ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԷՆ ՀԵՐՔՈՒՄ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղ գտաւ հաղորդագրութիւն մը, որով անդրադարձ կատարուեցաւ՝ կալուածական գայթակղութիւններու վերաբերեալ վերջին պնդումներուն։ Այդ հաղորդագրութեան բովանդակութեան մէջ պաշտօնապէս պատասխան կը տրուի՝ վերջերս www.keghart.org կայքէջին կողմէ օրակարգի վրայ բերուած աղմկայարոյց շշուկներուն, ըստ որոնց Հին քաղաքի Հայկական թաղամասի հարաւ-արեւմուտքի «Կովերու պարտէզ» տարածքը աւստրալացի միլիոնատիրոջ մը վարձակալութեան պիտի տրուի, պայմանագիր մը կնքուած է՝ այնտեղ պանդոկի մը կառուցման համար եւ 99 տարուայ ժամկէտով այդ փաստաթուղթը հարցականի տակ կը դնէ Սուրբ Աթոռի սեփականութեան իրաւունքը։

Անգլերէնով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Պատրիարքարանի կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան մի առ մի անդրադարձած է վերոյիշեալ կայքէջին վրայ օրակարգի վրայ բերուած պնդումներուն։ Առաջին հերթին հայր սուրբը շեշտած է, որ «Կովերու պարտէզ»ի պարագային գաղտնի գործընթաց մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Ան հերքած է այն պնդումները, թէ Պատրիարքարանի սեփականութեան իրաւունքը կը վնասուի եւ անհիմն խօսակցութիւններ որակած է համապատասխան շշուկները։

Ըստ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի բացատրութիւններուն, խնդրոյ առարկայ «Կովերու պարտէզ» կոչուած տարածքի մեծամասնութիւնը շուրջ 50 տարիէ ի վեր վերածուած է աղբանոցի։ Մնացեալ փոքր հատուածը Հայկական թաղամասի բնակիչներու կողմէ կ՚օգտագործուի՝ որպէս աժան գիներով կայանատեղի՝ ինքնաշարժներու համար։ Մէկ կողմէ տարածքը նոյնիսկ չէ ցանկապատուած, իսկ միւս կողմէ այդ կայանատեղին ապօրինի է, չունի պաշտօնական թոյլտուութիւն ու բոլոր կանոններու ու չափանիշներու ներհակ վիճակ մը կը պարզէ։ Կալուածոց տեսուչ հայր սուրբը բացատրած է, որ Երուսաղէմի քաղաքապետութեան եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է այս տարածքի պարագային։ Այսպէս, քաղաքապետարանը ընդունած է Պատրիարքարանին միջոցներ տրամադրել՝ «Կովերու պարտէզ»ի տարրական բարեկարգման ծախսերը դիմագրաւելու նպատակով։ Այսպէս, 6.5 միլիոն շեքել նախատեսուած է, որպէսզի տարածքէն ներս կուտակուած աղբերը փոխադրուին, տարածքը ցանկապատուի եւ այնտեղ այժմու 90-ին փոխարէն՝ 180 ինքնաշարժներու տարողութիւնով կայանատեղի մը ստեղծուի։ Նոյն գումարով տակաւին բաժին նախատեսուած է պեղումներու համար, որովհետեւ, խօսքը կը վերաբերի տարածքի մը, որ վաղեմի պատմութիւն ունի։ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան շեշտած է, որ Պատրիարքարանը այս հողամասի տիրապետման ու վերահսկողութեան լիակատար իրաւունքը կը պահէ բոլոր ժամանակներուն։ Սա երաշխաւորուած է, նաեւ յաչս քաղաքապետարանին, Պատրիարքարանը այս կտրուածքով տրազերծ դարձած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ըստ տեսուչ հայր սուրբին, այդ համաձայնութիւնով նախատեսուած են այլ հանգամանքներ։ Պատրիարքարանին իրաւունք վերապահուած է համաձայնութիւնը ջնջելու եւ այդ պարագային քաղաքապետարանը յանձն առած է թոյլտուութիւն տալ՝ ապահովելու համար այնտեղ պանդոկի մը կառուցումը։

Հաղորդագրութենէն կարելի է հետեւցնել, որ այս հիման վրայ յառաջ կը տարուի պանդոկի վերաբերեալ գործարքը։ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան դիտել տուած է, որ պանդոկի կառուցման վերաբերեալ համաձայնագիրը կնքուած է Արաբական Միացեան Էմիրութիւններէ ընկերութեան մը հետ։ Իր խօսքով՝ նախատեսուած վարձավճարը անբաղդատելիօրէն բարձր պիտի ըլլայ այսօրուան գիներէն։ Պատրիարքարանը պիտի կարողանայ հարիւր հազարաւոր ամերիկեան տոլարի մակարդակով եկամուտներու տիրանալ։ Գործարքի նախաձեռնողը ստանձնած է տարածքը, կալուածը պաշտօնապէս Հայոց Պատրիարքութեան անունով արձանագրելու պարտաւորութիւնը։ Իր խօսքով՝ այս նիւթին շուրջ օրակարգի վրայ բերուած այլ պնդումները Պատրիարքարանին վնաս հասցնելու նպատակը կը հետապնդեն։

Տեսուչ հայր սուրբը դիտել տուած է, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնն ու Սուրբ Աթոռի տնօրէն ժողովը օրհնութիւն եւ հաւանութիւն տուած են այս նախագծին համար։

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ջանք չեն խնայեր, որպէսզի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան համար կայուն ու մշտական եկամուտի աղբիւրներ ապահովուին։ Իսկ «Կովերու պարտէզ»ի պարագային անոնք երկար ժամանակ ծայրայեղ զգուշութիւն ցուցաբերած են՝ խուսափելու համար Սուրբ Աթոռի սեփականութեան իրաւունքը վտանգելիք ամէն տեսակ հաւանականութենէ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2021