Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամէն անգամ որ հանրահաւաքներ կը կազմակերպուին, կը կորսուին այն առիթները, որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ վերջապէս ամբողջական իշխանութիւն մը ապահովել:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը վրիպման ճանապարհին՝ մինչ արտաքին ազդակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մանաւանդ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն վրայ:
Կեանքի փիլիսոփայութիւնը՝ մանաւանդ բարոյագիտութեան տեսակէտէ, ունի ինչպէ՛ս շատ հետաքրքրական դրսեւորումներ, այնպէս ալ բանաձեւումներ։ Տարբեր արժեհամակարգերու մօտեցումները երբեմն այնպէս մը կը համընկնին, որ զիրար ո՛չ միայն կը լրացնեն, այլեւ կը հաստատեն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան մասնակցելիք Նարնջագոյն ցուցակի թեկնածուները։
Թարգմանչաց տօնի շրջանին Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որուն հրաւիրուած էր դպրոցի սաներէն Արփէն Չընար, որ համացանցի աշխարհէն ներս վերջերս ուշագրաւ ձեռքբերումներ կ՚ունենայ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճավաքն ու Մինաս Գաբուսուզը։ Անոնք այցելութեան փութացած էին՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան եւ իր գործակից ընկերները։
«Պլէր հաուզ»ի մէջ, Ուաշինկթըն, երէկուան քննարկումներուն ժամանակ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով պայմանաւորուեցան՝ թափ տալ իրենց բանակցութիւններուն եւ յառաջիկայ շաբաթներուն դարձեալ հանդիպիլ:
Էնթընի Պլինքըն. «Երեւան եւ Պաքու խիզախ քայլեր կ՚առնեն խաղաղութեան հասնելու համար։ Այժմ նպատակն է զարգացնել այն դրական արդիւնքները, որոնք անցեալ մէկուկէս ամսուան ընթացքին արձանագրուեցան՝ ամերիկեան կողմի նախաձեռնած շփումներուն»:
Կեդրոնական վարժարանի շէնքի հրդեհի աստիճանները վերջերս վերանորոգուեցան՝ ի յիշատակ Եւա Սանթալուի։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ճարտարապետ Ժան Կավրիլոֆի կողմէ։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքը, որ թիրախաւորուած էր անցեալ սեպտեմբերի 13-ին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ կատարուած յարձակումներուն ժամանակ։ Ներկայիս ալ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կը գտնուին այս քաղաքի մօտակայքին։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ մեր աշխարհին մէջ ամենամեծ տարածում գտած երեւոյթներէն են միջազգային եւ միջպետական կազմակերպութիւններն ու ընկերութիւնները: Անոնք շատ մեծ դեր ունին բաց աշխարհին մէջ եւ ներպետական, տարածքային-շրջանային եւ համաշխարհային քաղաքականութեան ու տնտեսութեան վրայ ազդեցութիւններ ունին եւ անոնց միջոցաւ շատ մը տեսանելի եւ անտեսանելի ծրագիրներ կ՚իրականան:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս տարի, 2022 թուականին կը լրանայ հայրենի նշանաւոր ու տաղանդաւոր գրողներէն մէկուն՝ Վարդգէս Պետրոսեանին ծննդեան 90-ամեակը:
Վարդգէս Պետրոսեան ծնած է 9 օգոստոս 1932-ին, Հայաստանի Աշտարակ քաղաքին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Համաշխարհային հայկական առաջին գագաթաժողովը, որուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած էր վեց հարիւր հոգի՝ աշխարհի աւելի քան յիսուն երկիրներէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական իրաւունքը, կամ իրաւագիտութիւնը այդ խնդիրները մշակելու համար կրնայ գործածել եւ գործադրել զանազան միջոցներ, որոնք կը գործածուին եւս միւս գիտութիւններու մշակման մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայր մը վերջերս կը դիմէ իր աղջկան եւ կը խնդրէ, որ խանութէն վերադարձին օրուան թերթը բերէ, որպէսզի աչք մը անցընէ։ Երիտասարդ աղջիկը անտարբերութեամբ կը դիմէ հօրը. «21-րդ դար ենք… ի՞նչ թերթ։ Վերցուր Ipad-ս համացանցէն հետեւիր»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սկսած եմ նախանձով նայիլ այն մարդոց, որոնք առանց մտածելու եւ երկմտելու հաստատակամ ձեւով ոչ կ՚ըսեն իրենց ուղղուած խնդրանքներուն։ Որոշ ժամանակ անմարդկութիւն կը թուէր այդ մէկը, սակայն կեանքը փաստեց, որ գոյատեւելու միակ միջոցը աշխարհի մէջ ոչ թէ մարդկութեամբ, այլ անմարդկութեամբ ապրիլն է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները միշտ կը շարունակուին։ Երէկ գիշեր պատահած են նոր դէպքեր։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան վերաբերեալ օրակարգային հարցեր։
«Պա այնքան պարտութիւն կրես ու յաղթել չսովորե՞ս»: Որքա՜ն հրետորական կը հնչէ հարցումը՝ մանաւանդ Հրանդ Մաթեւոսեանի բանաձեւումով։
Կեանքի մէջ ամէն ինչ կարելի է պատկերացնել հաշուի առնելով նաեւ հակապատկերը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան ընդլայնուած կազմով նստաշրջան մը իրականացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը ծաւալուած աշխատանքի լոյսին տակ հրապարակեց եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։