Արխիւ
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մաշկը եւ անոր գոյնը: Նորածինին մաշկին առանձնայատկութիւնները: Մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը: Օճառի աղի գործածութիւնը: Վաննա: Ջուրին տաքութիւնը: Ի՞նչ պարագայի պէտք չէ լոգցնել: Ե՞րբ պէտք է լոգցնել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խորհող մեծ միտքեր յաճախ ըսած-գրած են խօսքեր, որոնք լուսաւորած են մեր մտքերը եւ անդրադառնալու առիթ եղած են ճշմարտութեան, որ շատ անգամ կ՚երկմտինք, կը տարակուսինք անոր մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ըստ երեւոյթին ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի յունուար 30, 2023 համարին մէջ մեր գրած «Պատմիչները ստախօսներ են» խորագրեալ յօդուածը վշտացուցած է Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի փափկասուն սիրտը, որ Կիկոսի մահուան կողքին հաւանաբար կը շարունակէ հաւատալ նաեւ Ձիւնանուշի մը գոյութեան:
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքները ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ կը դառնայ աւելի ծանր եւ ցնցիչ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներուն, երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 6957-ի։
Անգարա բարձր կը գնահատէ Երեւանի աջակցութիւնը՝ այս քայլը կարեւորելով նաեւ կողմերու միջեւ երկխօսութեան ապագայ խորացման տեսակէտէ:
Աղէտի ծանր հետեւանքով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Հայաստանէն փրկարարներու ջոկատ մը հասաւ Թուրքիա. Էրտողան եւ Փաշինեան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Զատիկ Թոքէրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պալաթի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, համայնքային մարմիններու ատենապետները երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեցին Գումգաբուի մէջ:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը կեդրոնացած է աղէտի գօտի առաւելագոյն զօրակցութիւնը փութացնելու վրայ: Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ ERVAB-ի կողմէ արդէն 2 միլիոն 500 հազար լիրա նուիրատուութիւն կատարուած է: Միւս հաստատութիւններն ալ խոստացան կրկնապատկել այս գումարը՝ մինչ հոգեւոր հայրերն ալ կը յատկացնեն իրենց ամսականները:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ներկայ շաբթուան լուսաբացը ահաւոր ցնցում մը բերաւ երկրին. կարծես արշալոյսը խավարման վերածուած ըլլար։ Հանրապետութեան հիմնադրութեան դարադարձի տարուան սկիզբին միթէ արդա՞ր է այսպիսի ողբերգութիւն մը։ Նախախնամութիւն, անշուշտ, ըսելու բան չկայ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ իր երիցագոյն միաբաններէն Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեանին, որու վախճանումը խոր ցաւ յառաջացուցած էր։ Հոգելոյս բարձրաստիճան եկեղեցականին վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, շաբաթավերջին պատարագեց Ուայթփլէյնսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Խրուաթիոյ Արտաքին եւ Եւրոպական գործոց նախարար Կորտան Կրլիչ Ռատմանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Փոփոխական աշխարհին մէջ ներկայիս ողբերգութիւնները նորոյթ մը չեն: Իւրաքանչիւր դարաշրջան իւրովի կը մատուցէ իր ողբերգութիւնները: Պարզապէս մենք՝ մարդիկս կը տառապինք յիշողութեան կորուստով:
Քահրամանմարաշի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն պատահած 7.6 սաստկութեամբ նոր ցնցումին ալ ազդեցութեամբ զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը բազմապատկուեցաւ: Երկիրը բազմաթիւ քաղաքներու պարագային կը դիմագրաւէ աննկարագրելի փլուզումի մը մարտահրաւէրը՝ մինչ պետութիւնը կը ջանայ բոլոր ուղղութիւններով հոգալ կարիքները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ստեփանակերտէն բարեկամուհիս է հեռաձայնողը: Լացակումած կը պատմէ իր ընտանիքի որոշումին մասին. «Երբ ճանապարհը բացուի, դուրս պիտի ելնենք Արցախէն, որոշած ենք»:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մեր յօդուածը կը շարունակենք արեւմտահայերէնի դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման հեռանկարներու շուրջ։
գ.-Միջազգային կամ համաշխարհայնացած իրավիճակին ազդեցութիւնները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդուն բերանը կրնա՞յ պտուղ տալ իրեն:
Պատասխան. Սողոմոն իմաստուն կը գրէ. «Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով պիտի լեցուի եւ իր գործերուն հատուցում պիտի ընդունի» (Առ 12.14):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ներհայեցողութիւն», այսինքն՝ հոգեկան աշխարհի թափանցումը, մտքին ներքին անդրադարձ զննութիւնն է կեանքի այն երեւոյթներուն՝ որոնք արտաքին աշխարհի մարդուս զգայարաններու վրայ գործած ազդեցութեամբ եւ տպաւորութեամբ իր ներսը կը կատարուին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեղքացէ՛ք այս մարդուն, որուն աչքերը արցունքներէ պարպուած, փակ սենեակին առանձութեանը մէջ առյաւէտ փակեց իր աչքերը: Այդ կորուստին վկաները դարձան միայն գիրքերը, որոնց միակ մենախօսն էր ողորմելին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ համայնքային հրատապ խորհրդակցութիւն մը կազմակերպեց Գումգաբուի մէջ։ Այս ժողովին մասնակցեցան ընդհանրապէս Պատրիարքական Աթոռի ընկերային զօրակցութեան յանձնախումբի անդամները։