Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք այս կիրակի պիտի մասնակցին լիսէներու մտից քննութեան (LGS)։
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին, ամառնամուտի տրամադրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ, Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ համայնքային լիսէներու միջեւ մրցաշարք մը։ Հիւրընկալ վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդը իրերայաջորդ կարգադրութիւններով կը ջանայ՝ մօտաւոր անցեալի ցնցումի տարիներէն վերջ նոր ոստումի շրջան մը ապահովել Էսաեան վարժարանին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, առաջին հերթին դպրոցին համար նշանակուած էր նոր հիմնադրի ներկայացուցիչ մը։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հետ բարձր մակարդակի վրայ շփումները պիտի շարունակուին մօտաւոր ապագային։ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը։
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի երէկուան հերթական բանակցութիւններուն միացան նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Օլաֆ Շոլցը:
Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն առումով միջազգային բոլոր դերակատարներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ տարածաշրջանային փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը: Յաջորդ բարձր մակարդակի ժամադրութիւնը կը ծրագրուի յուլիսի վերջաւորութեան՝ նոյնպէս ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իրական ժողովրդավարութիւնը, այսինքն՝ ժողովուրդի ինքնակառավարումը գրեթէ անհնար քաղաքական վարչակարգ մըն է։ Ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեամբ քաղաքական վարչակազմ մը երբեք չի կրնար բանիլ կատարելագործուած ձեւով։ Արդարեւ, իսկական ժողովրդավարութիւնը իւթոփիա է՝ այսինքն երազային աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող համակարգ մը։
Հայաստան-Ատրպէյճան խտացեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին Քիշնեւի այսօրուան ժամադրութեամբ:
Խաղաղութեան որոնումները կ՚ընթանան՝ մինչ Երեւանի եւ միջազգային դերակատարներուն միջեւ հակասութիւնները կը խորանան:
Սիրելի ելեկտրոնիկ բաժանորդներ, առցանց ընթերցողներ,
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն թեւակոխած է իր անընդհատ հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ մենք այս յոբելենական շրջանին Ձեր բոլորին կը դիմենք զօրակցութեան սոյն հրատապ կոչով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ամէն մարդ չի կրնար ընթերցել Աստուածաշունչ։ Տիրոջ ներշնչանքով գրուած Սուրբ Գիրքի ընթեռնումը բաւական խրթին է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կեանքէն վաղաժամ հեռացած հայագէտ Վարդան Դեւրիկեանի միակ զաւակը՝ Շողակաթ Դեւրիկեանը, օրերս գրութիւն մը հրապարակած էր, որ այնքան յուզիչ էր եւ խորհրդանշական:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կրկին բաց ըրած եմ սիրտս,
Գիրքիս էջերուն նման,
Փնտռելու համար ներկաս,
Տարակուսանքիս միակ վկան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2020 թուականը մեզմէ շատերուն համար խոր թմբիրէ մը արթննալու առիթ եղաւ: Թմբիր մը, որ տարիներ շարունակ քօղարկած էր մեզմէ շատերուն աչքերը՝ հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան, հայրենիքի, Արցախի, հայութեան, հայապահպանութեան, պահանջատիրութեան եւ այլ լոզունգներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քաղաքացիութեան կապուած քաղաքական իրաւունքները կրնան եւ պարտին տրուիլ ըստ պահանջներուն «հասարակաց բարիք»ին։ Անոնք չեն կրնար առկախուիլ հանրային իշխանութիւններուն կողմէ առանց օրինաւոր եւ համաչափեալ պատճառի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախապէս յօդուածով մը խօսած էինք այն մասին, թէ ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 1920-ական թուականներուն մտահոգութեամբ կը նայէր հայ մամուլի հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ հայերուն իրենց լեզուին հանդէպ ունեցած կապուածութեան եւ ամէն ձեւ կը մտածէր այդ մէկը աղաւաղելու, որովհետեւ համաշխարհայնացման ու ձուլումի քաղաքականութիւնը մի՛շտ ալ ունեցած է իր մէջ:
Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնէն խումբ մը ուսանողներ Վեհափառ Հայրապետին մօտ:
«Հայաստան այցելելը լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ ճանչնալու համար հայոց հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը»:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մինչ սրահի մուտքին ներկայացուած էին տղոց գծագրական աշխատանքները, հանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ուսուցչուհիներ Թալին Չելիք եւ Պուրճու Իլտենիզ։
Շիշլի մարզակումբի երախտաշատ սիւներէն, համայնքային շրջանակներու անմոռանալի մարզական գործիչներէն հոգելոյս Նազար Հանչէր յետմահու արժանացաւ մրցանակի մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Նազար Հանչէր մօտաւոր անցեալին եղած էր յանկարծամահ եւ իր կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ապրիլ-մայիս ամիսներուն Հայաստան եւ Ատրպէյճան անդադար բանակցութիւններու մէջ էին՝ տարբեր միջազգային դերակատարներու նախաձեռնութեամբ։ Նախ Ուաշինկթընը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Արլինկթընի քառօրեայ բանակցութիւնները…
«Նախագահական կառավարման համակարգը արժանացած է ազգի վստահութեան քուէին։ Ընտրութիւններու արդիւնքը եկած է վերջակէտ մը դնել՝ հին դրութեան վերադառնալու վերաբերեալ վէճերուն»:
Էրտողան երէկ հրաժեշտ տուաւ պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտած նախարարներուն եւ տեսակցեցաւ Պահչելիի հետ: