Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Իմ կինը ոսկի մըն է, ոսկի մը՜,- ըսաւ վաճառականը:
-Անկարելի է, պարոն,- պատասխանեց գնորդը։
-Իրաւ կ՚ըսեմ, ին կինը ոսկի մըն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յատկանշական է, որ Յակոբ Օշականի «Խոնարհները» գիրքը ամբողջական կերպով առաջին անգամ տպագրած են անոր աշակերտները: Հրատարակչութեան անուան տեղն այդպէս ալ գրուած է «Հրատարակութիւն Յ. Օշականի աշակերտներուն»:
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Գրական աշխարհը խոր կսկիծով իմացաւ վաստակաշատ եւ բազմակողմանի գրական մշակին՝ Ժիրայր Դանիէլեանի մահուան բօթը: Բանասէր, գրականագէտ, մանկավարժ, հրապարակագիր ու խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան մեծ բաց մը գոյացուց սփիւռքահայ գրական ոլորտին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախ գրած ենք եւ այսօր եւս կը կրկնենք, թէ այսօրուան մեր ապրած ընկերութիւնը արժէքներու մեծ անկում կ՚ապրի, ուր ամէն ինչ իրար անցած է:
Մարդու իրաւունքներ, մարդկային ազատամտութիւն, եսի կարեւորութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն, եւ այլ նմանատիպ լոզունգներ, եկած են փոխարինելու այնպիսի արժէքներու եւ սկզբունքներու, ինչպիսին են մարդասիրութիւնը, իրերօգնութիւնը, հանդուրժողութիւնը, եւ այլն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի՞նչ փուլ կը մտնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք այդ երկրին մէջ գոյացած վերջին նախագահական ընտրութիւններու ընդհանուր արդիւնքը։ Անշուշտ, խօսքը ո՛չ միայն այդ արդիւնքներուն մասին է, այլ այն մեծ լարումին, որուն հետեւանքով պարտուած նախագահ Տանըլտ Թրամփի «բուռն» հետեւորդները բողոքի մեծ ալիքի մը պատճառ դարձան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»էն հատուածներ։
Վանահայր.-Ըսածներէդ ոչի՛նչ հասկցայ։
Իշխանուհի.- Ոչի՞նչ, Յովհաննէ՛ս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կ՚ափսոսամ, երբ նոր սերունդը «մտաւորական» կը ճանչնայ ու կը յիշէ միայն Պարոնեանը, Զօհրապը, Վարուժանն ու Օտեանը եւ մոռացութեան կու տայ բազմաթի՜ւ ուրիշներ՝ որոնք նոյնքան մեծութիւն եղած են՝ ինչքան վերոյիշեալները:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կը շարունակեն հրադադարի խախտումները՝ թիրախաւորելով հայկական պաշտպանութեան դիրքերը։
Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պենալմատենա, անդրանիկ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ:
Կը նախատեսուի, որ օծումը յառաջիկայ գարնան կատարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ շարք մը հաւաքոյթներու, որոնք կազմակերպուած էին Գերմանիոյ նախկին նախագահներէն Քրիստիան Վիլհելմ Վալթեր Վուլֆի Իսթանպուլ այցելութեան առթիւ։ Նախկին նախագահը կիրակի երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի կողմէ։
ՄԱԿ-ի Լիբանանի խաղաղապահ զօրախումբին մասնակից հայ անձնակազմը այցելեց Անթիլիաս:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի բանակի ներկայացուցիչները:
Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան պատարագեց Տիթրոյիթի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ պոլսահայ անմոռանալի օփերայի մեներգիչ բարեյիշատակ Գէորգ Պոյաճեան:
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ երախտիքի խոր զգացումներով ոգեկոչեց բարեյիշատակ Ունճեան եղբայրները։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի պատրաստութեան Յիսնակի շրջանի առաջին կիրակիին, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալք Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Ընտրութիւններու երէկուան փուլին միայն Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար մրցակցութիւն կար։ Ոսկեգոյն եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի ներգրաւուած էին։
Համայնքային ընտրութիւնները կը շարունակուին. երէկ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս եւս վեց եկեղեցւոյ մատակարար մարմնի կազմը վերանորոգուեցաւ:
Այս անգամ 2477 հոգի փութաց քուէատուփի մօտ: Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնեց Նուրհան Տավուլճեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Ան իրերայաջորդ կ՚այցելէ Փարիզ եւ Պերլին։
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները հետզհետէ կը մատնուին փակուղիի։ Հրադադարի խախտումներն ու սահմանի ոտնձգութիւնները մէկ կողմ, Պաքու կը սաստկացնէ իր խաղի պայմանները պարտադրելու ուղղեալ ճնշումները Երեւանի վրայ։
Թեշվիքիյէի «Մետիքա» բժշկական կեդրոնէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հաճելի երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս բժշկական կեդրոնը կը գործէ պատմական շէնքի մը մէջ եւ արձակուրդի օրով այնտեղ կազմակերպուած նուագահանդէսին մասնակցիլը իսկապէս մեծ հաճոյքի մը համազօր եղաւ ներկաներուն տեսակէտէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յատկանշական է, որ Վիեննայի մէջ 1887 թուականին հիմնուած «Հանդէս ամսօրեայ» ամսագիրը այսօր կը տպուի Հայաստանի մէջ: Ամսագիրը, որ հայ մամուլի պատմութեան կարեւորագոյն անուններէն մին է, մաս կը կազմէ նաեւ աւստրահայ մամուլին, ինչպէս նաեւ իր ուրոյն տեղը ունի Աւստրիոյ մամուլի պատմութեան մէջ: