Արխիւ
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Խնդրեմ խօսեցէք ինծի հետաքրքրասիրութեան եւ պնակալէզութեան մասին, որովհետեւ ատոնցմով կը տառապիմ, կը փափաքիմ ձերբազատիլ ատոնցմէ: Կ՚ուզեմ իմանալ ատոնց սխալներն ու հետեւանքները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տէրունական աղօթքով՝ մենք կը պարզուիք մենք մեզի եւ միաժամանակ Հայրը կը պարզուի մեզի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի։
Որդեգրութեան ձրիաբաշխ պարգեւը մեզմէ մշտատեւ «դարձ» մը եւ «նոր կեանք» մը կը պահանջէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բնականաբար պատանիին սուտը ամբողջութեամբ կը տարբերի մանուկին սուտերէն, թէեւ կը հաւատանք, որ պատանեկան սուտին մէջ եւս մեծ դեր ունի մանկական սուտի կրկնութիւնը: Մանկութեան ժամանակ անզգալաբար եւ կամ վախի ազդեցութեան տակ գործածուող սուտը պատանեկութեան արդէն կը վերածուի վարքագծի եւ բնաւորութեան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Արցախի վերջին միօրեայ պատերազմէն ետք կարելի է արձանագրել, որ եռակողմանի յայտարարութիւնը (9 նոյեմբեր 2020) չեղեալ նկատուած է: Անոր ամբողջ հանգոյցը 9-րդ կէտն է, այլ խօսքով՝ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը:
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Գանատայի նոր դեսպանատան բացումը տեղի ունեցաւ, ինչ որ առիթ դարձաւ նաեւ բարձր մակարդակի այցելութեան մը։ Այսպէս, դեսպանատան բացման առթիւ Երեւան այցելեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, որ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Միշելի միջնորդութեամբ ամսավերջին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ:
Նախարար Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահը ակնյայտօրէն ժամանակ չէ գտած եռակողմանի տեսակցութեան մասնակցելու:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ՝ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից երիտասարդներուն, նաեւ մարզիկներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մինչ Թեհրանի մէջ «3+3» ձեւաչափով կազմակերպուած ժողովին արձագանգները կը շարունակուին, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով «BBC»ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ յայտարարեց, որ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրը այդ հարթակին վրայ պիտի չկնքուի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ Քեսապ հայկական աւանը միշտ ալ ուշադրութեան կեդրոնին է։ Այդ երկրին մէջ պատերազմի շրջանին, բոլոր գիւղերուն նման Քեսապ ալ անմասն չմնաց ծայրայեղականներու յարձակումներէն:
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան յորդորեց հայեացքը մշտապէս ուղղել դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հոգեւորականաց դասու հերթական հաւաքը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Եգիպտոսի դեսպան Սերենատ Մուհամմէտ Սոլիման Կամիլին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիէն Հայր Իլարիոն, որ իր աստուածաբանական կրթութիւնը կը շարունակէ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէին մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց փառատօնի ծիրէն ներս առանձայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ «Փառատեսիլ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու մրցոյթը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան խանդավառ տօնակատարութիւններ։ Շուրջ մէկ շաբթուան վրայ տարածուած ծրագիր մը գործադրուեցաւ դպրոցէն ներս, աշակերտներուն մօտ ընդհանուր պատկերացում մը ձեւաւորելու համար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց շարժման մասին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը խրախուսէ համակեցութեան եւ խաղաղութեան ուղղեալ ջանքերը:
Պատրիարքական Աթոռը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի դէպքերու մթնոլորտին մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տակաւին Երեւան եմ...:
Թէեւ ամէն առաւօտ աշնանային մշուշ մը միշտ իր ետեւը պահած կ՚ըլլայ մեր հայրենիքի մայրաքաղաքը, սակայն ժամեր ետք, արշալոյսը կրկին անգամ կը ծնի, իբրեւ նոր օրուայ աւետում: Ի՜նչ երջանկութիւն:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թունաւորուած կազմուածքը անկարող է առողջ սերունդ արտադրելու եւ ալքոհոլամոլին երեխաները իրենց վրայ ծնողներուն աւերիչ կնքիը կը կրեն:
Որդիները իրենց ծնողներուն ու պապերուն մեղքին համար սարսափելի կերպով կը տուժեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ մարդս պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր գործողութեան լաւ եւ վատ հետեւանքներու համար, ան պիտի ունենայ առ այդ ո՛չ միայն որոշեալ չափահասութիւն կամ կատարեալ հասակ, այսինքն՝ առողջ եւ հասուն մտածողութիւն, այլ նաեւ՝ «կամքի ազատութիւն», կամ որ նոյն է՝ «ինքնայօժար հաւանութիւն» կամ «յօժարակամ հաճութիւն»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մանկավարժական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, մանուկը իր առաջին սուտերը 2-4 տարեկանին կը սկսի դուրս տալ: Տարբեր է սակայն մեծահասակներուն եւ մանուկներուն սուտերը. ստախօսութիւնը յոռի երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, մանուկներու պարագային կը կրէ որոշ անմեղութիւն մը, որովհետեւ անոնց մօտ ստելը չարամտութեան նշան չէ, այլ ճանաչողութեան զարգացման ընթացք մըն է պարզապէս:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
ՄԱԿ-ի առաքելութեան Արցախ ժամանումի լուրը գործընթացներու հունաւորման ուղղութեամբ հիմնական նոր տուեալ չի հաղորդեր: Ո՛չ միայն ուշացած գործողութիւն է միջազգային ընտանիքին կողմէ, այլ նոյնիսկ անհեթեթութեան ուղերձներ կը փոխանցէ: