Արխիւ
Ալպանիոյ մայրաքաղաքը Թիրանայի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի ծանրամարտի առաջնութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։
Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան զուգահեռ՝ խանդավառ փառատօն:
Մանուկներու համար պատրաստուած բազմակողմանի ծրագիր եւ «Հերի Փոթըր»ի հայերէն հերթական թարգմանութիւն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու պետական նախարար Ահմէտ էլ Ճուպէյրի հետ:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ շփումները դրական հունի մը մէջ կ՚ընթանան՝ «Ֆ-16» ռազմաօդային կործանիչներու վերաբերեալ հարցերու յաղթահարման ուղղութեամբ։
Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերն ալ կը միանան իշխանութիւններու դէմ բողոքներուն:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը յամառօրէն յառաջ կը տանի իր «Դիմադրութիւն» շարժումը՝ զանազան դրսեւորումներով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ երէկ։ Ռուս ղեկավարը, որ օր մը առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնով զրուցած էր, երէկ շնորհաւորեց Փաշինեանի ծննդեան տարեդարձը:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը անակնկալ ծուղակի մէջ յայտնուած է։ Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր սկիզբ առած «Դիմադրութիւն» շարժումը տեղքայլի մէջ է, հակառակ ի գործ դրուած հսկայական միջոցներու։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքուի նախաձեռնութեամբ։
Դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը:
Ալէն Սիմոնեան խօսեցաւ ընդդիմադիր երեսփոխանները լիազօրութենէ զրկելու մտադրութեան մասին:
Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուածութիւնը ծայրայեղութիւններու ճիրաններուն մէջ պահել կը շարունակէ երկիրը:
Անոնք, որոնք այսօր կը դասուին միջին տարիքաւորներու շարքին, վստահաբար, դպրոցական տարիներէն լաւ կը յիշեն այն երգը, որ Թուրքիոյ բոլոր կողմերուն կ՚ուսուցուէր նախակրթարաններու մէջ. «Այնտեղ տուն մը կայ հառաւոր։ Եթէ նոյնիսկ այնտեղ չպառկինք, այդ տունը մեր տունն է…»։
Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ մարզական փառատօն մը, որուն մասնակցեցան համայնքային զանազան նախակրթարաններ եւ միջնակարգներ։ Իր տեսակին մէջ 15-րդ այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պաղլարպաշըի «Պուրհան Ֆելեք» մարզասրահին մէջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Դանիէլը տակաւին չէր ծնած, երբ ես զգացի, թէ մանչ է: Երեխան երեխայ է, Աստուծոյ պարգեւն է, ըլլայ մանչ թէ աղջիկ: Տարբերութիւն չկայ: Յիրաւի, ինծի համար ալ տարբերութիւն չկայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անհանդուրժողականութիւնը մարդ էակին մէջ եղող ամենէն յոռի երեւոյթներէն մէկն է, որ մարդուն գեղեցկութիւնը կը խամրեցնէ եւ անոր փայլքը կը մթագնէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին ամէն ժամանակաշրջան յառաջ բերած է իրեն յատուկ եւ յարմար դաստիարակութեան եւ բարքերու բարելաւման ձեւ մը, որ իւրաքանչիւր սերունդի հետ միասին փոփոխութիւն կրելով հասած է մինչեւ մեր օրերը:
Հայաստանի «FlyOne Armenia» օդային ընկերութիւնը, որ Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքներ կ՚իրականացնէ, ստացած է այլ ուղղութիւններով չուերթներու համար ալ Թուրքիոյ օդային մարզը օգտագործելու թոյլտուութիւնը։
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամներէն Յովհաննէս Պաչքով արդէն երրորդ անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոպայի բռնցքամարտի առաջնութիւնը այս օրերուն կ՚ընթանայ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն»ը կը շարունակուի յամառ անհնազանդութիւններով:
Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ սաստիկ բախումներ ծագեցան՝ կառավարական շէնքերու մօտակայքին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին կը շարունակէ այլատեաց հռետորաբանութիւնը հայերու դէմ, կը խախտէ հրադադարը եւ կը հրաժարի ռազմագերիները վերադարձնելէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Նախագահներու հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները։