Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ ամբողջ օր կը սպասուէր Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցային հանդիպման։ Ըստ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան, հանդիպումը նախատեսուած էր Սպիտակ Ռուիսոյ եւ Լեհաստանի սահմանային հատուածէն ներս, սակայն առանց յստակ պատճառներու բանակցութիւնները առկախուեցան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այսօր կը թեւակոխենք Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնայի ներկայ իշխանութիւններուն դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութեան 7-րդ օրը։ Ինչպէս անցեալ օրերուն, կը փորձենք ներկայացնել ուշագրաւ տուեալները, անկիւն մը առնել դիտելու համար։
Էականն ու երկրորդականը անպայման պէտք է զանազանուին իրարմէ, միանշանակ։ Յաճախ, սակայն, մանրամասնութիւններու մէջ թաքնուած կ՚ըլլայ գաղտնիքը, խորհուրդը։ Զանազանութիւններու մէջ ինքնին առանձնանալը չունի՞ նշանակութիւն։
Այս շաբաթավերջին Փրակի մէջ նախատեսուած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի շրջանային համաժողովը։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է, պիտի նախագահէ այս համաժողովին եւ բացման խօսքով մը հանդէս պիտի գայ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Բարեկենդանը պիտի դիմաւորէինք Մասեացոտնի թեմի սահմաններէն ներս Նորաբացի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Փոքրիկ գիւղական եկեղեցի մը ըլլալով հանդերձ, իր համալիրով յատկապէս սիրուն երեւոյթ մը ունի այս եկեղեցին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը հետաքրքական մտածում մը ունի պահքի մասին. «Պահքը, -կ՚ըսէ- միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ»: Մեծ պահքի երրորդ օրն է արդէն: Մեզմէ շատեր պահք կը պահեն, շատեր ալ չեն պահեր:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս այս շրջանին իրերայաջորդ կեանքի կոչուեցան ընկերամշակութային բնոյթով ծրագրեր։ Ըստ հայկական հին սովորութեան, Ս. Զատկի ընդառաջ «Ակլատիզ»ներ զետեղուած են դպրոցի շէնքի իւրաքանչիւր յարկէն ներս։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Այդ ո՞ւր կը շտապես:
-Մեր մօտի եկեղեցի: Գիշերը վատ երազ մը տեսայ, շատ վախցայ: Երթամ մոմ մը վառեմ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդ արարածը իր մտածողական աշխարհով տարօրինակութիւններու տիեզերք մըն է, ուր կարելի է ամէն տեսակի զանազանութիւն, այլանդակ դրսեւորումներ եւ անտրամաբանական երեւոյթներ գտնել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ աշխարհին մէջ գոյատեւելու համար ի՞նչ բան պէտք է նոր սերունդին. անցեալները այս նիւթին շուրջ երկու բարեկամ բանավէճ մը ունեցան: Անոնցմէ մին յայտնեց, թէ «այսօր աշխարհի մէջ ամէն բանէ առաջ պէտք է ուսում ունենաս. եթէ ուսում չունեցար ո՛չ քեզի մարդու տեղ կը դնեն եւ ո՛չ ալ կրնաս տեղ հասնիլ»:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Բոլոր երկիրները իրենց ստեղծման օրէն, իրենց ներած ու հնարաւոր կարողութիւններով կը ջանան ապահովագրել աւելի պայծառ ապագայ: Աշխարհը, այո, երկար քաղաքական պատմութիւն ունի պետութիւններու կայացման առումով, բայց 21-րդ դարու քաղաքական, այսպէս ըսած, ճարտարագիտութեամբ եւ տարբեր տեսութիւններով կը քննարկուին փոքր եւ միջակ պետութիւններու զարգացման ուղիները եւ տնտեսական ու քաղաքական համարկումները:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Իսկ Սիմոն Պետրոսը, որովհետեւ սուր մը ունէր» (տե՛ս Յհ 18.10):
Արդարեւ, գիտելի է, թէ Տէրը աշակերտներուն պատուիրեց առանց մաղախի եւ առանց քսակի շրջիլ, սուրը ուրկէ՞ էր անոնց:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1941 թուականի օգոստոսին սաղիմահայ կառոյցները կը գուժէին մահը Տ. Մկրտիչ Ս. Արք. Աղաւնունիին (պատրիարքական փոխանորդ Ս. Աթոռոյ): Մահախօսականին կ՚ուղեկցէր սրբազանին կենսագրականը, որմէ կը տեղեկանանք, որ ծնած է 1863 թուականին, Պարտիզակ, աշակերտած է տեղւոյն Ներսիսեան վարժարանը, Եղիշէ Դուրեան Վարդապետի տեսչութեան օրով, յետոյ կրօնի եւ թրքերէնի օգնական ուսուցիչ եղած է նոյն վարժարանին մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նար-Դոս հայ գրականութեան այն եզակի դէմքերէն է, որուն գրութիւններուն մէջ գոյութիւն չունի երեւակայութիւնն ու կեղծ պերճանքը. անոր գրութեան հերոսներն ու ներկայացուցած նիւթերն ու պատկերը շինծու չեն, այլ հայելին են մեր առօրեային, իր ներկային:
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսման համար կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն Արեւիկ Պապայեանի կողմէ։ Արի Քենտիրլի-Արեւիկ Պապայեան ամոլի Երեւանի բնակարանին մէջ ան օրհնեց Բուն բարեկենդանի առթիւ սարքուած սեղանը։
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կառավարութիւնը երէկ քննարկեց Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը:
Սպիտակ Ռուսիոյ հիւրընկալմամբ տեղի ունեցած Մոսկուա-Քիեւ առաջին բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:
FLYONE ARMENIA-ի կողմէ նախաձեռնութիւն՝ Թուրքիոյ շուկայէն ներս ներկայութիւնը ամրապնդելու համար:
Ընկերութիւնը դէպի Երեւան ուղիղ թռիչքներու գծով Իսթանպուլի մէջ պիտի գործակցի Պերճուհի Սէօղիւթի հետ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին ի Տէր հանգած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան։ Շաբաթ վաղ առաւօտեան ժամերուն վախճանած է ան եւ իր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը նախատեսուած են այսօր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին բազմաթիւ քարոզներ խօսեցաւ ժողովուրդին: Քարոզներ, որոնք սովորական քարոզ ըլլալէ անդին կեանքի, ապրելակերպի մարտահրաւէրներ էին, զորս առաջին հերթին Ի՛նք գործադրեց ու ապա թելադրեց մարդոց գործադրել: