ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց Սպիտակ Ռուսիոյ պատրիարքական էկզարխ, Մինսքի եւ Զասլաւի մետրապոլիտ Փաւելը։ Այս վերջինը այցելութեան առթիւ ընդունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Հիւր մետրապոլիտը իր կեցութեան օրերուն ծանօթացաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքին, կրթական եւ ընկերային ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ այցելեց զանազան վանքեր ու պատմական վայրեր։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց մետրապոլիտ Փաւելի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան առթիւ։ Ան ընդգծեց, որ այցելութիւնը ուղղուած է ոչ միայն անձնական, բարեկամական ու ջերմ կապերու վերահաստատման, այլեւ միտուած է նպաստելու եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան առաւել զօրացման։

Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետը եւ մետրապոլիտը համալսարանական ուսանողութեան տարիներուն եղած են դասընկերներ՝ Մոսկուայի Հոգեւոր ակադեմիայէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2019