Արխիւ

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պատերազմ։ Շատեր կը խօսին ատոր մասին։ Կեանքեր «փոխող», վէրքը վէրքին վրայ բարդող եւ արիւններու մէջէն ու արիւններու միջով նոր քարտէսներ գծող այս երեւոյթը, միայն կրօնական տարակարծութիւններու, ատելութեան, ոխի ու քէնի հիմքով եղած դրոյթ մը չէ, այլ աւելին։

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019

Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնի աւարտը:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ փակման հանդիսաւոր արարողութեան ցուցադրուեցաւ «Ֆորմա» թատերախումբի «Վայ-վայ» ներկայացումը:

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կ՚արժանանանք տօնելու Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը։ Շատ անգամներ ուշադրութենէն կը վրիպի եւ կամ աննկատ կը մնայ, թէ այս տօնակատարութեամբ Սուրբ Կոյսի նկատմամբ ընծայուած առանձնաշնորհում մը կը յայտնաբերուի Հայ Եկեղեցւոյ տօնացուցային կարգադրութեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայրութիւնը բարձրագոյն դիրքն է մարդկային բնութեան, գագաթնակէտը՝ ամենաբարձր աստիճանը մարդկութեան, լրումը եւ կատարումը արարչութեամբ եւ ստեղծագործութեան ծրագրով՝ մարդուն կոչումին։ Մայրութիւնը ապացոյցն է մարդուն աստուածանմանութեան, Աստուծոյ ծրագրին գործակցութեան եւ ստացած կարեւոր պարտականութեան, իրաւասութեան եւ պատասխանատուութեան, «Ծրագիր»ին իրականացման նկատմամբ ստանձնած կենսական դերին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Առ հասարակ ընտանիքը, ընդհանուր դաստիարակութիւնը, մարդս արտաքնապէս շրջապատող հանգամանքները, հասարակական շրջանը, մանաւանդ բարոյական եւ մտաւոր զարգացումը, ընդհանրապէս աւանդութիւններ, սովորութիւններ, մեզ կը տպաւորեն եւ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն մեր ընդհանուր խորհելակերպին, գործունէութեան եւ ընթացքին վրայ։ Աւանդաբար փոխանցուած սկզբունքներ, հաւատալիքներ, ըմբռնումներ ընթացք կու տան կեանքին։ Եւ այս բոլորը մեծ ազդեցութիւն ունին նաեւ մարդուս մտքի եւ կամքի ազատութեան վրայ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի սրտին վրայ, մեթրոյի «Հանրապետութեան» կայարանի ճիշդ կողքը՝ կայ «թաղամաս» մը, ուր խանութներ ունին տասնեակ հալէպահայեր։ Երեւանի քաղաքապետարանի տնօրինութեան եւ ընծայած դիւրութիւններուն շնորհիւ հալէպահայ մեր հայրենակիցները հիմնած են իրենց «օճախներ»ը, ուր կը վաճառեն տնային ապրանքատեսակներ, հագուստեղէն, մինչեւ իսկ արեւելեան, բայց մանաւանդ հալէպեան ուտելիքներ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Մաշտոց» պողոտայէն հայրենադարձ կին մը փոքր հանրակառք մը կը բարձրանայ: Սովորաբար, երբ յաճախորդ մը հանրակառք բարձրանայ, նորեկին ուղղուած կ՚ըլլայ բոլորին ուշադրութիւնը. այս պարագային, մենք համակերպած ենք այն հայեացքներուն, որոնք կը խօսին ու կը յայտնեն, թէ մէկ նայուածքով հայրենադարձ կամ օտար ըլլալդ ակնկալած են. որսորդի հմտութեա՞մբ ըսեմ, նախազգացո՞ւմ ըսեմ...:

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Փոքրիկ» հայերէն հէքեաթներու կայքէջի աշխատակազմը հիւրընկալուեցաւ Կազդուրման կայանի համալիրէն ներս։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Լոս Անճելըս։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ սեպտեմբերի 22-ին, Լոս Անճելըսի ժամով 16.00-ին, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ տեղւոյն «Կրենտ Փարք»ին մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ առաւօտ տեղեկացուցին, որ նորոգ հանգուցեալ պատմաբան Վահագն Տատրեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի մէջ։ Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Փրոֆ. Վահագն Տատրեան կը վայելէր միջազգային հեղինակութիւն եւ անկոտրուն պայքար մը մղած էր արդարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան նշանակուեցաւ հայազգի դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Անգլիոյ կառավարութիւնը տեղեկացուց, որ Երեւանի մօտ նոր դեսպան նշանակուած է Ալան Անդրանիկի Կէօքպաշեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովոա վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկուեցաւ երրորդ երկիրներուն զէնքի վաճառքի կանոնակարգման հարցը:
Փաթրուշեւի Հայաստան այցելութեան ժամանակ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան շուրջ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եփրատի արեւելքը ի գին ամէն ինչի պիտի մաքրագործուի ահաբեկիչներէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ինչպէս որ Աֆրինը մաքրուեցաւ, ինչպէս որ Ճերապլուսը մաքրուեցաւ ԻՇԻՊ-ականներէ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ Եփրատի արեւելքը պիտի մաքրագործենք ԵՓԿ-էն եւ ՓՔՔ-էն»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Գործարար Վարդան Սրմաքէշի մեծ ներդրումով Շիրակի մարզէն ներս արդիւնաբերութեան նոր կառոյց մը:
Մարալիկի բամպակի մշակման գործարանը սկսած է վերագործարկուիլ՝ փայլուն ապագայ խոստանալով Կիւմրիի համար: Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Հումքը կը ներածուի Թիւրքմենիստանէն, իսկ արտադրութիւնը կ՚արտածուի դէպի Ռուսաստան՝ ներքին սպառման առընթեր:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան հրապուրիչ, ո՜րքան մոգական բառ մըն է «սկզբունք»ը։ Կեանքին ուղղութիւն տուող, կեանքին ընթացքը որոշող հրաշալի՜ ուժ մըն է սկզբունքը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քաղաքական ընդհանուր վիճակ…
Երեք ամիսներէ ի վեր Սուրիոյ զարգացումներուն հետեւող վերլուծաբաններու համար բաւական «առեղծուածային» հարց մը կը ծագէր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Պատրաստեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նախորդ երկու գրութիւններով ներկայացուցինք տարբեր մարդոց, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եւ Ընդհանրական Սուրբ եկեղեցիներու Սրբազան Հայրերուն մտածումները Աստուածաշունչ Մատեանին մասին: Այս գրութեամբ պիտի ներկայացնենք Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերջին շուրջ հարիւրյիսուն տարիներու գործող հոգեւորականներուն մտածումները Աստուածաշունչին մասին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ամէն չորեքշաբթի, երէկուան Ս. Պատարագին եւս մասնակցեցան զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, որոնց ներկայութեամբ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սեւան Արապօղլուի գլխաւորութեամբ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ պայրամի արձակուրդի օրերուն տեղի ունեցաւ «Զուարճալի գիտական աշխատանոց» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

Էջեր