Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023

Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եղանակի բացման ձեռնարկ մը։ Միութիւնը արդէն 78-րդ գործունէութեան շրջանը թեւակոխած է։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023

Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած եւ մօտաւոր անցեալին համայնքային շրջանակներէն ներս համատարած գնահատանքի արժանացած՝ «Հայ կինը. մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան երէկ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ներկայացան՝ շնորհաւորելու համար 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023

Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ուղիղ տասը տարի առաջ՝ 2013 թուականին Հայաստանի մէջ մահացաւ մեր ժամանակներու հայ լաւագոյն արուեստագէտներէն Յակոբ Յակոբեան: Ան 90 տարեկան էր՝ վաստկած էր արուեստագէտին տրուող բոլոր կոչումները, ունեցած էր ճանաչում, փառք, գնահատանք, մեծարում եւ մահացաւ իր սիրելի հայրենիքին մէջ, ուր սփիւռքէն եկած էր ապրելու տակաւին 39 տարեկանին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ինչպէս միւս բոլոր կենդանի էակները, մարդիկ եւս զարգացած են բնական ընտրութեան աստիճանական գործընթացի միջոցով, որ կ՚ապահովէ տուեալ բնապահպանական համատեսքին մէջ գոյատեւելու եւ գոյապահպանման համար անհրաժեշտ սարքաւորումները:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Թելադրիչ եւ հետաքրքրական պատմուածք մը՝ որ ցոյց կու տայ «անուշ խօսք»ի մը կարեւորութիւնը մարդկային կեանքի մէջ, եւ թէ ո՜րքան կ՚ազդէ կեանքին։
Ուստի, ուղղակի՛, այդ իրադարձութեան վկայողէն լսենք եւ հետեւինք սոյն վկայութեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մանկավարժութենէն ներս կարեւորագոյն նիւթերէն մին կը նկատուի մանուկներուն իրենց սեռին հանդէպ ունեցած «գիտակցութիւն»ը: Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ մանուկը իր սեռը կը սկսի ճանչնալ մօտաւորապէս 2-3 տարեկանին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի երկիրներու հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդները հանդիպում մը ունեցան ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտի հետ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

Երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք մեր հիմնադիրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խոնարհինք թերթիս բոլոր նուիրեալներու յիշատակին առջեւ։ Խոր երախտագիտութիւն կը յայտնենք թերթիս սիրեցեալ ու հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք հայ մամլոյ նահապետին միակ ապաւէնն ու յենարանը կը հանդիսանան՝ հետեւելով մեր տպագիր տարբերակին, կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ պատճառներով Իսրայէլ կը յետաձգէ Կազզէի ցամաքային գործողութիւնը։ Վերջին օրերուն ամենատարբեր հարթակներու վրայ վերլուծութիւններ կը հրապարակուին այս կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 14.1-8:
Եսայիի մարգարէութենէն 33.22-34.1:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 1.18-24:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ աշխարհի վրայ որեւէ կեանք, որեւէ էութիւն իր գոյութիւնը կրցած է պահել եւ տեւականացնել աւելի քան դար մը՝ ասիկա կարեւոր դէպք մըն է, եւ կ՚արժէ մինչեւ իսկ ընկերաբանական տեսակէտէ լո՛ւրջ հետազօտութեան եւ գիտական ուսումնասիրութեան մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դժբախտաբար ծնողներ ինչքան ալ փորձեն իրենց մանուկները ամենէն կատարեալ ձեւով դաստիարակել, ակամայ մանուկը ժխտական սովորութիւններ ձեռք կը բերէ, որոնցմէ մէկն է, օրինակ, գողութիւնը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

Դար մը առաջ, երբ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ, երկրագունդը տակնուվրայ էր։ Բաւարար է յիշել՝ նախորդած Ա. Աշխարհամարտը, որ անթիւ զոհեր խլած ու աննկարագրելի աւերներու պատճառ դարձած էր։ Արիւնալի, ողբերգական դէպքերուն կարեւոր մասը տեղի ունցած էին նոյն տարածքներուն վրայ, ուր յաջորդ քայլափոխին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյացաւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հաւանական կը նկատէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ մօտաւոր ապագային դրական տեղաշարժը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023

Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը բովանդակ երկրին մէջ կը նշուի համատարած խանդավառութեամբ: Ամբողջ Թուրքիան համակուած՝ դարադարձի բարձր տրամադրութեամբ եւ ազգային անխախտ միասնականութեան ու համախմբման վերանորոգ գիտակցութեամբ:
Յոբելեանը կը բնորոշուի յաղթական ընթացքով ու տօնական աննախընթաց ոգեւորութեամբ՝ մինչ մայրաքաղաք Անգարայի եւ բոլոր քաղաքներուն մէջ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենան փայլուն հանդիսութիւններ:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն 29 Հոկտեմբերի առթիւ հրապարակած պատմական պատգամով թարգման հանդիսացաւ բոլորի հասարակաց զգացումներուն:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրով՝ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023

Արցախէն բռնի տարհանուածներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները միշտ խոշորացոյցի տակ:
Գաղթականներու հետ բոլոր շփումները կը վերահաստատեն, որ մարդիկ շատ հեռու են վերադառնալու մասին մտածելէ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023

Թիֆլիզի մէջ, Վրաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային ֆորումը առիթ հանդիսացաւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր շփումի մը։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի միջնորդութեամբ մէկտեղուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով, որոնք մասնակցեցան վերոյիշեալ ֆորումին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։

Էջեր