Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ես ըսեմ տա՛սն... դուն ըսէ՛ հարի՜ւր...
Ես ըսեմ հարի՛ւր... դուն ըսէ՛ հազա՜ր...
Եւ զարմանալի չէ՛ որ հազարը դառնայ հարի՜ւր հազարներ. գուցէ հիմա, այս յօդուածը կարդացած պահուդ արդէն աշխարհի վրայ նուազագոյնը 10-20 ժողովներ տեղի կ՚ունենան հայկական գաղութներուն մէջ, որովհետեւ մեր մէջ բոյն դրած է ժողով գումարելու ախտը:
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի անպայման պատուաստուին քորոնաժահրի դէմ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սրբազան Քահանայապետը մարդկութեան ուղղեալ կոչին մէջ շեշտեց, որ միայն պատուաստումը վերջ կրնայ տալ համաճարակին։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ փակ քննարկում մը տեղի ունեցաւ երկրի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն վրայ ստեղծուած առկայ իրավիճակին շուրջ։ Այս քննարկումներուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց, որպէսզի բեռնափոխադրումներով զբաղող ռուսական ընկերութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի տարանցիկ ներուժը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ ռուս նախարարը մէկտեղուած է այդ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեան վերջերս Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ։ Այս առթիւ ան բացատրութիւններ տուաւ ընթացիկ տարուայ առաջին եօթ ամիսներու տուեալներու լոյսին տակ Հայաստանի լեզուի մասին օրէնքի խախտումներուն շուրջ։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս այս առաւօտ դռնփակ նիստ մը տեղի ունեցաւ՝ երկրի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը այս շրջանին հետզհետէ կ՚աճի՝ խլելով նաեւ զոհեր։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան երէկ այցելեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տեմիրճան աւելի առաջ երկար տարիներ Պէյօղլուի քաղաքապետի պաշտօնը վարած էր։
«Նահանջի տեղ չունինք: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը անխախտելի է: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ մեր տարածքէն նոյնիսկ մէկ սանթիմ զիջինք: Եկէ՛ք, խօսինք մեր սահմանները պահելու, ուժեղացնելու մասին: Ես չեմ ըսեր, թէ մենք պէտք է պատերազմ հրահրենք: Հազարումէկ եղանակներ կան այդ հարցերը լուծելու եւ կարգաւորելու համար: Բայց այդ մէկը ընելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել մեր անվտանգութեան համակարգը, որ վերջին պատերազմէն ետք ամբողջութեամբ քանդուած է»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորն են զինեալ ուժերը, որոնք կը գտնուին ոչ-բարւոք վիճակի մէջ: Բայց 8-9 ամիս է, որ արդէն աւարտած է պատերազմը: Հակառակ անոր՝ մենք տեսանք, որ մինչեւ այսօր որեւէ քայլի չէ ձեռնարկուած մեր զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: Չպաշտպանուած ու չկահաւորուած սահմանագիծ ունինք: Մամուլի մէջ բազմաթիւ լուսանկարներ ու տեսանիւթեր տարածուեցան, թէ մեր զինեալ ուժերը ի՛նչ պայմաններու մէջ կը կատարեն իրենց ծառայողական պարտականութիւնները: Պէտք է բոլորը հասկնան, որ եթէ մենք բանակ չունենանք, հարեւանները միշտ պիտի փորձեն ինչ-որ բան խլել մեզմէ: Մենք կ՚ապրինք այնպիսի տարածքաշրջանի մը մէջ, ուր եթէ քեզի մէկ անգամ ապտակեն եւ դուն արժանապատիւ պատասխան մը չտաս, ապա անպատճառ պիտի շարունակեն ապտակել քեզի: Մենք պէտք է ունենանք հզօր, մարտունակ եւ իր առջեւ դրուած խնդիրները կատարող բանակ մը եւ ոչ թէ խաղաղութիւն մուրանք: Իրաւունք չունինք խաղաղութիւն մուրալու: Պէտք է այնպիսի խաղաղութիւն մը ունենանք, որ մեր հարեւանները հասկնան, թէ զայն խախտելու պարագային իրենք շատ ծանր հարուած պիտի ստանան: Ասոր համար կայ մէկ ճամբայ. Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան աստիճանի բարձրացում՝ ամէնօրեայ աշխատանքով: Հիմա անցնինք բանակի բարեփոխումներուն: Անընդհատ կը խօսուի այս մասին, բայց յստակ ծրագիրներու մասին ոչ մէկ խօսք կայ: Ժամանակը ահաւասիկ կ՚անցնի: Բարեփոխումներու մասին խօսք տալով, բայց չգործելով՝ կարելի չէ բարեփոխել բանակը»:
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանը։ Այս առթիւ ատենապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Լիբանանէ ներս ՀԲԸՄ-ի կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուած ծրագրերուն շուրջ։
Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետարան։ Այսպէս, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը, փոխ-ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, նախկին ատենապետներէն Մուրատ Չաքան եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան ընդունուեցան Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի կողմէ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Քու մէջ կայ մեծ յոյս: Կը պակսի ուրախութիւնը: Բաւական դժուար է ապրիլ քեզմէ հեռու, թէկուզ հայրենիքիդ մէկ ուրիշ անկիւնի մէջ: Երբ կը շնչէի քու մաքուր օդը ու կը վայելէի մեծ ու փոքր սարերուդ, լեռներուդ ներկայութիւնը՝ երջանիկ էի, անհոգ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օգոստոս 8-ին, պատմութեան անցաւ, Թոքիոյի մէջ յուլիս 23-ին սկիզբ առնող համաշխարհային ամառնային Ողիմպիական 32-րդ խաղերը: Այսպէս, երկու եւ աւելի շաբաթներու ընթացքին, ամէն օր հետեւելով ճշդուած յայտագրերուն, հիւրըընկալող Ճաբոնի մեծ ու փոքր եւ գեղեցիկ ու արդիականացուած մարզադաշտերու, լողաւազաններու եւ մարզասրահներու եւ մարզադաշտերու մէջ, աշխարհի բազմազան երկիրներու հազարաւոր մարզիկներ, նոյնիսկ քորոնա համաճարակի պատճառով սահմանուած արգելքին, առանց հանդիսատեսի ներկայութեան, իրարու դէմ մրցեցան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր երբ մարդիկ Ամերիկա երթալու «անփոխարինելի» երանութեան մասին կը մտածեն, կը կարդամ մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ՝ 1950 թուականին Ամերիկա մեկնած ուսանող երիտասարդի մը մորմոքած նամակը.
«Եկայ Ամերիկա եւ ահա քանի տարի է ընկած եմ մի խուլ անկիւն, հայերից հեռու:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ քնարերգակ բանաստեղծ, հայ գրականութեան ամենագեղապաշտ բանաստեղծը նկատուող Միսաք Մեծարենցի նամակներուն մէջ առանձնակի տեղ ունին գրողին գրած նամակները՝ Օֆէլիա Ներկարարեան-Գասապեանին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ինծի համար շատ հետաքրքրական է դիտել մարդը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, եւ ուսումնասիրել անոր տարօրինակ յատկութիւններն ու ամփոփել զանոնք՝ կարենալ տրամաբանական եզրակացութեան մը հասնելու համար, անոնց նկատմամբ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ» (Յհ 12.1):
Մեկնութիւն. այս խօսքին մասին չորս բան գիտելի է. առաջին՝ գիտելի է կարգը, թէ Աւետարանիչը նախ Քրիստոսի Աստուածութիւնը ցոյց տուաւ Քրիստոսի գործերէն, որ կատարեց մարդոց մէջ շրջելով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող շաբաթներուն բեմբասացի յատկութիւններ ունենալ կարծող երիտասարդ մը գրութիւններս կ՚որակէր «լալկանութիւն» եւ սիգանքով ու սոնքալով կ՚եզրակացնէ. «Նոյն կերակուրները մի՛ հրամցներ»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդահամար կը կազմակերպուի տասն տարուայ պարբերութեամբ եւ այս օրերուն հրապարակուեցան վերջին մարդահամարի արդիւնքները։ Ըստ այս ամենաթարմ տուեալներուն, 2010-2020 թուականներու ժամանակաշրջանին զանազանութիւնը աստիճանաբար աւելցած է երկրէն ներս, ուր աճած է թիւը անոնց, որոնք ինքզինքնին կը համարեն «բազմացեղ», «լատին» եւ «ասիացի»։
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ աւարտեց դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութիւնը։ Ան երէկ յայտարարեց որ իր երկիրը կը պատրաստուի դեսպանատուն մը բանալ Երեւանի մէջ։
Խնդրայարոյց տրամաբանութիւն. այն ինչ որ ընդունելի է Ատրպէյճանի համար, հանդուրժելի եւ թոյլատրելի չէ Հայաստանի պարագային:
Ըստ Ալիեւի, Պաքու կը ձգտի խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Երեւանի հետ, սակայն վերապահութիւններ ունի Մոսկուայի կողմէ հայկական բանակի զինման կապակցութեամբ: