Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բեթլեհէմ քաղաքի մէջ ծնաւ մանուկ Յիսուս՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ Աստուած համեստ պայմաններու եւ անշուք միջավայրի մը մէջ բայց մեծ փառքով։ Եւ ասիկա եղաւ մանուկ Յիսուսի առաջին պատգամը՝ ինքնահաճ եւ յաւակնոտ մարդկութեան, թէ՝ համեստութեան եւ խոնարհութեան մէ՛ջ է փառքը եւ վեհութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարեր շարունակ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդի մասին եղած են բազմաթիւ հարցադրումներ մինչեւ օրս եւ մեծ հաւանականութեամբ վաղը եւս պիտի շարունակեն հնչել հարցեր, որոնք մարդ արարածը կը մտահոգեն. յաճախ տրուող հարցերէն մին այն է, որ ինչո՞ւ համար Յիսուս Քրիստոս սովորական տան մը մէջ ծնելու փոխարէն լոյս աշխարհ եկաւ մսուրի մը մէջ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու աշխարհական աշխատակիցներուն հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ազատ է սուրճը շաքարով կամ առանց շաքարի խմելու. բայց եթէ բանաւոր պատճառ մը կամ առողջական լուրջ արգելք մը չկայ, ազատ չէ ուրիշի մը սուրճին միջամտելու։ Այս պարզ օրինակը ցոյց կու տայ, որ մա՛րդ անսահմանաբար ազատ չէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցած է բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին յիշուիլ որպէս մեծ արժէքներ. ինչպէս՝ Կոմիտաս Վարդապետ, Երուանդ Օտեան, Յակոբ Պարոնեան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տօնական եւ խորհրդալի այս օրերուն բացառիկ ցուցահանդէս մը բացուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ: Ցուցադրուած են Սուրբ Ծնունդը պատկերող բացառիկ մանրանկարներ, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ կը ցուցադրուին:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան երէկ վախճանած է։
Պաքըրգիւղի ընտանիքին տարեմուտի խանդավառութիւնը բնորոշուեցաւ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած համերգներով, որոնք բացառիկ բարձր տրամադրութեան առարկայ դարձան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խնդիրը շատ խորքային է. այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին է այն միակ կառոյցը, որ տակաւին կը շարունակէ ազգայնութեամբ շնչել Հայաստանի մէջ:
Սա տակաւին սկիզբն է եւ այն ճղճիմութիւնն է, որով կը ղեկավարուի երկիրը՝ բաւարարելով անոր «հպարտ» քաղաքացիները, որոնք կարծես նախիրի վերածուած են՝ որպէս ժողովուրդ:
Իրանի Քիրման քաղաքին մէջ երէկ պատահած իրերայաջորդ պայթումները մեծ թիւով զոհեր խլեցին եւ մտահոգութիւն յառաջացուցին:
Ռայիսի յետաձգեց Թուրքիա պաշտօնական այցելութիւնը, Էրտողան հեռախօսազրոյցի ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնեց իր պաշտօնակցին:
Հայաստանի Հանրային հեռարձակողի խորհուրդը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Ամանորի գիշերը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ չհեռարձակուելուն կապակցութեամբ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Հաքան Ֆիտան նշեց, որ յունուարի 6-ին Էնթընի Պլինքըն պիտի ըլլայ իր հիւրը, այսպէս ծրագրուած է ներկայիս, եթէ վերջին պահուն փոփոխութիւն մը չըլլայ։
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան կողմէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի պատգամին չհեռարձակուիլը ծնած է լուրջ բանավէճ մը:
Լռութիւն… ինչո՞ւ եւ մինչեւ ե՞րբ:
Մասնագիտական տեսակէտ. «Խախտուած է հաստատութիւն-գործառոյթ-լիազօրութիւն եռամիասնութեան սահմանադրական ներդաշնակութիւնը, ինչ որ դատական քննութեան առարկայ պէտք է դառնայ»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սփիւռքի տեսակէտէ որքա՜ն տխուր եւ վրդովեցուցիչ է՝ տարեսկիզբի տրամադրութիւններով տեսնել, թէ Հայաստանի մէջ Հանրային հեռուստակայանին կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը զրկուի ձայնի իրաւունքէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կազզէի պատերազմին առումով ներկայ տարեմուտի դրութեամբ տակաւին շատ բան աղօտ է, սակայն յառաջիկայ շաբաթներուն կարգ մը հանգամանքներ կրնան յստականալ՝ մինչ Իսրայէլի բանակի զինուորներու վկայութիւնները կը բացայայտեն խորապէս մտահոգիչ պատկեր մը:
Նախագահական ընտրութեան ընդառաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ամենայն զգուշութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն: Նեթանիյահուի ընդդիմադիրները գերիներու ընտանիքներուն հետ կը նոյնացնեն իրենց պահանջները՝ հաշուարկելով, որ այս բոլորէն վերջ իրենք պիտի ըլլան հիմնական շահառուն:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անոնք որոնք միայն լուրջ գրականութեան, լուրջ թատրոնի, լուրջ հացի, լուրջ ուիսքիի, լուրջ ֆիլմերու եւ լուրջ ժամադրութիւններու մասին կը խօսին, իրականութեան մէջ գրական ասպարէզին վրայ ամենամեծ ծաղրածուներն են, որոնց կը պակսի միայն անշարժ գոյքի հմուտ մասնագէտ մը, ով կարենայ համոզել Զիատ Մաուլաուիին1, որպէսզի «Ալ Խայամ»2 թատրոնը վերջնականապէս իրենց յանձնէ…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ արարածը կը զարգանայ զգացումներու տարափի մը մէջ։ Մանուկ հասակէն իսկ, մարդ կը շրջապատուի զանազան զգացումներու ազդեցութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանը շատ մը հայերու համար ինչքան ալ յետամնաց, անհաճոյ վայր մը թուի ըլլալ, օտարներու համար կը շարունակէ գեղեցիկ ու զմայլելի վայր մը ըլլալ: Այդ մէկը փաստելու համար բաւարար է նայիլ վիճակագրութիւններուն. 2022 թուականին պետական յայտարարութեան համաձայն, Հայաստան մուտք գործած էր մօտաւորապէս 1.670.000 զբօսաշրջիկ, սակայն 2023 թուականի վիճակագրութիւններու համաձայն այդ թիւը բարձրացած է 31 առ հարիւր տոկոսով, հասնելով մօտաւորապէս 2.200.000-ի:
Այս տարեմուտին Մոսկուայի մէջ մահացած է ռուսահայ համայնքի տիրական եւ խորհրդանշական դէմքերէն մին, որ կը վայելէր յարգանք ու կը դասուէր ռուսահայ հեղինակաւոր գործիչներու շարքին։