ԿԵՆՍԱՆՈՐՈԳ ՇՆՈՐՀՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Այս առթիւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը վերականգնեց իր հոգեւոր միասնութիւնը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ ալ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ։ Հայրապետական մեծահանդէս Ս. Պատարագին ընթացքին Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Եկեղեցական հայեցակարգային գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։ Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր տաղաւարի պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը համայն հայութեան ուղղեալ իր տօնական պատգամին մէջ անդրադարձաւ հայ իրականութեան հրատապ հարցերուն եւ բոլորին յորդորեց վերանորոգ պահել յոյսն ու վճռակամութիւնը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Սուրբ Զատկի պատգամը։

*

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։

«Երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք երկրի վրայ հաւատ կը գտնէ՞» (Ղուկ. 18.8)։

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս,

Այսօր համախմբուած մեր եկեղեցիներու յարկերուն ներքեւ՝ կը փառաբանենք յարուցեալ Փրկիչը՝ աւետելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Կ՚օրհնաբանենք հրաշափառ յարութիւնը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ ու յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզ ազատէ մեղքի ու մահուան իշխանութենէն, որ աստուածային անսահման սիրով, իր փրկագործութեամբ մարդկութեան համար բացաւ յաւիտենութեան ու երկինքի արքայութեան ճանապարհը։ Քրիստոս ցրեց անյուսութեան խաւարը, յարութեան շնորհը պարգեւեց մարդոց, նաեւ զօրացուց՝ երկրային այս իրականութեան մէջ յառնելու տառապանքներէն, չարի ներգործութեամբ աշխարհը ալեկոծող աղէտներէն եւ աւերուածութիւններէն։

Քրիստոսի խաչելութենէն մինչեւ օրս փարիսեցիական խարդաւանքները, յուդայական մատնութիւնները, պիղատոսեան դատավարութիւնները արհաւիրքներ կը սփռեն աշխարհի մէջ, կ՚աղճատեն արարչաստեղծ մարդու կերպարն ու էութիւնը։ Այսպիսի իրողութիւններու յանդիման, արդարեւ, նոր ուժգնութեամբ կը հնչէ Քրիստոսի խօսքը. «Երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք երկրի վրայ հաւատ կը գտնէ՞»։

21-րդ դարը, սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, լուսաւորեալ նոր դարաշրջան պիտի ըլլար գիտական ձեռքբերումներով, արհեստագիտութեան մեծ նուաճումներով, մարդու կեանքի, մարդու իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան միջազգային չափանիշներով ու օրէնքներով։ Բայց որքան անմեղ մարդիկ, որքան ժողովուրդներ պատերազմներու գողգոթաներուն մէջ նեղութիւններու ու վիշտերու կ՚ենթարկուին, տառապանքներու խաչին կը գամուին՝ անարդարութեան, գերիշխանութեան մոլուցքի, խտրականութեան պատճառով, կը պայքարին գոյաբանական սպառնալիքներու դէմ։ Մենք եւս անցանք 44-օրեայ պատերազմի, Հայաստանի սահմաններու վրայ յարձակումներու աղէտալի իրողութիւններու միջով։ Մեր հայրենիքը ներքին եւ արտաքին մտահոգիչ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ կը դիմակայէ անվտանգ ու խաղաղ կեանքի ապահովման ամէնօրեայ փորձութիւններու։ Հարազատ Արցախը տեւական ժամանակ շրջափակուած է եւ կը դիմագրաւէ անասելի դժուարութիւններ ու զրկանքներ։ Այս անհանգստացնող, վտանգալի երեւոյթներու յանդիման, մեր սրտերուն մէջ կրելով չամոքող վիշտը մեր նահատակ, գերեվարուած, անյայտ կորսուած ու վիրաւոր զաւակներու, ականատես ենք նաեւ ցաւալի այլ իրավիճակի, թէ ինչպէս թշնամանքի, ատելութեան դրսեւորումները բաժանարար պատնէշներ կը դնեն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, կը խարխլեն ազգային միաբանութիւնը։ Ականատես ենք, թէ ինչպէս կ՚անտեսուին դարերով նուիրագործուած աւանդութիւնները, մեր ինքնութեան հիմնասիւնը հանդիսացող արժեհամակարգը, կը խաթարուին մեր ժողովուրդի ազգային-հոգեւոր անվտանգութիւնը, որ մեծապէս կարեւոր է մեր դէմ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար։ Մեր կեանքին մէջ տեղ գտած նմանօրինակ ընթացքները, յատկապէս յետպատերազմեան շրջանին, աւելի կը ծանրացնեն կրած վիշտի ու կորուստներու ցաւը։ Եւ այսպիսի իրադրութեան մէջ ամէնքիս համար առաւել ուժգնութեամբ կը հնչէ Քրիստոսի հարցադրումն ու յանդիմանութիւնը. «Երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք երկրի վրայ հաւատ կը գտնէ՞» (Ղուկ. 18.8), «Ո՞ւր է ձեր հաւատը» (Ղուկ. 8.25)։

Յիրաւի, երբ պետական եւ հասարակական կեանքի մէջ արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը կը դադրին ըլլալ առանցքը ձեռնարկումներու ու իրագործումներու, պիտի շարունակենք առերեսուիլ պիղատոսականութեան դրսեւորումներու։ Փարիսեցիական խարդաւանքները պիտի շարունակեն, քանի դեռ քինախնդրութեան եւ յիշաչարութեան մղումով կը սփռուին զրպարտանք ու անիրաւութիւն։ Յուդայական մատնութիւնները պիտի շարունակուին, քանի դեռ չեն դադրիր ուրանալ Աստուած ու սրբութիւնները, արժեզրկել հայրենիքի նուիրական գաղափարը։ Մինչդեռ պետութիւն, հասարակութիւն եւ ընտանիք ամուր ու զօրեղ են, երբ կը խարսխուին աստուածադիր պատգամներու, անանց արժէքներու վրայ, որոնք բարօրութեան ուղենիշ են եւ կ՚առաջնորդուին երկնային զօրակցութեամբ արդիւնաւորելու ջանքերը՝ ի խնդիր ժողովուրդի ապահովութեան, յառաջընթացի ու բարգաւաճման։

Սիրելիներ, յարութեան հաւատքը յաղթանակ է փորձութիւններու դէմ, անոր բնորոշ չէ վախի, յուսահատութեան, անկումի ոգին, աղէտաբեր դատապարտելի հաշտուողականութիւնը։ Որքան ծանր ու անելանելի թուի ներկայ իրավիճակը, այնքան աւելի զօրաւոր ու հաստատուն պէտք է ըլլայ մեր հաւատը։ Հաւատքը պիտի արտայայտուի իւրաքանչիւր քայլի ու արարքի մէջ՝ անձնական, հաւաքական ու համազգային անդաստանի մէջ։ Հաւատքով ու միաբանութեամբ յաղթահարած ենք մեր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ արհաւիրքներ, վերակերտած ենք մեր անկախ պետականութիւնը եւ ստեղծագործ կեանք վերընձիւղած ենք հայրենի հողի վրայ։ Այսօր ալ Աստուծոյ հանդէպ, մեր ուժերուն հանդէպ հաւատքն է, որ պիտի զօրացնէ մեզ՝ դուրս գալու ճգնաժամային իրավիճակներէ, կառուցելու լուսաւոր ապագայ։

Արդ, ազգովի վերանորոգենք մեր հաւատը մեր Փրկչի հրաշափառ Յարութեան տօնախմբութեամբ եւ մեր կեանքով, մեր ամէն խօսքով ու գործով վկայենք մեր հաւատարմութիւնը Քրիստոսին, վկայենք մեր նախանձախնդրութիւնը հանդէպ մեր տէրունաւանդ հաւատքը եւ կերտենք յարուցեալ նոր իրականութիւն Քրիստոսի հետ։

Այս մաղթանքով եւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով եղբայրական մեր ողջոյնը կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանին։ Ամենայն բարեաց մաղթանքով Սուրբ Յարութեան հոգեպարար աւետիսը կը բերենք քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն՝ հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ զօրակցութիւնը քրիստոսապատուէր առաքելութեան արդիւնաւորման գործին մէջ։ Հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ողջ հոգեւոր դասուն եւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս։

Սուրբ Յարութեան այս լուսաշող օրը մեր աղօթքը կը վերառաքենք առ Բարձրեալն Աստուած եւ կը խնդրենք, որ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան կենսանորոգ շնորհներով փոխակերպուի ու բարեզարդուի աշխարհը եւ մարդկութիւնը երկնային զօրակցութեամբ յառնի տառապանքներէ ու նեղութիւններէ, հաստատէ բարիք ու խաղաղութիւն։ Յարութեան զօրացնող ուժը կը հայցենք Փրկչէն յատկապէս Արցախի մեր զաւակներուն համար, որպէսզի խիզախ ու անկոտրում ըլլան ոգիով եւ արցախցիին բնորոշ ամուր եւ անյողդողդ կամքով յաղթահարեն իրենց առջեւ ծառացած բոլոր փորձութիւնները։ Թող յարուցեալ Փրկիչը իր շնորհներն ու ողորմութիւնը տարածեալ պահէ հայրենի մեր երկրի՝ Հայաստանի ու Արցախի վրայ եւ իր Սուրբ Աջի հովանիին ներքեւ ապահովութեան ու բարօրութեան մէջ պահպանէ համայն մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023