Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւրս ալ ճամբեցինք հին տարին՝ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ունէր եւ ունի տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն՝ ըլլայ այն լաւ թէ վատ։ Իր ուրախ թէ տխուր պահերով 2022 թուականը գնաց արձանագրուելու իւրաքանչիւրիս կեանքի պատմութեան գիրքին մէջ, ուրկէ ո՛չ մէկ պահ կարելի է ջնջել կամ փոխել։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2022 տարին անցաւ գնաց եւ եկաւ նորը՝ 2023-ը: Այլ խօսքով, տարի մըն ալ անցաւ աշխարհի եւ մարդոց կեանքէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Լեռներու ջինջ ու արձակ բնութեան կարօտն ունէի ու գեղեցիկ առտու մը մեր ուղեւորութեան ընթացքին այս տեղուանքը մեկուսացած, հովուական վրաններու հիւրն էի եղած, նոր կեանքով մը նորոգուելու [ընդգծումը մերն է], նոր կազդոյրով մը պատուաստուելու համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակը մեզ հասցուց այն եզրակացութեան, թէ այնպէս ինչպէս սէրերը հէքիաթներուն համար ստեղծուած են, նոյնպէս ալ Նոր տարին ստեղծուած է միայն մանուկներուն համար եւ կամաց-կամաց մեծահասակներուս համար իր գոյնը սկսած կորսնցնել:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անորոշութիւններու դարաշրջանին, մոլորութիւններու եւ պղտորութիւններու ժամանակներուն հերթական փուլ մըն է այսօր։ Եւ 2023… Ամանոր՝ յոյսի նոր կանգառ մը, յուսախաբութեան բոլոր նախադրեալներով հանդերձ։
Համայն հայութիւնը 2023 թուականը կ՚ողջունէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման ակնկալութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը երկար տարիներէ ի վեր պաշտամունքի փակ է, որովհետեւ ամրակայման ու հիմնանորոգման աշխատանքները տեւած են շատ երկար։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս 2023 թուականին պիտի նշուի յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը կը նշէ իր 90-ամեակը։
Եկաւ-հասաւ 2023-ը…
Մարդկային քաղաքակրթութիւնը, խորքին մէջ, մարդկութեան հասարակաց յայտարարն է։ Համամարդկային արժեհամակարգը կը բիւրեղանայ այդ կէտէն սկսեալ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Ամանորի առթիւ իր պատգամը կ՚ուղղէ համայն աշխարհի հայութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հայաշխարհը ուշադրութեամբ կը սպասէ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին՝ մանաւանդ, որ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն ծանրածանր մարտահրաւէրներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ տարեմուտին պիտի այցելէ Երուսաղէմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ պիտի մեկնի Սուրբ Քաղաք։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Ամանորի սեմին համայն մարդկութիւնը կը միանայ այս բարեմաղթութեան եւ կը սպասէ, որ Նոր տարին բերէ իրենց սրտի իղձերը ու փափաքները, եթէ ոչ գոնէ Նոր տարուան օրերը լեցուն ըլլան շնորհներով ու երջանկութեամբ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԱՆ
Այսօր, հեռաւոր ափերուն, ուր կը գտնուիմ, երբ ազնիւ առաջարկը եղաւ ինծի Նոր տարուան այս «բացառիկ»ին մէջ անկիւն մը յատկացնելու, իսկոյն ընդառաջեցի, որովհետեւ…
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանոր է։ Բարդ բառ մը, բառական թարգմանութիւնը՝ հայոց տոմարական թուականի առաջին ամսոյն, նաւասարդին։ Ամանորի կամ նոր տարիի իմաստին կիզակէտն է նորոգութեան գաղափարը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամանորը մեր հոգւոյն մէջ ունեցած հեքիաթներու արթննալու ժամանակն է: Իւրաքանչիւրիս հոգիի խորքին սպասումներ կը ծնին՝ նորի, ապագայի, երազանքներու, սիրոյ…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մեծ է Ամանորի նշանակութիւնն ու արժէքը եւ 2023-ի նախասեմին համայն մարդկութիւնը կրկին անգամ կը համախմբուի այս արժէքաւոր առիթին շուրջ՝ նկատի ունենանով, որ Նոր տարին դրական եւ ժխտական երեսակներով պատրաստ է նորը մատուցանելու համայն աշխարհին։
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Այս տարի ականջալուր կ՚ըլլանք եւ կամ կը կարդանք շարք մը դարադարձերու մասին։ Մեր տան համակարգիչներու պաստառին վրայ կը տողանցեն աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած մեր հայատառ մամուլին, հայ մտաւորականներուն ծննդեան հարիւրամեակներն ու անոնց վրայ աւելցած տարիները։
ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Դարերու ու հազարամեակներու ընթացքին, գիրի ու գրականութեան մարդիկ, իմաստասէրներ, ինչպէս նաեւ սովորական մարդիկ յաճախ իրենց համար սովորական բաներու նմանցուցին կեանք կոչուած ժամանակաշրջանը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Յիրաւի, Ամանորը իմ ամենէն սիրելի տօնն էր:
2020 թուականի սեպտեմբերի քսանեօթէն սկսեալ ես կորսնցուցի իմ բոլոր տօները՝ ներառեալ Կաղանդը:
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Ահաւասիկ, տարի մը եւս մեր ետին թողած՝ կը պատրաստուինք դիմաւորելու 2023 թուականը։ Պատրաստութեան այս ժամանակաշրջանին, ընդհանրապէս, գոյութիւն ունի ուրախ միջավայր։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Իմ եւ սերնդակիցներուս մանկութեան ամենէն կարեւոր առասպելներէն մէկը աշխարհի աւարտն էր։ Ըստ մեր գիտելիքներուն՝ երկու հազար չեմ գիտեր քանիին աշխարհը պիտի վերջանար...