Արխիւ

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան Սուրբգրային ընթերցումները առնուած են Եսայիի մարգարէութենէն 1-ին գլուխ 21-31 համարներ, Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 7-րդ գլուխ 25-րդ համար եւ 8-րդ գլուխ 1-11 համարներ, եւ Մատթէոսի Աւետարանէն 12-րդ գլուխ, 38-45 համարներ:

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նկատենք թէ ոչ, ժամանակը իր հետ կրցաւ փոխել գրեթէ ամէ՛ն բան: Վերիվայր ըրաւ ամէն բան եւ այն երեւոյթը, որ բնական էր, դարձուց արտասովոր, իսկ արտակարգը՝ բնական:

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան վերջերս մասնակցեցաւ Եւրոպայի Ազգային գրադարաններու (CENL) տարեկան ընդհանուր ժողովին։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը հանդիսանայ CENL-ի անդամ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Փարիզի «Buci» գեղարուեստասրահին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ քանդակագործ Նինա Խեմչեանի «Ոսկիի դարաշրջանը» (L'Age de l'Or) խորագրեալ ցուցահանդէսը, որու բացման մասնակցած է նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական կաճառին (INALCO-ԻՆԱԼՔՕ) կից սկսաւ գործել հիմնադրամ մը։ Ըստ «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, այս հիմնադրամի գործունէութեան սկիզբին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան եւ Վարշաւիոյ սակարանին միջեւ կնքուեցաւ պայմանագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթով Հայաստանի սակարանի բազմատոմսերը վաճառուեցան Լեհաստանի կողմէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Փութին եւ Ալիեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու:
Պաքու-Մոսկուա առանցքին վրայ շփումները այս շրջանին կը խտանան՝ զանազան մակարդակներու վրայ քննարկումներով:

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները այսօր դարձեալ կը տեսակցին Վիեննայի մէջ:
Ռուբինեան տարօրինակ կը համարէ Անգարայի յայտարարութիւնները՝ գործընթացը Պաքուի հետ համակարգելու մասին:

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գիրքերու շնորհանդէս՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։ Այս առթիւ ծանօթացուեցան շարք մը արժէքաւոր գիրքեր, որոնք տպագրուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան կողմէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) մէջ ան կը ներկայացնէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2021-2022 ուսումնական տարուայ փակման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Երէկ երեկոյեան, Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ իսկապէս փառաշուք երեկոյթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Այսօրուան դրութեամբ Չեխիա դարձած է Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրը։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը մեծ յաջողութեամբ մը, արդար հպարտութիւնը պարգեւեց պոլսահայ կրթական համակարգին։ Այսպէս, Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան հանդիսացած է լիսէներու մտից քննութեան (LGS) առաջինը։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Բացակայութիւն մը՝
Ամէն տան մէջ լուծումներս:
Բացակայութիւն մը՝
Երկիր մը, զոր կը գովերգեմ լեզուով:
Բացակայութիւն մը՝
Հոգիին մէջ մխրճումս:
Ոչինչ կայ մէջս:
Բացակայութիւն, բացակայութիւն...

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ճակատագրական եւ վտանգաւոր պահերու ոմանք կը պահեն իրենց հանդարտութիւնը, որ զանոնք կը փրկէ ստոյգ մահէ: Յոյն օդաչու Վ. Վասիլէու կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս պանդոկի անկողինը զինք քանի մը տարի առաջ փրկած է, երբ Աֆղանիստանի Թալիպան շարժումը 20 յունուար 2018-ին ահաբեկչական գործողութիւն իրականացուցած է Քապուլի «Ինթերքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ: 

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սկսած եմ համոզուիլ, որ հայրենասիրութիւն ըսուած բառը ստախօսութիւն մըն է՝ զարդարուած կեղծիք մը պարզապէս: Անոնք որոնք այսօր հրապարակի վրայ ազգին ցաւերով մտատանջ ըլլալ կը թուին, իրականութեան մէջ մտահոգ են ո՛չ թէ ազգով՝ այլ սեփական շահերով ու նպատակներով:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ընթերցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «Վատ ցաւ կամ սիֆիլիս» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1903-ին:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հաւանաբար հիւանդագին թուի, սակայն մեծազոյն հետաքրքրութիւններէս մէկն է ժամերով նստիլ եւ հետեւիլ մարդասպանական դատավարութիւններու, որոնք շատ բան մտածել կու տան թէ՛ կեանքին եւ թէ՛ մարդ արարածին մասին՝ հարցականի տակ դնելով գրեթէ ամէն բան:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022

Հայաստանէն յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սուրէն Աղաջանեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022

Գանատա որոշեց Հայաստանի մէջ բանալ դեսպանատուն մը։ Այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլի, որու խօսքով՝ այս քայլը թոյլ պիտի տայ աւելի ամուր կապեր հաստատել երկու երկիրներու միջեւ ու մեծցնել աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարութեան ի նպաստ։

Էջեր