Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Աշոտ Ոսկանեան. «Որպէսզի կարողանամ ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ սփիւռքը՝ պէտք է կարողանամ ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ Հայաստանը։ Այժմ երկրին մէջ կայ տարամէտ վիճակ մը, հասարակութիւնը չի կրնար որեւէ ձեւով կեդրոնանալ հիմնական բաներու վրայ, հասկնալ իր ընելիքը եւ սփիւռքին ալ ըսել, որ եկէք, ըրէք այս ինչ բանը»:
«Ես կը գերադասէի, որ իւրաքանչիւր համայնքի մասին առանձին-առանձին խօսուի։ Պէտք է հասկնանք, որ սփիւռքը ունի իր որոշակի շահերը։ Այսօրուան սփիւռքը հայաստանակեդրոն չէ»:

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հրէական սովորութիւն էր կարդալ Սուրբ Գիրքէն, որ ինքնին կը նկատուէր քարոզ, առանց յաւելուածական մեկնութեան։
Աստիճանաբար, սակայն, մասամբ՝ իրենց առօրեայ բարբառէն տարբեր եղող լեզուին պատճառաւ, եւ մասամբ ալ ստուգելու համար այն յաւելուածը, որ գրուած էր պարզ օրէնքին վրայ դպիրներու կողմէն, սովորութիւն դարձաւ թոյլ տալ երկար մեկնութիւններու եւ եզրակացութիւններու։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի քան դար մը առաջ Հայոց Հայրիկ Խրիմեանը կը հրատարակէր իր «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութիւնը եւ այս աշխատութեամբ կը փորձէր դաստիարակել հայ ընտանիքը՝ մանաւանդ հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին, որպէսզի կատարեալ գիտակցութեամբ առաջնորդուին իրենց ամուսնական կեանքին մէջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Երկու նախագահները միասնաբար մասնակցեցան «Teknofest» փառատօնին՝ առաջին տիկիններուն հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ մայիսի 5-ը։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան Միջմիութենական գիտելիքի մրցոյթի եզրափակիչը։ Այս տարի 24-րդ անգամ կեանքի կը կոչուի այս նախաձեռնութիւնը։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համաշխարհային երգչախմբային երաժշտութեան գիտաժողովը (WSCM), որ պիտի եզրափակուի վաղը։ Միջազգային երգչախմբային երաժշտութեան դաշնակցութեան (IFCM) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ համաշխարհային մակարդակով ամենամեծ ձեռնարկն է այս մէկը, որ Իսթանպուլի մէջ համախմբած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն երգչախումբեր։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, թէ Երեւան երբեք պատրաստ չէ ու չի պատրաստուիր ներգրաւուիլ՝ Լաչինի միջանցքի դրութեան վերաբերեալ նոր կարգաւորման մը շուրջ որեւէ բանակցութեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

Երէկ երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Moda Sahnesi»ի բեմին վրայ, Գատըգիւղ։ Այսպէսով սկսաւ «Յանկարծ»ի ներկայացումներու շարքը, որով թատերասէրներուն կը ներկայացուի «Yüreğim Dağlardadır» խաղը՝ ամերիկահայ անմոռանալի գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն համապատասխան գործի հիման վրայ պատրաստուած բեմագրութեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Հանրութիւնը այլեւս ոչ ոքի կը հաւատայ, գործընթացներու բացակայութիւնը կը վկայէ նոր մտքի բացակայութեան մասին։ Սա աւելի վտանգաւոր է՝ քան պարտութիւնը»:
Սուրէն Սահակեան. «Խաղաղութեան պայմանագիր, այնուամենայնիւ, պիտի ըլլայ։ Պաքու որեւէ շահ չունի այս ուղղութեամբ։ Ատրպէյճան առայժմ կը յաջողի հայկական պետական վարչամեքենային պարտադրել իր ուզածը՝ վախի մթնոլորտ ստեղծելով եւ հանրութեան մէջ տպաւորութիւն ձեւաւորելով, թէ ռազմական ճանապարհով կրնայ հասնիլ իր նպատակին»:

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող չորրորդ կիրակին եկեղեցական յատուկ անուանում մը չունի, իսկ ժողովուրդը այս կիրակի օրուան տուած է Կարմիր անունը:
Կարմիր անունը առնուած է կամ ուղղակիօրէն կապ ունի բնութեան այս շրջանին զուգադիպող վերակենդանանալուն, երբ դաշտերն ու անտառները վերստին կը հագուին իրենց կանաչ զգեստը, երբ ծաղիկները գոյնզգոյն կերպով կը բացուին, յատկապէս կարմիր գոյնով, ուր ժողովուրդը նմանութիւն մը գտնելով, այս կիրակի օրուան տուած է Կարմիր մակդիրը:

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բարկութիւնը իրապէ՛ս ախտ մըն է՝ նկարագիր մը, որ մարդուս միայն վնաս կը պատճառէ, եւ ո՛չ մէկ օգուտ։ Ամէն տեսակի մեղքերը եւ գարշելի մոլութիւնները կը ջանան մարդոցմէ պահել եւ ծածկել իրենց անօրէնութիւնները, բայց «բարկութեան ախտ»ին մոլեգնութիւնը կատաղի է եւ նոյնքան վնասակար, վտանգաւոր եւ գազանամի՛տ։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կոյրերը, խուլերն ու համրերը մարդկութեան համար անկարներ ըլլալ կը կարծուին եւ կամայ թէ ակամայ անոնց հանդէպ գութ մը կը ծագի մարդոց քարացած սիրտերուն մէջ, մոռնալով, որ մեծագոյն անկարութիւնը ո՛չ թէ աչքերու կամ լսողութեան չգոյութեան, այլ մարդոց միտքին մէջ է պարզապէս:

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը օժանդակութեան բազմակողմանի ծրար մը պատրաստած է՝ ընկերամշակութային զօրակցութիւնը ամրապնդելու համար:
Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ գործակից ընկերները մամլոյ ասուլիս մը սարքելով ներկայացուցին մշակուած նախագիծը. ընտրութիւններէն առաջ տրուած խոստումները յարգելու ճանապարհին շօշափելի քայլեր:
Համայնքի կարիքաւորները պիտի օգտուին նոր միջոցներէ: Կրթաթոշակներու տրամադրումն ալ կը նախատեսուի թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ դպրոցները քաջալերելու սկզբունքով:

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնը զայրոյթի զանազան երեսակներուն եւ ազդեցութեան մասին։
Դէպքի մը կամ մէկու մը հանդէպ ատելութենէն դրդուած գործելը իրականութեան մէջ յաճախ կործանարար արդիւնքներու ծնունդ կու տայ: 

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ատրպէյճանի ծրագիրը մաշեցման քաղաքականութիւնն է՝ Արցախի, նաեւ Հայաստանի բնակիչներու հաշւոյն։ Իր քայլերը լաւ ծրագրաւորուած են եւ բարձր գին չեն պահանջեր»
Վիգէն Յովսէփեան. «Ռուսաստան ո՛չ ի վիճակի է եւ ո՛չ ալ պատրաստակամ իր առաքելութիւնները ծախսելու համար ի նպաստ հայկական կողմին։ Միակ ելքն է՝ իրավիճակին վրայ աննախընթաց ու յաւելեալ միջազգային հետաքրքրութիւն հրաւիրելը։ Սա ինքնին կրնայ իր մէջ որոշ ռիսքեր պարունակել, սակայն միակ ձեւն է մաշեցուցիչ կացութենէն դուրս գալու համար»:

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ոչ միայն մասնաւոր ցեղի մը, ազգի մը, պետութեան, այլ ընդհանուր մարդկութեան աճումը, բարոյականութիւնը, մտաւոր զարգացումը, բարօրութիւնը, մէկ խօսքով՝ նոյնիսկ գոյութիւնը եւ գոյատեւութիւնը, սերտ կապակցութիւն ունեցած են միշտ ընտանեկան կեանքի հետ, որուն գլխաւոր շաղկապը եւ հիմունքը Ամուսնութի՛ւնն է։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պայքարի ոգիով տոգորուած երիտասարդութիւնը, որոնց պիտի յանձնենք մեր ապագան ու հայրենիքը, մեր պատմութեան ու հայրենիքին մասին գրեթէ ո՛չ մէկ բան գիտեն:

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023

Թուրքիա երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ եւ պաշտօնապէս դասուեցաւ աշխարհի այն երկիրներու շարքին, որոնք հիւլէական ուժի տէր են։ Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեամբ Աքքույուի մէջ, Մերսին, կառուցուած հիւլէակայանին բեռնուեցաւ առաջին հիւլէական վառելանիւթը։

Էջեր