Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Եառոնտա. ոմանք աստուածային Խորհուրդին չեն մօտենար ու կը բաւարարուին միայն Ս. Պատարագէն ետք Մասի օրհնութեամբ:
-Մարդ ինքնին չ՚որոշեր, եթէ պիտի հաղորդուի կամ ոչ, որովհետեւ այդպիսով սատանային առիթ կը տրուի օգտագործելու այդ վիճակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայիս, հաւանաբար անցեալին եւս, մեծահարուստներու բերնէն կը լսենք մի՛շտ նոյն յանկերգը «ԴՐԱՄԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՉԻ՜ ԲԵՐԵՐ»: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն, որ այդ խօսքը մի՜շտ ալ հարուստներու բերնէն դուրս կու գայ, որոնք գտած ըլլալով դրամը՝ չեն կրցած գտնել երջանկութիւնն ու ուրախութիւնը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Տարի մը առաջ կամ նախապէս յատուկ ակնածանք մը կը տածէի իմ ազգի ամէն մէկ անդամի նկատմամբ, մասնաւորապէս մեծահասակներու, գիւղաբնակներու: Մեծահասակներու հանդէպ իմ ջերմագին վերաբերմունքը ունի շատ խոր արմատներ. ան կը հասնի մինչեւ իմ մանկութիւն:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
- Ի՞նչ կը նշանակէ աղօթք եւ ինչո՞ւ կ՚աղօթենք։
- Աղօթք կը նշանակէ խօսակցութիւն Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնել աղօթելով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակի փոփոխման հետ մարդ, կամայ թէ ակամայ, ի՛նք եւս կը փոխուի՝ բանիւ եւ գործով, որդեգրելով նոր բարքեր, սովորութիւններ ու ապրելակերպ: Անցեալին մարդկային ընկերութիւն մը կ՚ունենար հասարակաց գիծեր ընդգրկող ապրելակերպ մը, հաստատուած գաղափարական մը:
Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, երէկ, Ատրպէյճան երկու գերի վերադարձուց Հայաստանին։ Այսպէս, Պաքուէն օդանաւով Երեւան վերադարձան Արթուր Նալպանտեան եւ Արամայիս Տոռոզեան, որոնք անցեալ յուլիսի 14-ին Սիւնիքի մարզէն ներս, Սեւ լիճի տարածքին մէջ կորսուած էին խիտ մշուշի պայմաններուն ներքեւ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ՝ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրին ընդառաջ։ Իր կեցութեան ընթացքին Փաշինեան առանձնազրոյց մը կ՚ունենայ Ղարիպաշվիլիի հետ, երկու վարչապետները կը գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
2021-2022 կրթական վերամուտին հայ դպրոցի վերաբերեալ մարտահրաւէրները միշտ ածանցուած կը մնան հայապահպանման առաջնահերթութիւններուն եւ լեզուի տագնապին:
Յակոբ Չոլաքեան. «Արեւմտահայերէնի ամբողջ պատմութիւնը տագնապներ յաղթահարելու շղթայ մըն է։ Հայապահպանումը դպրոցի պատմութիւն է։ Սերունդները չզրկենք հայեցի դաստիարակութենէ»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին։ Ողջունելով դեսպանին այցելութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեանը։ Հարկ է նշել, որ հիւր սրբազանը միօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէր Պատրիարքարանի մէջ։
Եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնի աւագ վերլուծաբան Ամանտա Փոլ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հեռանկարներուն շուրջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ ակնկալութիւնները։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս նորանշանակ համանախագահը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը միշտ կը մատնանշէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսելու կարեւորութիւնը: Պաքու ժամանակաւոր կը համարէ Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներկայութիւնը Արցախէ ներս:
«Կովերու պարտէզ» կոչուած հին քաղաքի տարածքը լուռ ու մունջ վարձուած է 99 տարուան ժամկէտով:
www. keghart. org կայքէջին վրայ ուշագրաւ պատգամներ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածին մասին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Պապիկ դուն բարեւ կ՚ըսես, թէ ո՛չ պարեւ», ըսաւ հնգամեայ թոռնուհիս՝ Վանան, հայկական վարժարանի առաջին օրուան աւարտէն իր տուն վերադարձին, երբ տակաւին պաչիկներ եւ կարօտագին գրկնդխառնումներ չփոխանակած:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի նախաձեռնութեամբ այս շրջանին կը կազմակերպուին առցանց դասախօսութիւններ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան հանդէս կու գայ դասախօսութիւններով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ այս շաբթուան երկրորդ կէսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է հետաքրքրական համաժողով մը։ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 9-10 սեպտեմբերին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը, որ մասնաւոր առաքելութիւն եւ առանձնայատուկ դիրք մը ունի պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս, 2021-2022 կրթական շրջանին եւս վերաբացած է իր դռները։ Ներկայ վերամուտին խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէ դպրոցէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Երկաթուղային կայարանը մայրաքաղաքին բանուկ հատուածին մէջ չէ: Սասունցի Դաւիթի հրապարակին մէջ կը գտնուի այս հնագոյն կայարանը, ուր հասնելու համար, գնացքով Կիւմրի կամ Վրաստան երթեւեկի կարիքը պիտի ունենաս, այլապէս, պարզ օրերուն, կայարանը առանձնապէս ձգողական ուժ մը չունի:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Կիլիկիոյ Աթոռակից Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Կաթողիկոս 152 տարի առաջ ծնաւ Այնթապի մէջ եւ վախճանեցաւ Անթիլիասի նորահաստատ Հայրապետանոցին մէջ 1936 թուին, իր պատասխանատու պաշտօնը վարելէ ետք միայն հինգ տարիներ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ապա կը ճառէ, թէ Քրիստոս ինչպէ՞ս պատուուեցաւ ժողովուրդին կողմէ.
Խօսք. «Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ» (Յհ 12.9):