Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խաչվերացը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տաղաւար տօներուն հինգերորդն է, ինչպէս նաեւ Խաչին նուիրուած տօներուն գլխաւորը, որ ընդհանրապէս կը նշուի 11-17 սեպտեմբերի ընթացքին հանդիպած կիրակի օրը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ճիշդ չեմ յիշեր թուականը, բայց լաւ կը յիշեմ այն պահը, երբ առաջին անգամ լսեցի սուրիահայ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանին մասին։
Ա. Թ.-ն էր պատմողը. «գիտես, Նորարարական բժշկութեան կեդրոնին մէջ կարող բժիշկ մը կայ, հոն գնայ մէյ մը թող նայի»։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի յայտարարութիւնները:
«Կովերու պարտէզ» կոչուած տարածքի գործարքի պարագային Պատրիարքարանի սեփականութեան իրաւունքը չէ վտանգուած:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համաժողով. «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»: Կոչ համայն աշխարհին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը. «Պարտադրուած խաղաղութիւնը, առանց արդարութեան, բարիքի փոխարէն ցաւ ու տառապանք կը ծնի, ատելութիւն ու թշնամանք կը բերէ մարդկային կեանքին»:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է դարձեալ շահեկան ու հետաքրքրական գործ մը, որու հեղինակն է գրող ու ազատ լրագրող Մելինէ Թումանի։ «Թուրքերն ու հայերը. ճանապարհորդութիւն մը հաւանականութիւններու եւ ատելութեան միջեւ» խորագրեալ Մելինէ Թումանիի անգլերէն գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնն է այս մէկը։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մանուկը չկրցաւ յաջողիլ արեւի լոյսին, բաց աչքերով, նայիլ, ծռեց գլուխը յոռետեսօրէն եւ մօրը ըսաւ.
-Արեւը կ՚ատէ զիս:
Մայրը ըսաւ.
-Արեւը բոլոր մարդիկը կը սիրէ:
Մանուկը շեշտելով ըսաւ.
-Արեւը զիս չի՛ սիրեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քաղաքականութենէ հեռու մարդ եմ, սակայն վերջերս կը նայէի մեր հայ մեծաւորներուն օտար երկիրներու եւ ժողովներու ընթացքին ունեցած ելոյթները: Միեւնոյն ժամանակ աչքէ կ՚անցընէի միւս պետութիւններու մեծաւորներունը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Գերմանացի իրաւաբան եւ քաղաքագէտ Քարլ Շմիտթ կը փորձէր իր աշխատութիւններուն մէջ ապացուցել, որ խորհրդարանականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը բացարձակապէս տարբեր բաներ են։ Խորհրդարանականութիւնը ազատական հայեցակարգի տարր մըն է։
«MUNDUS VINI 2021» միջազգային մրցոյթը մեծ յաջողութիւնով եզրափակուեցաւ հայ գինեգործներուն տեսակէտէ։ Այսպէս, Հայաստանի «Արմենիա» գինեգործական ընկերութեան արտադրանքը արժանացաւ ութ բարձրագոյն մետայլի։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս ամսուան մէջ պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 19-22 սեպտեմբեր թուականներուն։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան վերջին օրուայ ծրագիրը նախատեսուած էր Պաթում քաղաքին մէջ։
Երեւանի մէջ «Անտարես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու նախկին դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ գիրքը։ «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» աշխատութեան առաջին հատորն է այս մէկը, որ կը ներառէ հեղինակի՝ զանազան տարիներուն հրապարակուած յօդուածներն ու հարցազրոյցները, առաջին անգամ հայերէնով ներկայացուած վերլուծութիւններ, մեծ թիւով անտիպ նիւթեր։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց կէս ժամ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Միշել քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը։
Թիֆլիզ մեծապէս կը կարեւորէ Երեւանի կայունութիւնը՝ քաղաքական ու տնտեսական բնագաւառներու մէջ:
Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ կը քննարկուին «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջանցքի ստեղծման մասին համաձայնագրին վերաբերեալ հարցեր:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակով կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը Անգարայէն վերջին շրջանին հնչած մտադրութիւններուն կապակցութեամբ:
«Մենք կը տեսնենք Թուրքիա-Հայաստան փոխյարաբերութիւնները կարգաւորելու, երկաթուղին ու ճանապարհները վերագործարկելու մասին խօսելու հնարաւորութիւն։ Մեծ հաշուով խօսքը կը վերաբերի մեր տարածքաշրջանը արեւմուտքը արեւելքին եւ հիւսիսը հարաւին կապող խաչմերուկ մը դարձնելու»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան զուգահեռ ըսաւ. «Խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, համագործակցութիւնը դիւրին յայտարարելի ու ցանկալի նպատակներ են, բայց անոնց իրագործման համար խելամիտ, մտածուած, շահապաշտ ջանքեր կը պահանջուին։ Հայկական կողմը պատրաստ է նման ջանքեր գործադրելու»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը, որ ներկայիս իր դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտը աւարտելու վրայ է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի։ Անոնց միացած էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գրեթէ տարի մը առաջ հանեցի իմ գունաւոր ակնոցները եւ սկսայ կեանքը դիտել ինչպէս որ կայ: Հայոց կեանքը, հայու ներաշխարհը, Հայաստանը, մեր հաւատքի խորութիւնը... Ամէնուր գորշ ու մռայլ գոյներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոր գիտաուսումնական տարուան ընդառաջ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը» երկու օր առաջ յայտարարեց, որ արեւմտահայ գրականութեան դասականներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը այլեւս թուայնացուած է: Այս մէկը իրականացուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ: