Արխիւ
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան վաղը շփումներու պիտի ձեռնարկէ Երեւանի մէջ, ուրկէ պիտի անցնի Պաքու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Էնթընի Պլինքըն այս կիրակի պիտի այցելէ Անգարա։ Ան Իսրայէլ-Պաղեստին ողբերգութեան մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր իրերայաջորդ կ՚այցելէ զանազան մայրաքաղաքներ։
Արտաքին գործոց նախարարին շփումներէն վերջ կ՚ակնկալուի նաեւ նախագահին պաշտօնական այցելութիւնը:
Իսրայէլին ուղղեալ յորդորներ. Թուրքիա եւ Իրան հետամուտ՝ Կազզէի մէջ ժամ առաջ հրադադարի հաստատման:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս իւրայատուկ շրջան:
Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան հոգեւորականաց դասու անդամներուն հետ մէկտեղուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Այս շրջանին Ուքրայնայէ ներս օրակարգի վրայ է Ուղղափառ եկեղեցւոյ գործունէութեան կասեցումը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը չեղարկեց «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքը։ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեան երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ այս կապակցութեամբ պաշտօնական ամփոփ տեղեկութիւն մը հրապարակեց։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ուրախութեան եւ գոհունակութեան առիթ մը եւս շնորհուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ղեկավար անձնակազմին, աշխատակազմին եւ ընթերցողներուն, ականատեսն ու մասնակիցը դառնալու թերթիս 116-րդ տարեդարձին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ բացուած հերթական ցուցահանդէսը լայն արձագանգներ ու մեծ հետաքրքրութիւն ունեցաւ. «Զարթօնքի վկաները» խորագրեալ ցուցահանդէսը պոլսահայ լուսանկարիչ Ապտուլլահեան եղբայրներու լուսանկարներու՝ Հայաստանի մէջ առաջին յետահայեաց ցուցադրութիւնն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային հոգեբանութիւնը շատ հետաքրքրական եւ նոյնքան տարօրինակ է։ Իրականին՝ մարդը ինք անհասկնալի է։ Ամէն մարդ յարգ եւ պատիւ կ՚ուզէ վայելել, բայց նկատի չ՚առներ, թէ արժանի՞ է, թէ ո՛չ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն մարդ իր տարբեր ժամանակաշրջաններուն որպէս օրինակ ու տիպար կ՚ընդունի անհատ մը՝ որուն ազդեցութեան տակ կը փորձէ իր կեանքին ընթացք տալ:
Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի շրջանակներէն ներս «Արաս» հրատարակչութեան տաղաւարը գրասէրներու ժամադրավայրը կը շարունակէ հանդիսանալ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Դպրոցի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին՝ իրենց ելոյթներով բոլորին կողմէ խլեցին ծափահարութիւններ։
Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցականներուն յորդորեց հոգեխնամ առաքելութիւն իրականացնել՝ իրենց հօտերուն համար:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն՝ հոգեւորականներու կատարելագործման նպատակով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էրիթրէի եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Եւրոպայի առաջնորդ Ապունա Փաուլոս Եպիսկոպոսի եւ ընկերակցութեամբ Տ. Զէրիսենայ Աւագ Քահանայի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջան:
Հայաստանի յետպատերազմեան առկայ մարտահրաւէրներն ու Արցախէն տարհանեալ հայերու կարիքները միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի շրջանակներէն ներս «Արաս» հրատարակչութեան տաղաւարը կը շարունակէ գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսանալ։
Այսու կու գանք մեր ընթերցողներուն տեղեկացնել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը համախոհաբար որոշած են թերթիս համար ակամայ սահմանել նոր սակագին մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօրուընէ սկսեալ կը վաճառուի 5 (հինգ) թրքական լիրա փոխարժէքով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը (1920-2020)» մենագրութեան շնորհանդէսը։ Որպէս Հայկազեան համալսարանի հրատարակութիւն լոյս տեսած է այս գիրքը, որու հեղինակն է Ռուպինա Արթինեան։
Կալաթասարայի վոլէյպոլի կանանց կազմին կողմէ քաղաքավարական այցելութիւն:
Կիւլմէզկիլ ջերմ հանդիպման ընթացքին մարզաշապիկ մը նուիրեց Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսին: