Արխիւ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ մանրամասն ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ յառաջացած մարտահրաւէրները։
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի։ Ամէն օր քիչ մը աւելի մտահոգիչ լուրեր կը հասնին հակամարտութեան գօտիէն։ Երէկ, հայկական կողմը ահազանգ հնչեցուց, որ Ատրպէյճան սկսած է օգտագործել զանազան զէնքեր, որոնք կը պարունակեն ֆոսֆոր։
Վերջերս կալուածի մը վերաբերեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ գոյացած տարակարծութեան կապակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ երկխօսութեան հանդիպում մը։
Կեդրոնականի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան։ Պատմական դպրոցին համար հերթական անգամ նախատեսուած է հանգանակութիւն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Արթօ Արսէնեան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։ Շուրջ շաբաթ մը առաջ իր մօտ ախտաճանաչուած էր ժահրը եւ ան անմիջապէս առնուած էր դարմանման տակ։
Ժամանակին, կար ու չկար, Արեւմուտքի, քիչ մըն ալ մանրամասնելով՝ Ամերիկայի, այսինքն Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը կար։
Այս «երբեմնի ընտրութիւն»ը, կամ այժմու «կար ու չկար»ը չորս տարին մէյ մը տեղի կ՚ունենայ, այդ ալ՝ նոյեմբերի առաջին երեքշաբթի օրը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փաստացի իրողութիւն է, որ ներկայ փուլին մեծագոյն ըսելիքը կը շարունակէ մնալ ռազմաճակատինը։ Մինչ Ատրպէյճան կը փորձէ ռազմական գործողութիւններով տիրանալ Լեռնային Ղարաբաղին ու կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր այդ մօտեցումին, հայկական կողմն ալ ցոյց կու տայ մեծ դիմադրութիւն՝ տակն ու վրայ ընելով բոլոր հաշիւները։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն յիշատակութեան օրն է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին:
Ինչպէս ծանօթ է, 14 հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար եւ 26 հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12311 համար զեկոյցներով, մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր քորոնաժահրի մասին զգուշացումներ։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ (…) ահեղ մարտեր մղող հայ զինուորը ամուր կը զգայ իր թիկունքը: Բազում նահատակներու կեանքին գնով ճակատող, Սարդարապատները վերապրեցնող հայկական բանակը կը տեսնէ, որ ամբողջ ազգը դարձած է ժողովրդային բանակ, տարբեր հնարքներով կաթիլ-կաթիլ աջակցութիւն կը հասցնէ ճակատողին, գործնապէս կ՚ըսէ, որ պիտի յաղթե՛նք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցուի.- Եթէ Աստուած՝ բարեկարգ եւ բարի աշխարհին Արարիչը, Իր բոլոր արարածներուն Նախախնամն է, ապա ուրեմն ի՞նչու համար «չար»ը գոյութիւն ունի։
Նոյնքան ստիպեցուցիչ որքան անխուսափելի, նոյնքան կսկծալի որքան խորհրդաւոր այս հարցումին ո՛չ մէկ աճապարուած պատասխան բաւարար է։
Չինաստանի մէջ գտած են Եւրոասիոյ ամենահին կաշիէ գնդակները։ Այսպէս, գտածոն մօտաւորապէս 3 հազար տարեկան է, ինչ որ կը փաստէ՝ Եւրոասիոյ տարածքին գնդակ խաղալու ամենավաղ վկայութիւնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մսազերծ դէմքը՝ գանկը կը սաւառնի անապատին մէջ:
Անապատ՝ չբերութիւն. ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ պատերազմին հետեւանքը կամ ընթացքը. ուրիշ ինչի՞ կրնայ նմանիլ դալարութիւնները ոտնակոխող, ամէն բերք ու բարիք ոտնահարող երեւոյթը:
Թայուանի Լանիուի կղզիի բնակիչը կէտձուկի փսխունք գտած է եւ դարձած՝ միլիոնատէր։
Լանիուի կղզիի Լի անունով բնակիչը լողափին գտած է կէտձուկի կարծրացած փսխունք, ինչ որ գնահատած են 210 հազար ամերիկեան տոլար:
Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ երէկ առաւօտ պատահեցաւ ահաբեկչական սարսափելի դէպք մը։ Այսպէս, անծանօթ մը դաշիւնով յարձակում գործեց քաղաքի կեդրոնի՝ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ գտնուողներուն վրայ։
Թուրքիա այս առաւօտ խոր ցաւ ապրեցաւ՝ նախկին վարչապետներէն Մեսուտ Եըլմազի մահուան բերումով։ Ան 73 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։
Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի՝ յատուկ բանագնացի կարգավիճակով կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի այն մայրաքաղաքները, որոնք ուղղակիօրէն շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմով։ Արաքչի, որ նախ այցելեց Պաքու, աւելի վերջ անցաւ Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքոյի կողմէ։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հրապարակեց տեսաուղերձ մը, որով կոչ ուղղեց միանալ Շուշիի պաշտպանութեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը արդէն Շուշիէն 5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին եւ լրջագոյն ռազմական միջոցներ ներդրած են բերդաքաղաքը գրաւելու համար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ երէկ Ժընեւի մէջ նախատեսուած հանդիպումը վերջին պահուն ջնջուեցաւ։