ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Թրէյսին։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց դեսպանին նշանակումը՝ արդիւնաւոր առաքելութիւն մաղթելով Հայաստանի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներկայ համագործակցութիւնն ու բարեկամութիւնը։ Այս բոլորին իր նպաստը կը բերէ նաեւ ամերիկահայ համայնքը։

Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր պետերուն կողմէ ձեռնարկուած խաղաղարար ջանքերուն։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ինչպէս անցեալին, այնպէս եւ այսօր Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ ազգապահպան առաքելութեան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019