Արխիւ
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վաղուան ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ Արցախի միջանցքի խափանումը Ալիեւի ոխերիմ հայատեաց վերաբերմունքին արտայայտութիւնն է։ Այս միջոցին Արցախն էր, անկէ առաջ Հայաստանը, անկէ առաջ 2020-ի պատերազմին ընթացքին բոլոր պատերազմական յանցագործութիւնները, ռազմագերիներուն դէմ անմարդկային վերաբերումը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գործողութիւնները։
Մինչ Լաչինի միջանցքը փակ է եւ Արցախը կը շարունակէ շրջափակուած վիճակի մէջ մնալ, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարուած վիճակը յաղթահարելու համար։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքի փակումը Պաքուի կողմէ նախապէս ծրագրաւորուած գործողութիւն մըն է։
Արցախի շրջափակման պայմաններուն ներքեւ Լաւրովի եւ Պայրամովի միջեւ տեսակցութիւն. «Մոսկուա բոլորէն աւելի շահագրգռուած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն, արդար խաղաղութեան հաստատմամբ»:
Ռուսաստան ցաւ յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպման չկայանալուն պատճառով՝ իրադարձութիւնը որակելով բաց թողուած հնարաւորութիւն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Pixar»ի արուեստագէտները կը շարունակեն իրենց ազատ ժամանակները արժեւորել՝ հրաշալի պատումները վերածելով անիմասիոնի։ «Pixar»ի արուեստագէտներէն Էնտրու Քոթս եւ Լու Համու-Լաճ նոյն խումբին մաս կազմելով համագործակցաբար թողարկած են «Փոխ առնուած ժամանակը» կարճաժամկէտ անիմասիոն ժապաւէնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Անակնկալ մը ունինք ձեռնարկին աւարտին:
«Անակնկալ» բառը շատ կը սիրեն պզտիկները եւ հակառակ անոր որ ձեռնարկը կը վերաբերի Ամանորին, որմէ պէտք էր ենթադրէին անակնկալը, ոմանք՝ քիչ մը մեծերը, թերեւս ենթադրեցին ալ, բայց «անակնկալ» բառին կախարդանքը չուզեցին կորսնցնել, սպասեցին աւարտին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը լսուի սա խօսքը, թէ՝ դրամը միջոց մը, առարկայ մըն է միայն եւ ո՛չ՝ նպատակ։ Բարոյագէտներ եւ կրօնաւորներ ալ նոյնը կ՚ըսեն։ Եւ իսկապէս ալ այդպէս է. դրամը, պարզապէս, նպատակի մը հասնելու համար միջոց մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամերիկացի հայր մը վերջերս կը բողոքէր, թէ իր հարազատ դուստրը 21 տարեկան ըլլալով հանդերձ կը շարունակէ իրենց հետ նոյն տան մէջ ապրիլ եւ որոշ կարծիքներ կը խնդրէր հանրութենէն, թէ ինչ ձեւով կրնայ համոզել, որ կա՛մ դուրս գայ եւ կամ ալ որպէս չափահաս հաւասարապէս մասնակից դառնայ տան ծախսերուն...։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Սուրբ Ներսէս ընծայարանի աշնան շրջանը հասաւ իր աւարտին։ Ծանօթ է, որ այս շրջանին Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ սեպտեմբերէն ի վեր հաստատուած է այս ընծայարանէն ներս։
Երուսաղէմի Հայոց վանքէն ներս Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններու քննութեան շրջանը արդէն վրայ հասած է՝ 2022-2023 կրթական շրջանի առաջին կէսի եզրափակիչ փուլին ընդառաջ։ Թարգմանչացի եւ Ժառանգաւորացի ուսուցչական կազմերը երէկ հաճելի հաւաք մը իրականացուցին՝ տեսուչ հայր սուրբին գլխաւորութեամբ։
Ուաշինկթըն Երեւանի եւ Պաքուի հետ ուղիղ կապ կը պահէ Լաչինի միջանցքի փակման հարցին շուրջ:
Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ կ՚ընդունի Ճէյհուն Պայրամովը: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ եռակողմանի յայտարարութենէն բխած պարտաւորութիւնները գործնականօրէն չեն կատարուիր նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ կամաւոր հոգաբարձուները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, ուսուցիչներէն Լուսինէ Յարութիւնեան եւ երկու սաներ։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ շաբաթավերջին նախատեսուած ընտրութիւններուն ընդառաջ կազմակերպչական հարցերու վերաբերեալ պղտորութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Կրօնները ազգերու խաղաղ համագոյակցութեան երաշխիք» խորագրեալ համաժողովի բանախօսները։
ARA KOÇUNYAN
Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı'nın durumunu genel değerlendirmeye tabii tutarken, hiç kuşkusuz şu soruyu da sormak gerekiyor: Peki onlarca yıldan bu yana cemaat ne yaptı? Seçim öncesinde geleceğe odaklı beklentileri şekillendirirken yüzleşilmesi gereken konulardan birisi de bu noktadan itibaren netleşecek.
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան 6-րդ անգամ անընդմէջ վերընտրուեցաւ PEN-ի պատուոյ խորհուրդի անդամ։
Համաշխարհային գրողներու միութեան՝ PEN-ի Թուրքիոյ մասնաճիւղը վերջերս գումարեց իր ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցան երկրի գրական եւ մամլոյ աշխարհէն վառ ներկայացուցիչներ
Համայնքային ընտրութիւններու երկարաշունչ գործընթացը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին:
Շաբաթ օր պիտի ընտրուին Ղալաթիոյ, Գարակէօզեանի, Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի նոր խնամակալները, նաեւ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ նոր թաղականները՝ շրջանային նորահաստատ համակարգի պայմաններով:
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահութեան 2022 թուականի Մշակոյթի եւ գեղարուեստի մեծ մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը։
ARA KOÇUNYAN
Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı'nın Türkiye Ermeni toplumu yaşamındaki hassas konumu haftasonundaki yönetim kurulu seçimi öncesinde kaçınılmaz olarak mercek altında. Aslında Ermeni cemaatinin gerçeğinde kuşak değişikliği, sağlıklı geçiş süreçleri on yıllardan bu yana genel olarak çok büyük sıkıntılara yol açıyor.
