ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց ««Արարատ»ի բնագիրները» երկհատորեակի առաջին հատորը։ «Արարատ»ի ժառանգութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած 10-րդ հրատարակութիւնն է այս մէկը։ Գործը հրատարակութեան պատրաստուած է Սուսաննա Պետրոսեանի կողմէ։ Գիրքի դասակարգումն ու խմբագրումը կատարած է պատմաբան Գէորգ Տէր-Վարդանեան։

Երկհատոր այս գիրքը կ՚ամփոփէ եւ կը ցուցադրէ «Արարատ» հանդէսի հրատարակման ամբողջ ընթացքի՝ 1868-1919 թուականներու 52 տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնաթերթի, միաբանութեան եւ առանձին անդամներու բնագրական հետաքրքրութիւններու եւ իրագործումներու ընդհանուր, ամբողջական պատկերը։ Առաջին հատորին մէջ հրատարակուած են պատմագրական, վաւերագրական, հայ մատենագրութեան եւ միջնադարեան հայ գրականութեան զանազան ասպարէզներու վերաբերեալ շատ արժէքաւոր թիւով 79 բնագրեր։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2017