Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը պիտի տայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը։ Հայր սուրբը, որ քանի մը ամիսէ ի վեր Նիւ Եորքի շրջանին մէջ էր, այս շաբաթավերջին կ՚ուղեւորուի դէպի Լոս Անճելըս։ Այս առթիւ ան կը հիւրընկալուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Կը նախատեսուի, որ այս կիրակի ան պատարագէ Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի Նիւ Եորքի շրջանէն ներս կեցութիւնը իր կազմաւորման տեսակէտէ շատ դրական փորձառութեան մը վերածուած է։ Միեւնոյն ժամանակ, իր կեցութիւնը, թեմի հաւատացեալներուն հետ շփումները առիթ դարձած է նաեւ հոգեւոր եռուզեռի մը։ Արդարեւ, իր ներկայութիւնը մեծ խթան ու մխիթարանք դարձած է մասնաւորապէս նախկին պոլսահայ շրջանակներուն համար, որոնք իր հետ շփման ընդմէջէն թէ՛ կը ջանան յագեցնել իրենց կարօտը, թէ՛ զգացական կապը կը թարմացնեն իրենց ծննդավայրին հետ եւ թէ՛ առիթ կ՚ունենան թարմ տեղեկութիւններ քաղելու թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւններու մասին։

Նիւ Եորքի այս մթնոլորտը ամենայն հաւանականութեամբ ներկայ շաբաթավերջին գտնէ իր տրամաբանական շարունակութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այսպէսով իր պատրաստութեան շրջանին յաւելեալ երանգ մը կ՚ապահովէ իր փորձառութեան համար՝ շնչելով Հիւսիսային Ամերիկայի երկու ափերուն ալ մթնոլորտը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022