Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի առաջին օրն է:
Օրուան Աստուածաշնչական ընթերցումը Եսայիի մարգարէութեան 1-ին գլուխին 16-20 համարներն են, ուր կը կարդանք.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անգարա, յետոյ ալ Ատըեաման տուած այցելութեան մասին քննարկումները կը շարունակուին։ Մեծ հաշուով, մինչեւ այս պահը հնչած քննադատութիւնները լուրջ ազդեցութիւն մը ունենալու իրական ներուժը չունին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեան մամուլը հեղեղուած է Անիի պատմական կամուրջը նորոգելու մասին օրերս Անգարայի մէջ կատարուած յայտարարութեան քննարկումներով:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան Անգարայի մէջ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ խօսեցան Անիի միջնադարեան կամուրջի վերանորոգման մասին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդ կը կարծէ, որ իր ետին կը թողէ ամբողջ կեանք մը, երբ կը մահանայ: Ան այնքան կը հաւատայ «ես» կոչուածին, թէ աշխարհէն հեռանալու ժամանակ կ՚ափսոսայ կեանքի կարճութեան համար։ Ան կը կարծէ, թէ ժամանակը կ՚անցնի-կ՚երթայ անդառնալիօրէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ Պահքի ընթացքին ծոմապահութիւնը եւ աղօթքը կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն։ Հաւատացեալներու համար մանաւանդ կենսական սնունդ մըն է աղօթքը։ Այս իմաստով հոգին երջանիկ է այնչափ, որչափ առողջարար է իր սնունդը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կարդացած եմ արուեստի մասին գրութիւններ եւ բացատրութիւններ եւ հասած եմ այն եզրակացութեան, որ կարելի չէ բացատրել արուեստի ինչութիւնը: Արուեստը սահմանում մը չի կրնար ունենալ, որովհետեւ ներկայացուած գրութիւն մը, գծագրութիւն մը եւ կամ ստեծագործութիւն մը նոյն տպաւորութիւնն ու ազդեցութիւնը չի թողուր մեզմէ իւրաքանչիւրիս վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկար տարիներէ ի վեր հանքարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս գնահատելի աշխատանք տարած է Վիգէն Աբրահամեան, որու կարծիքը շօշափեցինք սոյն ոլորտէն ներս իր գործունէութեան եւ դիմագրաւուած հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայցնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, կիրակի, 19 փետրուար 2023-ին, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համեմատ Բուն Բարեկենդանի տօնն է, որ կը նախորդէ Մեծ Պահքի շրջանին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ահաւասիկ, տարի մը եւս կը գտնուինք կեանքի օրինադրեալ փոփոխութեան մը սեմին՝ Մեծ Պահքի մուտքին։ Եւ ահաւասիկ այս ըմբռնումով՝ մուտք գործելէ առաջ ներելի կը համարուին կերուխումի առատութիւնը, թերեւս քիչ մըն ալ անժոյժ եւ անչափ աստիճաններու մէջ, շռայլութեան հասնելու չափ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկութիւնը վարակուած է հիւանդութեամբ մը՝ որուն ախտորոշումը տակաւին ընել չենք յաջողած։ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին ի նպաստ կատարուած դրամահաւաքը դարձեալ մեր դիմաց պարզեց այդ ախտանիշը, որ տրամաբանութեան սահմաններէն դուրս ըլլալ կը կարծենք։
Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առթիւ քահանայից հաւաք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարգին Բ. «Մեծապէս կարեւոր է մարդոց սրտերուն հոգեւոր-բարոյական արժէքներու սերմանումը, ազգային ոգիի եւ հայրենասիրութեան զօրացումը, քանզի բոլորիս համար մտահոգիչ շատ հարցեր եւ արատաւոր երեւոյթներ հետեւանքն են արժէքային դաշտէ ներս արձանագրուած նահանջի եւ աւանդական ընկալումներու տկարացման»:
Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը, որ այս տարի 59-րդ անգամ կազմակերպուած է, այսօր կը մէկտեղէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ Համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է՝ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ ասուլիս մը։
Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժը ողբերգական իրավիճակ ստեղծած է՝ խլելով հազարաւոր կեանքեր եւ պատճառ դառնալով բազում մարդոց վիրաւորման ու անօթեւան մնալուն։ Ահաւոր երկրաշարժը իր ազդեցութիւնը գործած է նաեւ Հաթայի մեր երեք եկեղեցիներուն վրայ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ համայնքային վարիչներու կարեւոր խորհրդակցութիւն՝ Գումգաբուի մէջ:
Պոլսահայ վարժարաններու շէնքերուն երկրաշարժի դէմ տոկունութիւնը ստուգելու համար քննութիւններ պիտի կատարուին մասնագէտներու կողմէ:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի պարագային այս ամառ տեղի պիտի ունենայ կազմի փոփոխութիւն։ Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի, ընթրիքի սեղանով մը հիւրընկալեց Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքն ու գործակից ընկերները, որոնք վերջին չորս տարիներուն ստանձնած էին հաստատութեան ղեկը։
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ՝ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ։ Ս. Պատարագին նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շեշտեց, թէ Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ կրօնի պահպանման համար մեծ պայքար մը եղած էր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ:
«Յաւիտենական կեանքի զօրագլուխ Քրիստոսը ընտրելով՝ մենք յաղթեցինք, պայքարելու մեր ոգին վերանորոգեցինք»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Վարդանանց տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ ազգային-եկեղեցական կեանքը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է պահու հրատապ առաջնահերթութեան վրայ՝ օգնութիւն փութացնելու համար աղէտեալներուն:
Պատրիարքական աթոռը կը ջանայ ընտրանքներ ստեղծել մեր համայնքի գաւառաբնակ անդամներուն համար, որպէսզի կարողանան կողմնորոշուիլ իրենց ապագայի ճանապարհին վրայ՝ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին ներքեւ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը կը պատրաստուի օժանդակութեան կոչ ուղղել համայն աշխարհի հայութեան:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններ. աւելի քան երեք տասնամեակի փակուղի… Հաշուարկներու, սպասումներու, պայմաններու եւ հեռանկարներու խճուղիին վրայ են մշտապէս երկու հարեւանները՝ մինչ ուժերու յարաբերակցութեան առարկայական պատկերը յայտնի է բոլորին։