Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022

Հայկական ֆութպոլի արդի առասպելական աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան որոշած է այլեւս դադրեցնել իր մասնակցութիւնը Հայաստանի ազգային հաւաքականին։ Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ կը շարունակէ մեծ ֆութպոլի մէջ մնալ, Իտալիոյ մէջ հանդէս գալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, տարիքի բերումով, այլեւս բաւ համարած է հայկական ընտրանիին մաս կազմելը։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022

Փաշինեան Փարիզի մէջ հանդիպեցաւ Էմմանիւել Մաքրոնի եւ Շարլ Միշելի հետ:
Հայաստանի վարչապետը եւ Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային ասպարէզի զանազան գործընթացներուն շուրջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններուն մէջ սկիզբ կ՚առնէ նոր շրջան մը, ինչ որ կրնայ ազդել ամբողջ տարածաշրջանին վրայ:
Էրտողան եւ Հերցոք երէկ գլուխ գլուխի զրուցեցին երկու ժամ եւ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեցին ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան զարգացումը: Նախարարներ Չավուշօղլու եւ Տէօնմէզ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկեն:

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Աղէտալի պատերազմին ՆԱԹՕ-ն ներգրաւելու ուղղեալ Ուքրայնայի փափաքը, որ հիմնական գրաւն էր, արդէն ինկած է ջուրի մէջ:
Արեւմուտքի խուսանաւումներէն հեռու Մոսկուա-Քիեւ շփումները տեղ մը ծայրերը քով քովի կը բերե՞ն, թէ ոչ այս փուլին ռազմական գործողութիւններու շարունակուիլը տակաւին ձեռնտու է խաղի իսկական տէրերուն տեսակէտէ: Ռուսաստանի կողմէ զիջումի հաւանականութիւնը նուազ:

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Թուրքիա կը ժամանէ՝ մասնակցելու համար Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Կը նախատեսուի, որ նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր երեկոյեան հասնի Անթալիա, ուրկէ ան հրաժեշտ պիտի առնէ շաբաթ, օրուան երկրորդ կէսին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ներկայ անցեալ, թէ անցեալ ներկայ ժամանակ՝ խառնաշփոթ շիլաշփոթ մը: Ո՛չ, ոչ, խօսքը ամենեւին քերականական եղանակներու մասին չէ՝ անցեալ-ներկայ կամ ներկայ-անցեալ ժամանակ

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան մեր սիւնակին մէջ խօսքը կը թողունք հայ արդի գրականութեան տիրական դէմքերէն Վահրամ Մավեանի յատկանշական վկայութիւններէն մէկուն։ Վահրամ Մավեանի թողած աւանդը ինքնին կարեւոր է, բայց հետեւեալ գրութեան պարագային նշանակութիւնը կը կրկնապատկուի՝ այն առումով, որ վկայութիւնը կը վերաբերի ուրիշ հսկայի մը՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Խաչիկ Դաշտենցի կենսագրութիւնը գրած ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց անոր «Բոց» աշխատութեան պատճառով Հայրենիքէն հեռանալու իրողութիւնը եւ ուզեցի անպայմանօրէն գիտնալ, թէ ի՞նչն էր պատճառը, որ ստիպեց Խաչիկ Դաշտենցը լքել Հայրենիքը եւ երթալ օտար ափեր: Այդ հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար սկսայ կարդալ անոր «Բոց»ը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլիզէի պալատին մէջ այսօր նախատեսուած է Փաշինեանի եւ Մաքրոնի հանդիպումը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոք այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Հիւր ղեկավարը յետմիջօրէի ժամերուն կը հասնի մայրաքաղաք Անգարա, ուր պետական արարողակարգով կը դիմաւորուի Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուքրայնայի մէջ մարդասիրական հրադադարի պայմաններով կը դիտարկուի տնտեսական պատերազմի սաստկացում:
Նաւթի եւ կազի գործիքակազմը «U Turn»ի անխուսափելի կէտի մը կը տանին ռազմական առկայ գործողութիւնները, որոնք Արեւմուտք-Ռուսաստան ազդեցութեան անթաքուն կռիւները նոր հարթութեան մը վրայ կրնան դնել՝ մինչ չի բացառուիր Եւրոպայէ ներս քաղաքական անորոշութիւններու ծագիլը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022

Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի տարածաշրջանային ֆորումը անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ երկու փուլով։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս հաւաքները կազմակերպուեցան՝ գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այս օրուան Սուրբ Գիրքին ընթերցումներուն մէջ կը կարդանք. «Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Մք 4.5): Ճշմարտութիւն մը, որ մինչեւ այսօր ի զօրու է տակաւին:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022

Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակէ մնալ միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը։ Երէկ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցաւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը, զուգահեռաբար մարդասիրական հրադադար հաստատուեցաւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի մթնոլորտին մէջ այս նիւթին վերաբերեալ սպասումը միջոցէ մը ի վեր հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ էր։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այս օրուան Սուրբ Գիրքի ընթերցումներուն մէջ կը կարդանք. «Տիրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ» (Ա. Թգ 2.2): Այս ճանապարհորդութեան համար ինչ տեղին հաստատում՝ «Տիրոջ պէս սուրբ չկայ». «Անկէ զատ ուրիշ մը չկայ» եւ «մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ»:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւոր զրոյց մը ունեցան ԳՀԽ-ի նստաշրջանէն առաջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ժողովներուն ընթացքին օրակարգի վրայ են եկեղեցա-վարչական, իրաւական ու կանոնական նիւթեր:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ երեկոյեան ժամերուն ի Տէր հանգած է վաստակաւոր կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեան, որու կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է պոլսահայ կրթական համակարգէն, համայնքային շրջանակներէն ներս, ինչպէս նաեւ, բնականաբար, իր սիրելիներուն մօտ։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մարտի 8-ն է այսօր՝ Համաշխարհային կանանց օր։ Հայաստանի մէջ այսօր կը սկսի կիներուն միամսեակը: Զանազան ձեռնարկներ, հրատարակութիւններու շնորհանդէսներ, ցուցահանդէսներ, կիներուն նուիրուած եւ անոնց մասնակցութեամբ բազմապիսի միջոցառումներ նախատեսուած են այս մէկ ամսուան ընթացքին:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մշտապէս միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պետութիւններու միջեւ եղած լաւ, համերաշխ ու ծաղկուն կապերուն հիմքը կը կազմեն անոնց եղբայրական ծագումը: Շատ կան երկիրներ-պետութիւններ, որոնց ժողովուրդները նոյն ազգային ծագումը ունին. ինչպէս՝ արաբական, սլաւոնական, գերմանական եւ կրնանք դասակարգնել նաեւ անկլօ-սաքսոնական... եւ այլն ծագումները:

Էջեր