Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Որակը կը գերազանցէ քանակը:
Ժողովուրդները՝ մարդոց զգալի, ստուար հատուած մը միշտ նոյնն են՝ չեն փոխուիր: Ժամանակը, դարերն ու հազարամեակները կ՚անցնին անոնց քովէն: Անոնք կը մնան անփոփոխ:
Ս.Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ԹՎՄ-ի (ERVAB) երէկուան ժողովի բացման հանդէս եկաւ հետեւեալ ելոյթով։
*
Pandemi tedbirleri koşullarında aşamalı olarak normalleşme sürecine girdiğimiz mevcut dönemde uzun bir aradan sonra ilk kez geniş katılımlı olarak bir ERVAB toplantısı düzenleyebilmiş olmanın mutluluğunu yaşıyoruz.
Համայնքային վարիչները խտացեալ ջանքերով կը ձգտին փոխըմբռնումի մը հասնիլ՝ պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ապագան երաշխաւորելու ուղղութեամբ:
Համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած երկար ընդհատումէ մը վերջ, երէկ երեկոյեան ERVAB ժողով մը գումարեց Ֆէրիգիւղի մէջ: Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը միշտ կը պայքարի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Նունէ եւ Սուրբ Մանէ կոյսերը: Հետաքրքրական են այս երկու տօնելի սուրբերուն պատմութիւնները:
Սուրբ Նունէ եւ Սուրբ Մանէ կոյսերը խումբէն են Սուրբ Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որոնք եօթանասուն հոգիով, Տիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներուն ժամանակ, ձգած են Հռոմն ու եկած Հայաստան:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Յիսուս եկաւ. Ղազարոսին չորս օրէ ի վեր թաղուած գտաւ» (տե՛ս Յհ 11.17):
Մեկնութիւն. եւ քանի որ վերը ըսուեցաւ, թէ գթութեամբ ցոյց կը տրուի, թէ Քրիստոս Աստուած է:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուեցաւ, որ նախարարները կանգ առած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ, նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած՝ տարածքաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ։
Ըստ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, վերջին դատավճիռները առ ոչինչ դարձուցած են նշանակումները:
Առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան երէկուան ժողովին ժամանակ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէր այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածքաշրջանային այս այցելութեան ծիրէն ներս ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը շփումներ կ՚ունենայ Թիֆլիզի, Երեւանի եւ Պաքուի մէջ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Շաբաթավերջին հերթական դէպքը պատահեցաւ, հնչեցին կրակոցներ, բարեբախտաբար տուժողներ չեղան։
Արդէն տարի մը անցած է այն տխուր թուականէն ի վեր, երբ երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առաւ սփիւռքահայ երախտաշատ գործիչ, բազմավաստակ բժիշկ հոգելոյս Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ան բիւր յարգանքով կ՚ոգեկոչուի, անսահման կարօտով կը վերյիշուի այս շրջանին՝ որպէս բարեյիշատակ անձնաւորութիւն եւ հայութեան նուիրեալ զաւակ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հրաւէրին ընդառաջ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Թուրքիա-Ֆրանսա եւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ-Ճէօմերթ Թոքայեւի, նախկին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի, ինչպէս նաեւ երկրի խորհրդարանի ղեկավարութենէն եւ կառավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի յայտնի դէմքերէն Անի Քիւրտեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ արժանացած է պարգեւի մը։ Ան «Բարութեան եւ առաջնորդութեան մրցանակաբաշխութեան» շրջանակին մէջ ստացած է յուշանուէր մը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն մին. ոչ եւս է Եւա Սանթալու։ Երկար ժամանակէ ի վեր ան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ վերջին շրջանին բաւական ծանրացած էր կացութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ 2008 թուականէն ի վեր առաջին անգամ եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական ուխտի օրուան տօնակատարութիւններուն նախագահեց պատրիարք մը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մենք ահասարսուռ պատուհասներու յաղթահարումի ու մեր ազգի յարութեան փորձառութիւնը ունինք»:
Վեհ. Հայրապետը դէպի Արցախ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին Հանրապետական մաղթանքի նախագահեց Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տասնամեակ մը առաջ էր, երբ Երեւան մեկնելու համար, դարձեալ ծննդավայր Հալէպս կ՚այցելէի, իմ բարի բախտէս, կարողացայ բժիշկ Թորոս Թորանեանին հետ յատուկ ժամադրութեամբ մը տեսնուիլ: Կ՚ուզէի անպայման հանդիպիլ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ նախընտրական վիճակ կը տիրէ։ Մէկ կողմէ դաշինքներն ու կուսակցութիւնները կը պատրաստուին 9 յունիսին ընթացք առնելիք քարոզարշաւի փուլին, միւս կողմէ՝ ներքին քաղաքական վերջին «գծագրումներ»ը կը կատարուին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հոգեբանական դատարկութիւնը մարդ յաճախ կը զգայ, երբ դուրս կու գայ «համակերպուած» իրավիճակէ մը։ Այս համակերպութեան համատեսքին մէջ երջանկութեան արցունքներու, յետհոգեցնցումի ճնշուածութեան խանգարման (post-traumatic stress disorder) եւ ցուրտէն տաք վայր մը անցնելէ յետոյ պահ մը մսելու պատճառները նման են։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տօն Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը, յատուկ տօնակատարութիւն մըն է հաւատքով իր հիմքերուն փարած հաւատացելոց մօտ։ Որպէս քրիստոնեայ, մենք կը նշենք համաքրիստոնէական տօներ, որոնց տօնակատարութիւնը վերապահուած են ընդհանուր քրիստոնեայ աշխարհին։