ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԲԱՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երէկ, Երուսաղէմի Հին քաղաքի Դաւթի աշտարակին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներն ու Երուսաղէմի ոստիկանապետը։ Այսպէս, բացի Երուսաղէմի ոստիկանապետ Տորոն Տուրճումանէն, հանդիպման ներկայ գտնուեցան Հին քաղաքի ոստիկանապետ Աւի Քոհեն եւ Հին քաղաքի ոստիկանատան Քրիստոնեաներու բաժանմունքի պատասխանատու սպայ Ալա հ՚Արպի։ Յանուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան այս խորհրդակցութեան ներկայ գտնուեցան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեան։

Հանդիպման ընթացքին հոգեւոր առաջնորդները ոստիկանապետի նկատառման յանձնեցին այն բոլոր խնդիրները, որոնք կը յուզեն իրենց համայնքները։ Այս ամբողջին մէջ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ քրիստոնեաներու դէմ հրեայ ծայրայեղականներու անարգական արարքներն ու յարձակումները, ոտնձգութիւնները՝ ներառեալ թքնելու դէպքերը։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ ամէն տարի Աւագ շաբթուան Լոյսի օրուան արարողութեան խաղաղ ընթացքի երաշխաւորման ուղղեալ հաւանական քայլերը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2023