ԱՀԱԶԱՆԳԻ ՎՐԱՅ ԱՀԱԶԱՆԳ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը շաբաթավերջին հերթական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիրախաւորման դէպքերուն կապակցութեամբ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը շաբաթավերջին հերթական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիրախաւորման դէպքերուն կապակցութեամբ:
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմին տեսակէտէ երէկուան օրը յատկանշական ու պատմական էր. նոր թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս, երէկ, տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երեկոյթը անցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Մայր Տաճարի աղօթքէն վերջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու հոգեւորականաց դասը այցելեց «Եռաբլուր» պանթէոն:
Հայ Երուսաղէմէ ներս մշտական արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ հետեւողական քայլեր:
Ս. Թէոդորոս ձեռագրատան նոր յարկը յաւելեալ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ մատեաններու երաշխաւորման տեսակէտէ:
ԳՀԽ մերժելի կը նկատէ պետական եւ իրաւապահ մարմիններու ներգրաւմամբ ապօրինի գործողութիւններն ու եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտութիւնները:
Աւստրիոյ մէջ յաջորդ ամիս նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովին ընդառաջ կարգադիր յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ՝ կազմակերպչական աշխատանքները համակարգելու համար:
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հայ ժողովուրդի քրիստոնէական վկայութեան մշտական յատկանիշը նկատեց նահատակութիւնը:
Քահանայապետը կոչ ուղղեց, որպէսզի Աւետարանը շարունակէ տալ միասնութեան պտուղը: Ան Հռոմի Ս. Պօղոս եկեղեցիէն ողջոյնները յղեց Վեհ. Հայրապետին:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարգալոյծ հռչակեց Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի երէկուան ժողովին առնուած որոշման հիման վրայ՝ Հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ եղած է Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։
Ս. Պօղոս առաքեալի դարձի տօնին առթիւ, շաբաթավերջին, Թարսուսի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ շեշտը դրաւ միասնութեան ծառը խնամելու գաղափարին վրայ:
Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ փուլը՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երդիքին տակ: