Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին վերացաւ գրաքննութիւնը եւ մարդիկ գրական գետնի վրայ որոշ անկախութիւն մը ունենալ կարծեցին եւ սկսան այդ թուականը յիշել՝ որպէս «Մամուլի ազատութեան տարի», սակայն իրական գետնի վրայ այդ բոլորը լոկ վերացական համոզումներ էին, իրականութենէ կտրուած:
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նորընտիր մատակարար մարմինը արդէն ստացաւ իր ընտրութեան հաստատագիրը։ Պետական պատկան մարմինները վաւերացուցած են ընտրութեան արդիւնքը։
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ երախտաշատ ազգային բարերար Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանը։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեծ յայտնութիւն մը ըրած չեմ ըլլար, եթէ ընդգծելի դարձնեմ հետեւեալ պարզ իրողութիւնը ըսելով, թէ իւրաքանչիւրս քիչ թէ շատ կը հետեւինք հայրենի, Արցախի եւ սփիւռքահայ կեանքի զանազան մանրամասնութիւններուն, անոնց բազմազան տեղեկութիւններուն, հեռանկարներուն, ստեղծագործութիւններուն, բազմերանգ դրսեւորումներով նորութիւններուն, ցաւերուն եւ հպարտալի երեւոյթներուն, դժբախտ կամ ուրախ իրականութիւններուն, եւ ինքնաբերաբար կ՚ուրախանանք կամ կը տխրինք, կը հպարտանանք կամ կը յուսահատինք ու երբեմն ալ կ՚անիծենք օտարն ու մեր ճակատագիրը:
Կը տեղեկանանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վարակուած է ինֆլուանզայով։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը գտնուի դարմանման տակ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան նոր մարմնին անդրանիկ ժողովը:
Խաչիկ Սարըլը եւ ընկերները ամենայն լրջութեամբ կը վերաբերին յառաջիկայ գործընթացի մանրամասնութիւններուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՜վ բոլոր ծարաւցածներ ջուրերուն եկէք». (ԵՍ. ԾԵ 1)։ Աստուածատուր օրհնութիւն մըն է ջուրը, մանաւանդ ծարաւցած մարդու մը համար։ Այն շրջանները ուր ակ կամ աղբիւր չկայ, մարդիկ հոր կը փորեն, ջուր ունենալու համար։ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ շատ անգամներ յիշուած է ջուրը՝ որպէս Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ շնորհը։ Ուստի կը յիշուին «աղբիւր»ներ եւ ջրհորներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք աշխարհի վատ ու անբարոյ կողմերուն մասին, մոռնալով որ հակառակ բոլոր չարութիւններուն, գոյութիւն ունի բարիութիւն մը եւս եւ այդ երկուքին պայքարով է, որ աշխարհը կը յառաջդիմէ։ Եթէ փորձենք կշիռքի վրայ դնել, չկարծենք, որ չարութիւնը աւելի ծանր կը կշռէ. մենք որպէս մարդ արարածներ միշտ ալ կը բարձրաձայնենք չարութիւնը եւ կը նախընտրենք լուռ մնալ կատարուած բարութեանց վրայ, ինչ որ չարութեան աւելի ծանրակշիռ ըլլալը կարծել կու տայ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամերիկացիները յայտնի են որպէս խիզախ եւ համարձակ ըլլալով, ֆրանսացիները՝ որպէս վիպապաշտ, իսկ անգլիացիները՝ որպէս սառնասիրտ: Հաւաքականութեան մը մէջ լալը առհասարակ ողջունելի չէ, բացառութիւնները յարգելի, անշուշտ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Երեքշաբթի, յունուարի 10-ին, երկար ընդմիջումէ ետք՝ պայմանաւորուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներով, վարչապետ Փաշինեան տուաւ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը։
Երեւանի մէջ անցեալ տարեվերջին հրատարակուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Մատենագիրք Հայոց» ԻԲ. հատորը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հրատարակութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ։
Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակեալ Արցախը երէկուան դրութեամբ զրկուեցաւ նաեւ համացանցային կապէ, ինչ որ կը խորացնէ անոր մտահոգիչ մեկուսացումը։ Ատրպէյճան խզած է Հայաստանէն դէպի Արցախ հաղորդակցութեան լարերը՝ խաթարելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաղորդակցութեան եւ ճշդուած համացանցի հասանելիութիւնը։
Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ այցելեց Երեւան, ուր այսօր շփումներ կ՚ունենայ Եայէլ Պրաուն-Փիվէ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ փոխըմբռնում կայ անվտանգային եւ քաղաքական հարցերու շուրջ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատ-շատեր գրած են, թէ Ռուբէն Վարդանեան, որ հայկական աշխարհը գրաւած է իր բարեսիրական-մարդասիրական ծրագիրներով, ընդամէնը Ռուսաստանի ծրագիր մըն է. նոր օրերու ծրագիր, որ աւելի յստակ ձեւով ջուրի երես ելաւ այն պահէն ի վեր, երբ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի պատժամիջոցները սաստկացան։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի յետաձգեալ ընտրութեան կազմակերպման համար երէկ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ լայն արձագանգ գտաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այսպէս, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան տեղին ներգործութեամբ յետաձգուած ընտրութիւններէն վերջ, այդ նոյն պետական կառոյցի տնօրինութեամբ, երէկուան դրութեամբ պաշտօնի կոչուեցաւ նոր ընտրական մարմին մը։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, շաբաթավերջին այցելեց Աթլանթա։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին յանձնուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան Պատուոյ շքանշանը:
Դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին նախագահ Փութինի համապատասխան հրամանագիրը ընթերցեց Վեհարանի գահասրահին մէջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
1887 թուականին, Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի գրած «Հին օրհնութիւն» բանաստեղծութիւնը երբեք չէ կորսնցուցած իր արդիականութիւնը: Կը յիշեմ, մեր մեծերը մեզ նոյնպէս կ՚օրհնէին այսպէս՝ նոյն բառերով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իմ հայրենի Գորիս քաղաքի Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի անունը կրող հրապարակին վրայ դրուած տօնական եղեւնին այս տարի զարդարեցին արցախցի երեխաները՝ թռչնատառերով:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մանկութիւնը ամենէն վտանգաւոր հասակն է: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ հարիւր նորածին երեխաներէն, մինչեւ մէկ տարեկան հասակը, Եւրոպայի մէջ կը մեռնին 18-20-ը, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ 50-56-ը: