Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սեբաստահայոց հայրենակցական միութեան վարչայինները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Եէօնքէսէրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն, Պէզճեան Մայր վարժարանէն եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։
Հայաստանի բոլոր թանգարաններու եւ գրադարաններու կոթողներու պահպանման ճանապարհին լուրջ քայլ:
Երեւանի Մատենադարանէն ներս՝ ձեռագրերու վերականգնման համար անհրաժեշտ տեղական հումքով թուղթի արտադրամաս:
Մոնրէալի «Ալեք Մանուկեան» վարժարանի հիմնադրութեան 55-ամեակին առթիւ յոբելենական ձեռնարկ:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան այցելեց Գանատա:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը իրականացնել հնարաւոր կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային։
Երեւանի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոն, որ երկուշաբթի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։
Այս երկուշաբթի պիտի սկսի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը։ Այս տարի արդէն երկրորդ անգամ հայկական դիւանագիտութիւնը հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութեամբ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւորականներ, «իբրեւ ստանձնուած առաջնահերթ պարտականութիւն ունին Աստուծոյ Աւետարանը բոլոր մարդոց քարոզելու». (ՄԱՐԿ. ԱԶ 15), ըստ Տիրոջ պատուէրի։ Արդարեւ, անոնք Քրիստոսի հեղինակութեամբ օժտուած են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անշուշտ (կարծես ինչպէս ամէ՛ն մտաւորականի պարագային), կեանքը Ալիքեանի հանդէպ արդար չեղաւ. հայ ազգը չկրցաւ գնահատել մայրենի լեզուն աստուածացնող մտաւորականը եւ իր ծերութեան մէջ լքեց զինք.
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուա բարձրագոյն մակարդակով ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը Ատրպէյճանին, ունի յստակ ենթաուղերձ մը:
Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ յառաջ տարուած հայեատեաց քաղաքականութիւնը իւրացուած է նաեւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի կողմէ։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցաւ խանդավառ հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդն ու տիկնանց կազմը հիւրասիրեցին զանազան թաղերէ կանայք, որոնք նախաճաշի սեղաններու շուրջ համախմբուեցան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ առաջին դասարանի ընթերցման տօնը, որ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ համանուն սանուց միութեան սրահի երդիքին տակ։ Դասարանի ուսուցչուհի Այլին Էսաեան սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեց՝ արդէն տառաճանաչ դարձած փոքրիկները։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուած STEM մրցոյթը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս միջվարժարանային ձեռնարկը կարեւոր էր՝ քանի զանազան հարցերու լուծման ընդունակութեան առումով արդիական հիմնական ուսուցման մեթոտներէն մէկուն վրայ հիմնուած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ գլխաւորեց՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած դէպի Արմաշ ուխտագնացութիւնը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ափոֆենի մանաւանդ հոգեբանութեան մէջ յարաբերաբար նոր հայեցակարգ մըն է, որ կ՚արտայայտէ այն երեւոյթը, երբ մարդը պատահական եւ կապակցութիւն չունեցող տուեալներու մէջ իմաստ, օրինաչափութիւն կամ ձեւ մը կը տեսնէ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան՝ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու դեսպանները, որոնք տարածաշրջանային սեմինարի մը մասնակցեցան Երեւանի մէջ։
ԱՄՆ կը ջանայ կանխել նոր յարձակումը, Թուրքիա կ՚ակնկալէ վերջնական խաղաղութեան հաստատումը:
Ֆիտանի Ռուսաստան այցին ընդառաջ՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան համոզուած է, թէ Հայաստանի կապը պէտք է աշխուժանայ դասական սփիւռքի հետ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ*
Սփիւռքի կառոյցները չեն կրնար միայն բեմ ըլլալ, նոր սերունդը ինչպէ՞ս կրնայ յայտնաբերել իր դերը, արտայայտել իր ձայնը եւ ի գործ դնել կարողութիւնները:
Համայնքային կազմակերպութիւնները չեն յարմարիր ժամանակներու փոփոխութիւններուն, չեն արդիականացած եւ չեն ցոլացներ մերօրեայ մտածելակերպը: Եթէ կառոյցները լուրջ են իրենց առաքելութեան մէջ, ապա պէտք է դուրս գան միապաղաղ աւանդութիւններու սահմաններէն, ընդարձակեն իրենց տեսլականը եւ ստեղծեն ներառական ու ստեղծագործ միջավայրներ: