ճօճուին անոնց գլխուն վերեւ:
Տարածաշրջանային արիւնալի իրադարձութիւններու դիպաշարը ճակատագրական ու նուրբ հարցականներու մեծ տրցակ մը կը բանայ. ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ վաղուան օրը Կազզէի մէջ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կ՚ուզենք յայտնել, որ այս եւ յառաջիկայ շաբաթ օրերու մեր սիւնակով, պիտի ներկայացնենք մեր գրողներէն ոմանց կեանքը, գործունէութիւնը, անոնց մասին եղած գնահատականներն ու քննադատականները, ինչպէս նաեւ ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք անոնց գրութիւններէն, ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երեւակայել եւ տրամաբանել՝ ահաւասիկ երկու մարդկային կարողութիւններ։ Աստուած մարդուն տուած է զանազան կարողութիւններ, որոնց գլխաւորներն են երեւակայելու եւ տրամաբանելու կարողութիւնները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ հարց կը տրուի, թէ հայերէն խօսակցական լեզուի մէջ ինչո՞ւ համար կը գործածուի «կոր» արտայայտութիւնը, ինչ որ շատ շատերու կողմէ սխալ նկատուելով հանդերձ կը շարունակէ պահել իր գոյութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի լուրջ արշաւ մը, չէզոքացնելու եւ անզօրութեան մատնելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, եւ այդ մէկը կը կատարուի լաւապէս ուսումնասիրուած ու խոհեմ ձեւով:
Հայաստանի արդարադատութեան փոխ-նախարար Արմենուհի Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կը նախատեսուի երկրէն ներս դադրեցնել պատուաւոր կոչումներու շնորհումը։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին վերատեսութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ պատուաւոր կոչումներու շրջանակը։
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Հայկ Սարգսեան յայտարարեց, որ 2019 թուականէն ի վեր աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ սկսած են խուսափիլ պարտադիր զինուորական ծառայութենէ եւ բարձրացած է այդ պատճառով հետախուզուողներու թիւը։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Զուիցերիա։ Այս ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի տարեկան հաւաքի բացման ճիշդ նախօրեակին։