Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք շնորհաւորական այցելութիւններու փութացին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առանձին ենք օրէն ի վեր եւ առանձին ալ կառուցած ենք մեր «կայսրութիւն»ը։ Ի՜նչ խօսք, մեզի համար այս փոքրիկ Հայաստանն ալ կայսրութեան ներուժ ունի:
Մենք մահէն դուրս ելած ժողովուրդ ենք, արարող ենք, սիրող ենք եւ ստեղծագործ։ Միայն թէ իմանանք, որ ի՞նչ ուղեծիրի վրայ ենք եւ ատկէ ետք ամէն բան իր հունին մէջ կը մտնէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, նշանաւոր հայագէտ, արուեստաբան, Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքի համալսարանի իմաստասիրութեան տոքթոր Գարեգին Ա. Յովսէփեան 1912 թուականին, երբ տակաւին հնագէտ, ուսումնասիրող էր, կ՚այցելէ Պոլիս, ուր կու տայ դասախօսութիւններ, նաեւ առիթ կ՚ունենայ ուսումնասիրելու հին ձեռագիրներ, որոնք կը պահուէին Պոլսոյ մատենադարաններուն մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Անցեալ գրութեամբ ներկայացուցինք խաղաղ բնակչութիւն հասկացողութիւնը, ինչ որ համարեցինք քաղաքացիական հասարակութեան նախատիպը կամ առաջնային խմորումը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Փորձանք»՝ կը նշանակէ աղէտ, պատուհաս, վտանգ. իսկ «փորձութիւն»՝ մեղքի տանող առիթ, գրգիռ։
Արդարեւ, պէտք է զատորոշել «փորձանք»ը եւ «փորձութիւն»ը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ներկայ ընկերութեան մէջ գրեթէ ամէ՛ն բան արագօրէն փոփոխութիւն կը կրէ. ժամանակի փոփոխութեան առընթեր կը յեղաշրջուի ամէ՛ն բան՝ նոյնիսկ քարացած նախապաշարումներն ու սնոտիապաշտական համոզումները, սակայն միա՛կ բանը, որ կը մնայ անփոփոխ՝ մեր կրթական համակարգն է, որ արտաքնապէս թէեւ արդիական, էութեամբ Տէր Թոդիկեան շունչ մը կը շարունակէ իր մէջ պահել:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան վերջին ամիսներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Ծննդեան տօնին հոգեւոր հրճուանքէն բաժին հասաւ նաեւ գաւառի մեր եկեղեցիներուն համար։ Այսպէս, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս, Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան Ս. Պատարագներ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ Տատեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան առթիւ:
Ատենապետուհի Մարի Եանճըի կողմէ գլխաւորուած նորընտիր թաղային խորհուրդը առաջին սիրոյ սեղանի ընթացքին ի յայտ բերաւ նաեւ իր գործուէնութեան հիմնական տեսլականը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը պատուեց՝ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած հոգեւոր համերգը:
Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի համայնքային շրջանակները պաշտօնամուտի փուլին ջերմօրէն ողջունեն՝ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի կողմէ գլխաւորուած նորընտիր թաղային խորհուրդը:
Արցախը արդէն շուրջ ամիսէ մը ի վեր պաշարման մէջ է։ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին ու աշխարհին հետ կապող Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ։ Ատրպէյճան շուրջ ամիսէ մը ի վեր շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախը, ուր մարդասիրական իրավիճակը հետզհետէ աւելի հրատապ բնոյթ կը ստանայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս տագնապեցուցիչ մշտական գործօնի մը վերածուած է՝ վարժարաններու նիւթական աննկարագրելիօրէն ծանր բեռը:
Գումգաբուի տարեմուտի ընդունելութեան ժամանակ ստեղծուած մթնոլորտը եկաւ հերթական անգամ ապացուցանել, որ համայնքը բարեփոխումներու անյետաձգելի հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի՝ վարչատնտեսական գետնի վրայ արդիւնաւէտութեան բարձրացման հասնելու համար: Առկայ փակուղին հետզհետէ սպառնալիքի մը կրնայ վերածուիլ՝ մարդուժի պատրաստութեան կենսական ընթացքը լրջօրէն կաղացնելու վտանգաւոր հեռանկարով: Նորընտիր վարչայիններուն տեսակէտէ հրատապ օրակարգ կը համարուի միջոցներու բաժնումը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկրագունդի բոլոր մայր ցամաքամասերու բազմաթիւ երկիրներուն մէջ այս տարի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:
2023 թուականի օրացոյցին վրայ այժմէն կ՚առանձնանան՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Արհեստական բանականութեան՝ AI գագաթաժողովն ու Նիւ Եորքի Կայուն զարգացման բարձր մակարդակով քաղաքական ֆորումը, որով 2030-ի վերաբերեալ նպատակները վերատեսութեան կ՚ենթարկուին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արդեօք կեանքը աւելի՞ լաւ էր առանց համացանցի:
«Կեանքը իսկապէս լաւ էր, երբ համացանց չկար…», կ՚ըսեն շատեր։ Իսկապէս այդպէ՞ս էր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք եւ կ՚ազդուինք նախապաշարումներէ։ Որքան ալ լայնախոհ ըլլանք, թերեւս անզգալաբար եւ անգիտակցօրէն, քիչ կամ շատ կը տպաւորուինք նախապաշարումներու ազդեցութենէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կեանքի մէջ ամենէն ատելի մարդիկ հեղհեղուկ նկարագիր ունեցողներն են, որոնք կրնան իրենց շահերուն վրայ հիմնուելով նոյն երեւոյթին մասին տարբեր տարբեր կարծիքներ ու դիրքորոշումներ ունենալ։ Ամենէն վտանգաւորներն են անոնք, որոնք կրնան իրենց դէմ դրուած մածունը պահ մը ճերմակ եւ որոշ ժամանակ ետք սեւ տեսնել՝ նայած թէ քամին ո՛ր կողմ կը փչէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկայնօրէն յաճախ մենք մեր լսածէն աւելի կը հաւատանք մեր տեսածներուն, կարծելով որ տեսնուած երեւոյթը չի կրնար խաբել, մինչ լսուածը կրնայ երեւոյթի մը ամբողջութեամբ աղաւաղուած մէկ տարբերակը ըլլալ: Իրականութեան մէջ սակայն երեւոյթը եւս իր մէջ ունի խաբուսիկ ու ոչ վստահելի մաս մը, որ յաճախ լսուած շա՜տ աւելի աղաւաղուած կրնայ ըլլալ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս երէկ հասած լուրերը եկան սահմանել նոր փուլ մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կը սկսին օդային ուղիղ բեռնափոխադրումները։
Պաշտօնաթերթին մէջ երէկ լոյս տեսաւ Սահմանադրական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռ մը, որ կը վերաբերի թրքահայ համայնքին մասին սեփականութեան իրաւունքի հարցերուն։ Բարձրագոյն դատարանի ընդհանուր խորհուրդը քննարկած է Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի երկու կալուածներուն վերաբերեալ արձակուած վճիռներ եւ յանգած է այն եզրակացութեան, որ սեփականութեան իրաւունքի խախտումներ պատահած են։