Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Շիշլի մարզակումբի 2018-2019 շրջանի ձմրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եդքին Պէրպէրօղլու» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ակումբի վարչայինները, մարզիչներ եւ դասընթացքներու մասնակից աշակերտներն ու իրենց ծնողները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Պոլսահայ տասն սանուց միութիւններու մասնակցութեամբ վերջերս տեղի ունեցաւ միջմիութենական ճատրակի մրցաշարք մը։ Սա տասներորդն էր իր նմաններու շարքին, թէեւ որոշ ժամանակէ մը ի վեր միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքերը չէին կազմակերպուեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Վարժարանի համալիրէն ներս համախմբուեցան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ, որոնք ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցան պալէի դասընթացքներ։ Պարուսոյց Կարին Կիւրտէն Մարտիկեանի հսկողութեան ներքեւ յառաջ տարուեցան աշխատանքները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ հայ գիրերու գիւտին ձօնուած մշակութային ձեռնարկ մը։ Դպրոցի հանդիսասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, տիրամայր Մարի Մութաֆեան, կրթական մշակներ, դպրոցի աշակերտութեան ծնողներ եւ հիւրեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Սահակեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թատերախումբի այս տարուան ներկայացումներու շարքի կալան։ Հանդիսաւոր երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերները, թաղի հովանաւորները, Սամաթիոյ  ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ թատերասէր հիւրեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

​Կար ու չկար
Պճիկ-մճիկ,
Խիտ մազերով
Սեւաչք-կորքիթ,
Փոքրիկ մանչուկ մը կար։ Անունը՝ Վարդանիկ, տարիքն ալ՝ հինգ-վեց տարեկան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանահայ նկարիչ Գրիգոր Կարապետ կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Յարգելի Գրիգոր, գիտեմ, որ երկար ժամանակէ ի վեր նուիրուած էք նկարչութեան ասպարէզին: Ի՞նչն էր, որ ձեզ մղեց դառնալ նկարիչ:
-Փոքր տարիքէս միշտ գծած եմ, երգած եմ եւ թատերական ներկայացումներու մասնակցած եմ

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Անցեալ սիւնակով Համշէն առաջին մուտքիս մասին պատմած էի։
Կարինէն բարձրացած էինք դէպի հիւսիս, լեռնանցքներու ընդմէջէն հասած պատմական Համշէն, այսինքն Համամաշէն, հոն ուր Համամ Ամատունի իշխանը հասած էր իր հօր՝ Շապուհի, եւ տասներկու հազար Այրարատեան նահանգի բնակիչներու հետ 789-790 թուականներուն, արտագաղթելով Արաբական իշխանութեան տակ ինկած Հայաստանէն։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հաւատալը բանականութեան արարքն է, որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Ուստի, հաւատալու մէջ, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի այս տարուան 130 շրջանաւարտները ստացած իրենց վկայականները:
Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան ունեցաւ ելոյթ մը - Ներկայ էին Լիբանանի պետական աւագանիէն զանազան դէմքեր:

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019

Հայաստանի մէջ եւ ամբողջ հայաշխարհէ ներս երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Հանրապետութեան տօնը:
Սարտարապատի յուշահամալիրին մէջ համախմբուեցան պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը:

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ճարպիկութիւն»ը հնարագէտ, վարժ, ճկուն ըլլալու յատկութիւն մըն է, որ արժէք կը ներկայացնէ երբ կը միանայ ամուր նկարագրի մը հետ, եթէ ոչ՝ առանց նկարագրի ճարպիկ մարդը կը դառնայ ստահակի մը՝ ըմբոստ ինքնահաւանի մը։ Ուստի ճարպիկութեան յատկութիւնը արժէք կը ստանայ, երբ ան մարդկութեան ի նպաստ, բարի գործերու համար գործածուի եւ ծառայէ մարդոց իրենց կարօտութիւններուն, թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն բարելաւման, մարդոց օգտին համար։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս տարօրինակ պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի Ալաչուա գաւառէն (county), որ ունի մօտաւորապէս քառորդ միլիոն բնակչութիւն եւ ուր կը գտնուի Ֆլորիտայի համալսարանը։
Այդ գաւառի բնակիչներէն 75 ամեայ Մարվըն Յաչոզ ունէր ագարակ մը, ուր կը պահէր հարիւրէ աւելի տարաշխարհիկ թռչուններ եւ այլ չնաշխարհիկ կենդանիներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քիչ չէր անոնց թիւը, որոնք զոհ գացին Սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմին։ Խօսքը Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Հոմսի, Համայի, Տէր Զօրի եւ նոյնիսկ Ռաքքայի մէջ զոհուած հայ զինուորներուն մասին է, որոնք, ինչպէս ընդունուած է շատ մը երկիրներու պարագային, կը ծառայէին իրենց ապրած երկրի ազգային բանակին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք.- «Եւ լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէր» (Յհ 1.5):
Մեկնութիւն.- Կրկնակի է իմաստը. նախ աշխարհի մասին կ՚ըսէ, թէ մարդիկ խաւար կը դառնան մեղքերով եւ անգիտութեամբ հեռանալով սուրբ վարքէն, եւ Բանն Աստուածը մարմինին ճրագը վառեց եւ մեզ աստուածգիտութեամբ ու մաքուր վարքով լուսաւորեց, որովհետեւ եթէ տգիտութիւնն ու մեղքը խաւար են, գիտութիւնն ու աստուածային վարքը լոյս կ՚ըլլան:

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Շարլ Ազնաւուրի մահէն ետք, իր առաջին ծննդեան օրը նշուեցաւ առանձնակի յուզումով. առաջին անգամ երգիչը ֆիզիքապէս ներկայ չէր իր տարեդարձի արարողութիւններուն՝ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ: Այս մայիսին ան դարձաւ 95 տարեկան:

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութենէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով ընտրուեցաւ միութեան նոր վարչութիւնը։ Մինչեւ 2021 թուականը միութեան ղեկը պիտի ստանձնէ այս նորընտիր վարչութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Սեւան Աթաօղլու, Ալին Շէնճան, Արի Մեշալէճիօղլու, Քրիստին Տելլալօղլու, Արէտ Տէյիրմենճի, Թանիա Հանչէրօղլու եւ Ալէն Պիւյիւքգույումճեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներէն մին։ Սա երգի եւ պարի հանդիսութիւն մըն էր, որով եզրափակուեցաւ յոբելենական ծրագիրը։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Այս առթիւ նախարարը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։ Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առթիւ շրջայց մը կատարեց հիւանդանոցի համալիրէն ներս՝ մասնաւորապէս ծանօթանալով ծերանոցի բաժնին։

Էջեր