Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հասած ենք կէտի մը, ուր անդունդն է: Բաւական ժամանակէ ի վեր կը կենանք անդունդի ծայրին: Եւ չենք ջանար քայլ մը առաջ կամ ետ երթալ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տնային կենդանիներուն կաթը եւ գործածելու ձեւը:
Կաթին ախտահանումը. Ստերիլիզացիա1 եւ պաստերիզացիա2: Ի՛նչպիսի ամանի մէջ պէտք է պահել կաթը: Պտուկը կամ ծծիկը: Ուրիշ նիւթերով սնուցումը: Խմորեղէն կերակուրներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոն՝ ուր ճշմարիտ ընտանիք կը գտնուի, հոն կայ երջանիկ եւ խաղաղ կեանք, որ կ՚ենթադրէ բարգաւաճ կեանք։ Մաքուր սրտով ընտանիք եթէ չկայ, հոն բարոյական, քաղաքական եւ հոգեւոր անկում կը տիրէ, որ թշուառութեան պատճառ կ՚ըլլայ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շատ հաւանաբար ձեզի հետ ալ նման անախորժ միջադէպ մը պատահած ըլլալու է: Դէպք մը, որ անկախ քու կամքէդ, յանկարծ ծնունդ առնելով, վայրկեանին տրամադրութիւնդ քանդած, դանակոտելով ուղեղիդ բոլոր ուրախ թելերը եւ անջատելով անոնց դրական հոսանքները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր աշխարհի մէջ կը նշուի յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու համաշխարհային օրը, որ քառասուն տարուան պատմութիւն ունեցող աւանդաբար նշուող ամէնամեայ օր մըն է:
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Այսօր լայն հնարաւորութիւն ունինք հասկնալու, թէ մեր՝ սփիւռքահայ գրականութիւնը ի՛նչ կենդանի բաբախումներ ունի։ Ունի՛։ Կան գրական թերթեր, գրական առցանց հարթակներ, պլոկներ, դիմատետր, առանձին հրատարակութիւններ։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Անյիշելի ժամանակներէ եւ մարդկային քաղաքակրթական տարբեր օճախներու ծնունդէն ի վեր, մօր կերպարը արժանացած է իւրայատուկ մեծարման: Մայրը՝ իբրեւ կեանքի սկզբնաղբիւր եւ գոյութեան ստեղծարար, իր ինքնամոռաց զոհողութեան եւ սիրոյ առանձնայատկութիւններու ընդմէջէն, արժանացած է յատուկ սրբացման կարգավիճակի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը հանդարտ սիրտ ունեցողին եւ նախանձողին միջեւ:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Հանդարտ սիրտը մարմինին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է» (Առ 14.30):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբ կը համարձակի աղաչել կամ պաղատիլ՝ կը խօսի երկիւղած սրտով, մեղմ ձայնով եւ երկչոտ խօսքերով, բազմաթիւ աղաչանքներով իր ցաւագին աղերսանքը կը ներկայացնէ։ Այս ըլլալու է աղօթողին հոգեվիճակը, այլապէս ինքնահաւան կեցուածքով եւ կերպով մը պարտադրող ոճով կատարուած ոչ մէկ խնդրանք ընդունելի կ՚ըլլայ ընդհանրապէս եւ մանաւանդ Աստուծոյ կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ օրերուն ծնողներ իրարու հետ կը մրցին, որպէսզի իրենց զաւակները ուսում ստանան, սակայն այդ ուսումի «սէր»ը անոնց «գիտակից» ու «խելացի» ըլլալուն հետ կապ չունի, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, թէ «մեծ մարդ» դառնալու լաւագոյն ճամբաներէն մէկը ուսումն է:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Մարի Եանճըի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի աշակերտներէն Պիանքա Կիրէկէօզօղլուն, Էֆթելիա Պալճըն եւ Արի Սիվազլըն՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներէն Լիանա Պենլիի եւ Ժպտուն Զուռնաճըի։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ ամերիկահայ յայտնի ազգային գործիչ Սարօ Մարուքեան։ Այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է, երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըսի մէջ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս փափաքներու եւ հնարաւորութիւններու խաչմերուկին որոնում:
Պատրիարքարանէն յանձնախումբ մը Վաքըֆլըգիւղ պիտի մեկնի՝ աղէտեալներու կարիքներու ստուգման համար:
Երեւանի մէջ այս օրերուն կ՚ընթանայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը։ Հայաստանի տանտիրութեամբ, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ մրցաշարքը։
Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտներ իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենան Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը խրախուսէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վաստակաշատ կրթական մշակ եւ հեղինակ Լեռնա Գարագիւթիւք հրատարակած է երկու նոր գիրքեր, որոնք կը կոչուին «Շուշանիկը եւ Պոչիկը» եւ «Ձայներ»։ Երկու գիրքերն ալ տպագրութեան պատրաստուած են «Mat Yapım» հրատարակչատան կողմէ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի։ Երէկ երեկոյեան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը դարձեալ կրակ բացին Հայաստանի սահմանի դիրքերուն վրայ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ վերջին շրջանին տարակարծութիւններ եւ լարուածութիւն կը նկատուին տարածաշրջանային իրադարձութիւններու բերումով։
Կը տեղեկանանք, որ այս ամսավերջին Մարսէյլի մէջ պիտի նշուի յոբելեան մը, որ յատկանշական է ո՛չ միայն ֆրանսահայութեան, այլեւ ամբողջ սփիւռքին տեսակէտէ։