Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս գործի լծուած է՝ Արցախէն տեղահանուած հայերուն զօրակցելու, անոնց օժանդակութիւն փութացնելու համար։ Անցեալ շաբաթ Արցախէն տարհանուած աւելի քան 100 հազար հայերու առաջին կանգառը եղաւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

Իլհամ Ալիեւի հետ Կրանատայի ժամադրութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան զրուցեց Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հետ: Արարատ Միրզոյեան եւ փոխ-վարչապետները տեղեկութիւններ տուին Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն: Արմէն Գրիգորեան Թեհրանի մէջ ընդունուեցաւ Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Քաթրին Քոլոննան:
Տարածաշրջանի անվտանգային մթնոլորտը գերզգայուն պատկեր մը կը պարզէ հայկական կողմին տեսակէտէ: Պաքուէն կը հնչեն՝ խաղաղութեան հաստատման պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւններ:
Մոսկուա միշտ հանդէս կու գայ կարեւոր հերքումներով. ըստ Սերկէյ Լաւրովի՝ Վլատիմիր Փութին չէ ստիպած, որ Լեռնային Ղարաբաղը յանձնուի Ատրպէյճանին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ յարակից «Աճառեան» սրահին մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ եղանակի բացման մտերմիկ հաւաքոյթ մը՝ գլխաւորութեամբ դպրաց դասու նախագահ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Սա անհատական այցելութիւն մըն է եւ ան քաղաքս պիտի վերադառնայ շաբաթավերջին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերէն ուխտաւորներու այց:
Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց ջանք ու եռանդ չխնայել մայր Հայաստանի հզօրացման համար:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ տեղեկութիւններ ստանալու համար բարեզարդման աշխատանքներու ընթացքին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորեցին Մասիս Գույումճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

«Հայճար» լուրջ զգայնութիւն կը դրսեւորէ Պալեաններու ժառանգութեան պատշաճ արժեւորման ուղղութեամբ:
Ֆէրիգիւղի մէջ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի՝ Աշոտ Գրիգորեանի թրքերէնի թարգմանուած գիրքին շնորհանդէսը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անցեալ տարի, երկար ամիսներու առողջապահական վիճակիս պատճառած «չարչարանք-տանջանքներէն» ետք, իբրեւ ամառնային «արձակուրդ», այս տարի այր եւ կին որոշեցինք դարձեալ Հայաստան գալ, շաբաթներու համրանքով: Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ, անհամբեր կը սպասէի հայրենիքէս ներս ապրած հին օրերուս գեղեցիկ յուշերուս վերադարձին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Այսպիսի գրութիւնները կրնան դասակարգուիլ զանազան տեսակաւորումներով. օրինակ՝ յուշագրութիւն, տպաւորական գրութիւն, ճամբորդական մտորումներու կամ յուշագրութեան ժանրով գրութիւն… եւ այլն:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Շատ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք տակաւին դիմացինը իր խօսքը չաւարտած, կ՚ընդհատեն ու կը սկսին խօսիլ. այդպիսի մարդոց մասին Առակագիրը անդրադարձա՞ծ է:
Պատասխան.
Անշուշտ անդրադարձած է:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դաժան այս օրերուն լրացաւ Ստեփանակերտի 100-ամեակը: Հնագոյն այդ բնակավայրը Ղարաբաղի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք ստացած է քաղաքի կարգավիճակ. 1923 թուականի աշնան Ղարաբաղի նորաստեղծ կառավարութիւնը Շուշիէն կը տեղափոխուի Խանքենթի կոչուող բնակավայր եւ զայն կը կոչէ Ստեփանակերտ անունով:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հակարի գետի վրայ կառուցուած երկար կամուրջը դարձաւ արցախցիներու ամենամեծ գաղթի տխուր խորհրդանիշը: Այդ կամուրջով ացնող օրերու ընթացքին Հայաստան գաղթած է Արցախի բնակչութեան իննսուն տոկոսէն աւելին…

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ներկայիս բազում մարդիկ այս կամ այն ​​կերպով կ՚օգտագործեն ընկերային ցանցերը: Թէեւ այս օգտագործումը ինքնին վնասակար չէ եւ ընկերային ցանցերը երբեմն կրնան օգտակար ըլլալ, բայց կարեւոր է հասկնալ, որ անոնք ուղղակի կապ ունին բազմաթիւ խնդիրներու եւ վտանգներու հետ, ներառեալ ճնշուածութիւնը, անհանգստութիւնը, առանձնութիւնը եւ այլն:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքի հաճոյքը վայելել, զուարճանալ բնական վիճակներ են, քանի որ անոնք կեանքին համեմը եւ սնունդը՝ կեանքի դառնութիւններու եւ նեղութիւններու ամոքի՛չն են։
Բայց ամէն վայելք արժէք կը ներկայացնէ որոշ սահմանի մը մէջ. ինչպէս՝ ազատութիւնը եւ ուժը։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«…կը գնան անոնք, երջանիկ քաղաքին մէջէն, ուրուականներու պէս, իրենց հոգին սեւ տարակոյսի մը մէջ թաթխուած, եւ իրենց աչուըներուն կոպիճին մէջ անհուն ցաւ մը թխմուած»:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

Վատիկանի մէջ այս օրերուն շատ կարեւոր ու պատմական իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Այսպէս, Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին նախագահութեամբ գումարուած է Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մեծ Սինոդը, որ կը համախմբէ աշխարհի բոլոր կողմերէն կարտինալները եւ եպիսկոպոսներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին վրայ, աղօթքի յատուկ կարգ:
«Օրէ օր խորացող ճգնաժամին մէջ, այսօր նոյն սպառնալիքին առջեւ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը. անթաքոյց կը խօսուի ինքնիշխանութեան ու պետականութեան կորուստի վտանգներուն մասին»:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

«Մարալ» համոյթը երէկ նոր եղանակի աշխատանքներուն ձեռնարկեց Էսաեան սանուց միութեան մէջ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ համոյթի անդամները այս առաջին փորձին կատարեցին ընդհանուր գնահատական մը՝ յառաջիկայ աշխատանքներուն վերաբերեալ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Վարագայ Ս. Խաչի տօնին նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ չկայ որեւէ երկիր, հասարակութիւն կամ հաստատութիւն, որ Թուրքիոյ դէմ թշնամական քաղաքականութեան հետեւելով արդիւնքին շահեկան դուրս գայ։

Էջեր