Արխիւ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

Հայաստանի կողմէ արտադրուած առաջին արբանեակը՝ «Հայասաթ-1»ը, որ շաբաթավերջին արձակուած էր, արդէն մտած է իր ուղեծիրը։ Երեւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ արբանեակին հետ յաջողութեամբ կապ հաստատուած է եւ ան սկսած է ուղարկել իր առաջին ազդանշանները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

Մարմարա ծովուն մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցան երկու իրերայաջորդ երկրաշարժներ, որոնց պատճառած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Իսթանպուլէն։ Երկրաշարժներէն մէկուն էփիկեդրոնը կը գտնուէր Կեմլիքի ծոցին, իսկ միւսինը՝ Մուտանիայի մերձակայքին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

Իսրայէլ չի թաքցներ, որ լուրջ տարակարծութիւններ ունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ:
Կազզէի պատերազմը վերսկսաւ, նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ջանքերը մշտական հրադադարի հետամուտ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն:
Շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանին յանձնուեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան հանդիսութիւններուն։ Արարողութեանց ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց հայոց առաջին լուսաւորիչները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները։ 2015 թուականէն ի վեր այս տօնը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հռչակուած է՝ աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մօրեղբօրս՝ Գրիգոր Ապուտուրեանի յիշատակին։

Կարծես ըլլար Զաւէն Պիպեռեանի հերոսներէն մին։ Թեւաթափումներու մեծ տոպրակ մը, որ հիմա պիտի վերադառնայ հին հողին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհահռչակ իմաստասէր, ուսողագիր, ապագայատես, գիրքերու հեղինակ եւ ձեռներէց, Նիւ Եորքի համալսարանի դասախօս Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ դեկտեմբերի առաջին երկու օրը անցուց Երեւանի մէջ։ Ան «Գիտութեան եւ գործարարութեան օրեր 2023» համաժողովի պատուաւոր հիւրն էր:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Black Mirror» իրականութեան մէջ միայն հեռուստաշար մը չէ, այլ ան կը նմանի մտքի տարրալուծարանի մը, որ մարտահրաւէր կը նետէ սովորական մտածումներուն: Իւրաքանչիւր դրուագով կը ճանապարհորդէք բոլորովին այլ տիեզերք մը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գործաւորութիւն ընող պատանի մը, որ մօրը տասնութը զաւակներուն տասնհինգերորդն էր։ Ան երգիչ ըլլալու մեծ փափաք ունէր։ Օրին մէկը ան երաժշտութեան ուսուցիչի մը քով կ՚երթայ։ Երաժշտութեան ուսուցիչը կ՚ընդունի տղան, եւ անոր ձայնը քննելէ յետոյ՝ կ՚ըսէ. «Տղայ, դուն ձայն չունիս, ուստի երգիչ չես կրնար ըլլալ, բայց գնա՛ եւ եթէ կարող ես սորվիլ՝ արհեստի մը հետեւէ»։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ լսուած հարցերէն մին այն է, թէ որքանո՞վ ճիշդ է, որ ամուսնացեալ զոյգեր ապրին իրենց ծնողներուն հետ միատեղ: Այս հարցին շուրջ հասարակութիւնը ունի տարբեր կարծիքներ. ոմանք այդ մէկը սխալ կը նկատեն, իսկ ուրիշներ ճիշդ՝ զանազան պատճառներ առաջ քշելով:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Երեսուն տարիէ աւելի հետեւելով քաղաքական կեանքին՝ ես, բնականաբար, չեմ զարմանար քաղաքական գործիչներու ցինիզմի նենգութեան եւ փարիսեցիութեան վրայ։ Սա, կարելի է ըսել, մասնագիտական առանձնայատկութիւն է. ինչպէս աճպարարի գործը լայնեզր գլխարկէն նապաստակ հանելն է, այնպէս ալ քաղաքական գործիչի աշխատանքի հիմնական մասն է մարդիկ խաբելն ու մոլորեցնելը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Ժառանգութեան ակումբին նախաձեռնութեամբ ցուցահանդէս մը:
«Երկրի մը պատմութիւնը» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Մաթոսեան» գեղարուեստասրահին մէջ՝ թանգարանի մը նման միջավայրով:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանի բացման ուղղութեամբ թէեւ գործնական որեւէ նորութիւն չկայ, սակայն, երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան բերումով այս նիւթը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դառնալ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Սքոփէի մէջ, ԵԱՀԿ-ի նախարարական հաւաքի ծիրէն ներս։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան շրջագծային համաձայնագրին կողմ երկիրներու խորհրդաժողովը:
Նախագահ Էրտողան. «Թուրքիա կը նախատեսէ 2053 թուականի դրութեամբ կեանքի կոչել 0 արտանետումի նպատակը»:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

Յառաջիկայ տարուան առաջին եռամսեակին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները այժմէն սկսած են պայմանաւորել Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

Հայաստանի կողմէ տիեզերք արձակուեցաւ առաջին հայրենական արբանեակը, որ կը կոչուի «Հայասաթ-1»։ SpaceX ընկերութեան Falcon-9 հրթիռով տիեզերք արձակուեցաւ արբանեակը եւ հեռարձակման սկիզբը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ։ Արբանեակը արտադրած են հայկական «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու տարրալուծարանն ու Գիտական նորարարութեան ու կրթութեան կեդրոնը (CSIE)։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պատրիարքարանի տնտեսական յանձնախումբի անդամները։ Հարկ է նշել, որ յանձնախումբի կազմը վերջերս համալրուած է։

Էջեր